
Հայաստանի Ազգային ողիմպիականին կոմիտէի պաշտօնական կայքը յայտնեց, որ Հայաստանի ճատրակի տղոց ազգային հաւաքականի երեք անդամները` Գաբրիէլ Սարգսեան, Հրանդ Մելքումեան եւ Սերկէյ Մովսիսեան, աւարտեցին իրենց ելոյթները Ռէյքիաւիքի ճատրակի բաց մրցաշարքին:
Սերկէյ Մովսիսեան եւ Հրանդ Մելքումեան առաւելագոյն 10 կէտէն 7,5-ական կէտ ապահովելով բաժնեցին 3-11-րդ դիրքերը: Լրացուցիչ ցուցանիշներով, Մովսիսեան գրաւեց 6-րդ դիրքը, իսկ Մելքումեան` 9-րդ դիրքը:
Գաբրիէլ Սարգսեան 7 կէտ ապահովելով հանդիսացաւ 18-րդ:
Տիտղոսին տիրացաւ հնդիկ Ապիճետ Կուփթան:
Այս մրցաշարքին իրենց մասնակցութիւնը բերին 31 երկիրներէ 235 ճատրակ խաղացողներ:


