Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Քասփրչիք Կոչ Ուղղած Է Նովրուզի Եւ Զատկուան Օրերուն Լեռնային Ղարաբաղի Տագնապի Գօտիին Մէջ Խստօրէն Պահպանել Զինադուլը

March 21, 2016
| Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter
Անճէյ Քասփրչիք
Անճէյ Քասփրչիք

ԵԱՀԿ-ի գործող նախագահի անձնական ներկայացուցիչ, դեսպան Անճէյ Քասփրչիք երէկ իր լիազօրութեան ծիրին մէջ հսկողութիւն կատարած է Հայաստան-Ազրպէյճան սահմանին վրայ: Հսկողութենէն ետք, ԵԱՀԿ-ի մամլոյ ծառայութենէն «Արմէնփրես»-ին յայտնած են, որ դեսպան Քասփրչիք մեկնած է Թիֆլիս:

Քասփրչիքի գրասենեակին հրապարակած հաղորդագրութեան մէջ ըսուած է. «Ես երկու կողմերէն տեղեկութիւններ ստացայ սահմանին վերջին զարգացումներուն վերաբերեալ, լսեցի անոնց մտահոգութիւններուն մասին: Երկու կողմերն ալ կ՛ընդգծեն գիւղերուն առաջին գիծին մօտիկ ըլլալուն խնդիրը, եւ որ զինադադարի դրութեան խախտման հետեւանքով քաղաքայիններուն հասցուած մեծ կորուստները առանձնայատուկ մտահոգութեան խնդիր են»:

Քասփրչիք նաեւ կոչ ուղղած է երկու կողմերուն` հաշուի առնելով յառաջիկայ Նովրուզ Պայրամի եւ Ս. Յարութեան (Զատկուան) տօները, խստօրէն պահպանել զինադադարի դրութիւնը եւ շփման գիծին վրայ կամ սահմանին խուսափիլ որեւէ գործողութիւններէ, որոնք կրնան առաջնորդել լարուածութեան աճի:

«Կ՛ուզեմ օգտուիլ այս կարելիութենէն եւ իմ լաւագոյն մաղթանքներս յայտնել շրջանի ժողովուրդներուն յառաջիկայ տօներուն առիթով», ըսած է Անճէյ Քասփրչիք:

Հայաստանի Պաշտպանութեան Նախարարութիւնը
Կ՛արձագանգէ Քասփրչիքի Կոչին

Արձագանգելով ԵԱՀԿ գործող նախագահի անձնական ներկայացուցիչի կոչին` Հայաստանի Հանրապետութեան պաշտպանութեան նախարարութիւնը յայտարարած է, որ Հայաստանի Հանրապետութեան զինուած ուժերը պատրաստ են խստօրէն պահպանելու զինադադարը Հայաստանի սահմաններուն վրայ եւ պիտի չձեռնարկեն որեւէ քայլի, որ կրնայ յանգեցնել զինուած դիմակայութեան լարուածութեան աճին` մէկ  պայմանով, եթէ ազրպէյճանական զինուած ուժերը եւս դրական արձագանգեն այդ կոչին: Այս մասին «Ֆէյսպուք»-ի իր էջին վրայ յայտարարած է պաշտպանութեան նախարարութեան բանբեր Արծրուն Յովհաննիսեան:

Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան
Պաշտպանութեան Նախարարութիւնը
Եւս Կ՛արձագանգէ

«Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան պաշտպանութեան նախարարութիւնը կ՛ողջունէ ԵԱՀԿ-ի գործող նախագահի անձնական ներկայացուցիչ Անճէյ Քասփրչիքի` զինադադարի դրութեան  պահպանման կոչը», նշուած է Լեռնային Ղարաբաղի պաշտպանութեան նախարարութեան տարածած հաղորդագրութեան մէջ:

«Կը նշենք, որ Լեռնային Ղարաբաղի պաշտպանութեան բանակը զինուած դիմակայութեան ամբողջ ընթացքին միշտ կատարած է վստահութեան ամրապնդման եւ լարուածութեան միակողմանի թուլացման ուղղուած քայլեր եւ պատրաստ է հաւատարիմ մնալու իր որդեգրած դիրքորոշումին նաեւ ԵԱՀԿ գործող նախագահի անձնական ներկայացուցիչին նշած ժամանակաշրջանին: Միաժամանակ կ՛ակնկալուէր` Ազրպէյճանի պաշտպանութեան նախարարութեան յայտարարութեան մէջ գտնել զինադադարը պահպանելու եւ սադրանքներու չերթալու մասին յստակ պատրաստակամութեան յայտարարութիւն», նշած է Լեռնային Ղարաբաղի պաշտպանութեան նախարարութիւնը:

Նախորդը

«Հայերը Պէտք Է Բոլոր Միջոցներով Ապահովեն Իրենց Հողերուն Վերադարձը» Կ՛ըսէ Ժիրինովսքի

Յաջորդը

Րաֆֆի Համբարեան Նշանակուած Է Ամերիկայի Հայ Դատի Յանձնախումբի Նախագահ

RelatedPosts

Հայաստանի Պաշտպանութեան Նախարարը Ընդունեց Հնդկաստանի Բանակի Ընդհանուր Հրամանատարը
Գլխաւոր լուրեր

Հայաստանի Պաշտպանութեան Նախարարը Ընդունեց Հնդկաստանի Բանակի Ընդհանուր Հրամանատարը

February 3, 2026
«Մինչեւ Հայաստանի Մէջ Յունիսին Նախատեսուած Ընտրութիւնները, Մենք Կրնանք Խաղաղութեան Պայմանագիր Կնքել»  Կ՛ըսէ Հասանկիւլիեւ
Գլխաւոր լուրեր

«Մինչեւ Հայաստանի Մէջ Յունիսին Նախատեսուած Ընտրութիւնները, Մենք Կրնանք Խաղաղութեան Պայմանագիր Կնքել» Կ՛ըսէ Հասանկիւլիեւ

February 3, 2026
Եպիսկոպոսներու Եւ Մէկ Քահանայի Մեղադրանք Առաջադրուած Է
Գլխաւոր լուրեր

Եպիսկոպոսներու Եւ Մէկ Քահանայի Մեղադրանք Առաջադրուած Է

February 2, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.