Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

ՀԱՅԿԱԶԵԱՆ ՀԱՄԱԼՍԱՐԱՆԻ ՀՐԱՏԱՐԱԿՉԱՏԱՆ ՀԻՄՆԱԴՐՈՒԹԻՒՆ. «ԴԷՊԻ ԳՈՂԳՈԹԱ. ՅԱԿՈԲ ԱՐՍԷՆԵԱՆԻ ՅՈՒՇԵՐԸ» ԳԻՐՔԻ ՇՆՈՐՀԱՀԱՆԴԷՍ

September 10, 2011
| Գաղութային
0
Share on FacebookShare on Twitter
Գիրքի մակագրումի պահուն

Հայոց ցեղասպանութեան ականատես եւ անկէ վերապրած Յակոբ Արսէնեան լաւապէս գիտակցած է, որ իր օրագրութեան ընդմէջէն պիտի կարենայ ո՛չ միայն պատմութիւն կերտել, այլ նաեւ պատգամներ փոխանցել յառաջիկայ սերունդներուն, որպէսզի անոնք գիտակցին, թէ իրենք ինչպիսի՛ տառապանքներու ենթարկուած ազգի մը զաւակներն են եւ ըստ այնմ ապրին ու գործեն: Անկասկած, Յակոբ Արսէնեան միշտ ուզած է իր օրագրութիւնը եւ յուշերը տեսնել գիրքի ձեւով. անոր այդ փափաքը իրականացուց իր թոռը` Հայկազեան համալսարանի արուեստից եւ գիտութեանց բաժանմունքի տեսուչ դոկտ. Արտա Էքմեքճին` «Դէպի Գողգոթա. Յակոբ Արսէնեանի յուշերը» անգլերէն գիրքով, որ նաեւ նոր հիմնուած Հայկազեան համալսարանի հրատարակչատան անդրանիկ հրատարակութիւնն է:

Միրա Եարտըմեան

Երէկ` ուրբաթ, 9 սեպտեմբերի երեկոյեան ժամը 7:00¬ին, Հայկազեան համալսարանին մէջ տեղի ունեցաւ այս գիրքին շնորհահանդէսը, որուն բացումը կատարեց Միրա Եարտըմեան:

Թարեք Մըթրի

Օրուան բանախօսն էր մշակոյթի նախկին նախարար Թարեք Մըթրի, որ լայնօրէն անդրադարձաւ «Դէպի Գողգոթա. Յակոբ Արսէնեանի յուշերը» գիրքին եւ անոր արժէքին: Անոր համաձայն, յիշատակներ բովանդակող գիրք մը կարդալը նման է թանգարան տրուած այցելութեան, սակայն «Դէպի Գողգոթա. Յակոբ Արսէնեանի յուշերը» գիրքին ընթերցանութեամբ կարելի է շատ աւելի հեռու երթալ, քան պարզ թանգարան մը, որովհետեւ հոն ամփոփուած են ամբողջ ժողովուրդի մը հաւաքական յիշողութիւնն ու պատմական կարեւոր զարգացումներ: Թ. Մըթրի դիտել տուաւ, որ գիրքին մէջ կարելի է տեսնել ըսուածը, պատմուածը, նաեւ անցնիլ աւելի հեռու` թափանցելու այլ  հանգրուաններ եւ ուրուագծելու այլ դէպքեր: Ան նշեց, որ Յակոբ Արսէնեանի յուշերուն արժէքը կը կայանայ այն իրողութեան մէջ, որ անոնք ապրած, նահատակուած ու վերապրած ազգի մը պատկերը կը ներկայացնեն` իրենց իսկութեամբ, ինչ որ ազդեցութիւն ունեցած է նաեւ ապագայ սերունդներուն վրայ, որոնք գիտակցած են նման յուշերու արժէքին:

Թարեք Մըթրի իր խօսքին մէջ անդրադարձաւ Յակոբ Արսէնեանի յուշերուն մէջ տեղ գտած քանի մը յատկանշական դէպքերու, որոնց ընդմէջէն կ՛արտացոլան ո՛չ միայն անհատի մը կրած ցաւն ու տառապանքը, հոգեկան վերիվայրումները, բարկութիւնը Աստուծոյ դէմ եւ միեւնոյն ատեն փնտռտուքը արդարութեան, այլեւ ամբողջ ժողովուրդի մը ապրածն ու զգացածը: Ան դիտել տուաւ, որ հայկական յիշողութեամբ ծնած հայկական գիտակցութիւնն ու պահանջատիրութիւնը կրնան բուժում ըլլալ, սակայն վերջնական ապաքինում չկայ տակաւին, որովհետեւ կայ հերքում, մերժումը ճշմարտութեան: Այս իմաստով Մըթրի անդրադարձաւ Թուրքիոյ մէջ Հայոց ցեղասպանութեան մասին խօսող մտաւորականներու, որոնք կը յուշեն, թէ հետզհետէ այս մասին ճշմարտութիւնը բոլորին սեփականութիւնը պիտի դառնայ:

Իր խօսքի աւարտին Թարեք Մըթրի հաստատեց, որ «Դէպի Գողգոթա. Յակոբ Արսէնեանի յուշերը» գիրքին մէջ շատեր կրնան տեսնել իրենց ապրածը, իրենց պատմութիւնը եւ հաւաքական յուշեր, գիտակցութիւն եւ ինքնութիւն:

Ապա Մեղրի Պաղտոյեան եւ Կարին Հայտոսթեան ջութակի, իսկ Շուշան Արթինեան թաւջութակի վրայ նուագեցին Կոմիտասի «Հոյ Նազան» կտորը:

Վեր. դոկտ. Փոլ Հայտոսթեան

Ապա խօսք առաւ Հայկազեան համալսարանի նախագահ վեր. դոկտ. Փոլ Հայտոսթեան, որ գիրքին ընդմէջէն տեսաւ ժառանգութիւնը, հայոց պատմութիւնն ու գրականութիւնը` դիտել տալով, որ յուշերու վրայ հիմնուած գիրքերուն մէջ միշտ պէտք է փնտռել ճշմարտութիւնը, արդարութիւնը եւ կեանքի պատկերները:

Ըստ անոր, «Դէպի Գողգոթա. Յակոբ Արսէնեանի յուշերը» գիրքը նաեւ Արտա Էքմեքճիի սեփականութիւնն է, մանաւանդ խմբագրութեան եւ թարգմանութեան ընթացքին ան աւելի կապուեցաւ գիրքին: Վեր. Հայտոսթեան դիտել տուաւ, որ այս գիրքը յարգանքի տուրք մըն է հանդէպ Արսէնեան ընտանիքին, որուն պատմութեան ընդմէջէն կարելի եղաւ ժողովուրդի մը պատմութեան պատառիկը ներկայացնել:

Իր խօսքի աւարտին ան յոյս յայտնեց, որ Հայկազեան համալսարանի հրատարակչատան միջոցով կարելի ըլլայ լոյս աշխարհ բերել չբացայայտուած պատմութիւններ:

Դոկտ. Արտա Էքմեքճի

Վերջին խօսք առնողն էր դոկտ. Արտա Էքմեքճի, որ իր խօսքի սկիզբը շնորհակալութիւն յայտնեց Թարեք Մըթրիին, վեր. Հայտոսթեանին եւ բոլոր անոնց, որոնք այս գիրքի հրատարակութեան սատարեցին եւ մասնակից եղան շնորհահանդէսի կայացման:

Ան գիրքը նկատեց նորածին մը, որուն ծնունդ տալու մէջ մեծ դերակատարութիւն ունեցած է իր մեծ հայրը, որ տարագրութեան ճամբուն վրայ իսկ որոշած է իր օրագրութիւնը պահել` հետապնդելով պատմութիւնը փոխանցելու եւ սերունդներուն հասցնելու նպատակ: Ան անդրադարձաւ իր հօր կենսագրականին` յատուկ կերպով խօսելով անոր օրագրութեան որոշ հատուածներուն մասին, իրենց ընտանիքին կրած արհաւիրքը լուսարձակի տակ առնելով:

Ան հաստատեց, որ Հայ դատը տակաւին կը շարունակէ մնալ պահանջատիրական դատ, որովհետեւ տակաւին ճանաչում չէ ստացած Հայոց ցեղասպանութիւնը, հարցումները պատասխան չեն ունեցած եւ ճշմարտութիւնը չէ ըսուած ամբողջութեամբ:

 

Նախորդը

ԿՈՄԻՏԱՍԵԱՆ ԵՒ ԴԱՍԱԿԱՆ ԵՐԳԵՐՈՒ ՄԵՆԱՀԱՄԵՐԳ` ԿԱՏԱՐՈՂՈՒԹԵԱՄԲ ԳԷՈՐԳ ՀԱՃԵԱՆԻ

Յաջորդը

ՅԱՐՈՒԹ ՍԱՍՈՒՆԵԱՆ ԱՅՑԵԼԵՑ ՀԱՅ ԿԱԹՈՂԻԿԷ ՊԱՏՐԻԱՐՔԱՐԱՆ

RelatedPosts

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէ.  «Լիբանան Պիտի Մնայ Մայրիի  Եւ Դիմացկունութեան Հայրենիքը»
Գաղութային

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէ. «Լիբանան Պիտի Մնայ Մայրիի Եւ Դիմացկունութեան Հայրենիքը»

November 24, 2026
Բագրատունի. «Անկախութիւնը  Հաւատք Է Ու Կամք»
Գաղութային

Բագրատունի. «Անկախութիւնը Հաւատք Է Ու Կամք»

November 24, 2026
ՀՅԴ Լիբանանի Հայ Դատի Մարմինը  Կը Շնորհաւորէ Լիբանանի  Անկախութեան Տօնին Առիթով
Գաղութային

ՀՅԴ Լիբանանի Հայ Դատի Մարմինը Կը Շնորհաւորէ Լիբանանի Անկախութեան Տօնին Առիթով

November 24, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.