Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

ԿՈՄԻՏԱՍԵԱՆ ԵՒ ԴԱՍԱԿԱՆ ԵՐԳԵՐՈՒ ՄԵՆԱՀԱՄԵՐԳ` ԿԱՏԱՐՈՂՈՒԹԵԱՄԲ ԳԷՈՐԳ ՀԱՃԵԱՆԻ

September 10, 2011
| Գաղութային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Վաղը` կիրակի, 11 սեպտեմբերի երեկոյեան ժամը 8:00¬ին, Այնճարի «Գ. Կիւլպենկեան» սրահին մէջ տեղի պիտի ունենայ կոմիտասեան եւ դասական երգերու մենահամերգ` կատարողութեամբ «Շարական» համոյթի մեներգիչ, կոմիտասեան երգերու մեկնաբան եւ սփիւռքահայ տարբեր գաղութներու, նաեւ աշխարհի չորս ցամաքամասերուն մէջ հայ երգը իր հարազատութեամբ ներկայացուցած Գէորգ Հաճեանի, որ յատուկ հրաւէրով Լիբանան կը գտնուի Մուսա լերան հերոսամարտի 100-ամեակի եւ Այնճարի հիմնադրութեան 75-ամեակի Կեդրոնական մարմինի, ինչպէս նաեւ ՀՅԴ «Կարմիր լեռ» կոմիտէի դաստիարակչական մարմինի յատուկ հրաւէրով:

Ապրիլ 24-ի նուիրուած իր երգով «Հայոց ճակատագիրի երգիչը» կոչումին արժանացած Գէորգ Հաճեան յատկապէս երիտասարդներով լեցուն սրահներու մէջ մեկնաբանած է հայ երգը իր գերագոյն մաքրութեամբ եւ ամենայն հարազատութեամբ` արժանանալով բոլորին բարձր գնահատանքին:

Այնճարի մէջ ունենալիք իր մենահամերգին դաշնակի վրայ Գէորգ Հաճեանի կ՛ընկերակցին Յասմիկ Գասպարեան եւ Տաթեւիկ Արթինեան:

Մուսա լերան հերոսամարտի 96-ամեակի ձեռնարկներուն ծիրին մաս կազմող այս մենահամերգին առիթով «Ազդակ» ամփոփ զրոյց մը ունեցաւ Գէորգ Հաճեանի հետ, որ նախ շնորհաւորելի նկատեց այս հրաւէրը, որովհետեւ անիկա յատուկ նպատակ կը հետապնդէ. «իմ համագիւղացիներս նախանձելի քայլ մը առին եւ ի շարս խրախճանքային այլ տօնակատարութիւններու, նաեւ դասական արուեստին տուին յատուկ տեղ, որպէսզի Կոմիտաս հնչէ եւ յատկապէս նոր սերունդի ներկայացուցիչներ առիթ ունենան ըմբոշխնելու կոմիտասեան ազգային ինքնուրոյն երաժշտութիւն»: Անդրադառնալով հայ դասական երգի ու երաժշտութեան արժէքին ու կարեւորութեան, ի մասնաւորի Կոմիտասի ազգային դիմագիծ ունեցող ժառանգութեան` ան հաստատեց, որ այսօրուան մեծ ու բազմազան մարտահրաւէրներու դէմ յանդիման կանգնելու համար հարազատ ու բիւրեղ հայ երգը զինուորին կրած զէնքին չափ ուժգնութիւն ունի, անիկա նման է Հայ առաքելական եկեղեցւոյ փոխանցած հաւատքին, հայրենիքը պաշտպանող զինուորին, որոնց գերագոյն նպատակն է դէմ դնել օտարին, թշնամիին ու պահպանել արժէքաւորն ու հարազատը: Գէորգ Հաճեանի համաձայն, միայն այս ձեւով կարելի կ՛ըլլայ պահպանել հայկական դիմագիծն ու արժէքները եւ զանոնք փոխանցել սերունդէ սերունդ:

Կիրակի օրուան երգացանկին մասին «Ազդակ»ի հարցումին պատասխանելով`  կոմիտասեան երգերու մեկնաբանը դիտել տուաւ, որ պիտի հնչեն առաւելաբար կոմիտասեան երգեր, կան լատին եկեղեցւոյ պատառիկներ` իտալերէն եւ լատիներէն,  նաեւ Զարեհ արք. Ազնաւուրեանի եւ Դանիէլ Երաժիշտի մշակումներէն կտորներ: Գ. Հաճեան ըսաւ, որ երգացանկի ընտրութիւնը կատարուած է այնպէս, որ ան ընդգրկէ իւրաքանչիւր հայու հոգիին հետ կամրջուող, զայն յուզող, անոր պատգամ փոխանցող երգեր, որոնք կը բխին հայկական հարազատ ակունքներէն:

Անդրադառնալով Կոմիտասի արժէքին եւ անոր երգը Հայաստանի, Արցախի ու համայն սփիւռքի մէջ տարածելու իր առաքելութեան` Գէորգ Հաճեան շեշտեց, որ Կոմիտասով փրկուեցաւ հայ երգը, որ նաեւ Կոմիտասի կողմէ դարձաւ մաքրամաքուր եւ զուլալ: Ուստի Կոմիտասն ու անոր երգերը ամէնօրեայ հացի նման անհրաժեշտ են եւ պէտք է մնայուն ներկայութիւն դառնան ամէն մէկ հայու կեանքին մէջ, որպէսզի հաղորդուի անոնցմով, բարձրանայ անոնց հետ, լիցքաւորուի եւ իր հայկականութեան մէջ ամրապնդուի այդ երգերով, որովհետեւ, ըստ Գ. Հաճեանի, ժամանակին հետ խանդավառող երգերը իրենց ժամանակին մէջ կը մնան ու հոն կ՛աւարտին` առանց փոխանցելիք եւ ժառանգ ունենալու: Ան դիտել տուաւ, որ կոմիտասեան երգերու մեկնաբան ըլլալու ընտրութիւնը նաեւ առնչուած է մարդկային իր նկարագիրին, որ թեթեւութիւնը չի կրնար ընդունիլ, աղաւաղուածին հետ չի կրնար հաշտուիլ:

Գէորգ Հաճեան հաստատեց, որ մէկուկէս միլիոն հայեր նահատակուեցան իրենց ինքնութեան պահպանման ի խնդիր, այսօր սակայն այդ պայքարի ու նուիրումի ոգին սկսած է նահանջել, իսկ Կոմիտաս իր երգերով այդ ոգին կը ներարկէ, ուժը կու տայ եւ մղումը` կառչելու հարազատին, մերժելու օտարամուտը եւ հաւատարիմ մնալու այն ուղիին: Գէորգ Հաճեան յայտնեց, որ Կոմիտասով կարելի է նպաստել Հայ դատի հետապնդման եւ անով է, որ հայութիւնը պիտի իրականացնէ իր եւ կոմիտասներու մեծ երազը` ազատ, անկախ ու միացեալ Հայաստանի կերտումը:

 

 

 

Նախորդը

ՄՈՒՍԱ ԼԵՐԱՆ ՀԵՐՈՍԱՄԱՐՏԻ 96-ԱՄԵԱԿ – ԱՅՆՃԱՐ. ԶՈՅԳ ՑՈՒՑԱՀԱՆԴԷՍՆԵՐՈՒ ԲԱՑՈՒՄ` «ՄՈՒՍԱ ԼԵՌ» ԵՒ «Գ. ԿԻՒԼՊԵՆԿԵԱՆ» ՍՐԱՀՆԵՐՈՒՆ ՄԷՋ

Յաջորդը

ՀԱՅԿԱԶԵԱՆ ՀԱՄԱԼՍԱՐԱՆԻ ՀՐԱՏԱՐԱԿՉԱՏԱՆ ՀԻՄՆԱԴՐՈՒԹԻՒՆ. «ԴԷՊԻ ԳՈՂԳՈԹԱ. ՅԱԿՈԲ ԱՐՍԷՆԵԱՆԻ ՅՈՒՇԵՐԸ» ԳԻՐՔԻ ՇՆՈՐՀԱՀԱՆԴԷՍ

RelatedPosts

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէ.  «Լիբանան Պիտի Մնայ Մայրիի  Եւ Դիմացկունութեան Հայրենիքը»
Գաղութային

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէ. «Լիբանան Պիտի Մնայ Մայրիի Եւ Դիմացկունութեան Հայրենիքը»

November 24, 2026
Բագրատունի. «Անկախութիւնը  Հաւատք Է Ու Կամք»
Գաղութային

Բագրատունի. «Անկախութիւնը Հաւատք Է Ու Կամք»

November 24, 2026
ՀՅԴ Լիբանանի Հայ Դատի Մարմինը  Կը Շնորհաւորէ Լիբանանի  Անկախութեան Տօնին Առիթով
Գաղութային

ՀՅԴ Լիբանանի Հայ Դատի Մարմինը Կը Շնորհաւորէ Լիբանանի Անկախութեան Տօնին Առիթով

November 24, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.