ՕԹԱՆ-ի կեդրոնատեղիին մէջ 9 մարտին տեղի ունենալիք «Հայաստան + 28» ձեւաչափով Հիւսիսատլանտեան խորհուրդի նիստին մասնակցելու նպատակով Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Էդուարդ Նալբանդեան եւ պաշտպանութեան նախարար Սէյրան Օհանեան պիտի մեկնին Պրիւքսէլ:
Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարութեան մամլոյ, տեղեկատուութեան եւ հասարակութեան հետ կապի վարչութենէն յայտնած են, որ խորհուրդի նիստին պիտի նախորդէ նախարարներ Նալպանտեանի եւ Օհանեանի հանդիպումը ՕԹԱՆ-ի ընդհանուր քարտուղար Եանս Սթոլթենպերկի հետ: