Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Հայ Համալսարանաւարտներու Համախմբում. Հանդիպում-Զրոյց` «Հայկական Բարքերը, Սովորութիւններն Ու Աւանդութիւնները» Նիւթին Շուրջ

Մարտ 5, 2016
| Գաղութային
0
Share on FacebookShare on Twitter

HHH_Zerouytz_030416

Կազմակերպութեամբ Հայ համալսարանաւարտներու համախմբումի (ՀՀՀ) վարչութեան, երէկ` ուրբաթ, 4 մարտ 2016-ի երեկոյեան ժամը 8:00-ին, շահեկան զրոյց մը տեղի ունեցաւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան ժողովասրահին մէջ: Վարչութեան ատենապետ Յակոբ Հանտեան բացման խօսքով ողջունեց ներկաները  եւ սեղմ գիծերու մէջ ներկաներուն փոխանցեց վարչութեան գործունէութեան ծրագիրի գլխաւոր կէտերը: Ան վերյիշեց այս համախմբումի առաքելութեան թիրախներն ու նպատակը եւ թուեց այս գծով կազմուած յանձնախումբերը: Հանտեան զեկուցեց նաեւ ՀՀՀ-ի վարչութեան Արամ Ա. վեհափառ հայրապետին տուած այցելութիւնը` գոհունակութեամբ արտայայտուելով արծարծուած նիւթերուն եւ վեհափառ հայրապետին ցուցաբերած գուրգուրանքին եւ քաջալերանքին գծով:

Ապա ան խօսքը փոխանցեց ՀՀՀ-ի հոգեւոր խորհրդատու Սիփան Ծ. Վ. Քեչեճեանին: Հայր սուրբը իր սրտի խօսքը փոխանցեց` ողջունելով ու բարձր գնահատելով ՀՀՀ-ի վարչութեան գործունէութիւնը, միաժամանակ շեշտելով քարոզչական քայլերու անհրաժեշտութիւնը: Հայր Սիփան խրախուսեց ներկաները` թելադրելով, որ իւրաքանչիւրը իր կարգին պարտի իր մօտ եղող հայ համալսարանաւարտները հրաւիրել եւ զանոնք մղել, որ մաս կազմեն ՀՀՀ-ն, ոչ միայն անդամակցութեամբ, այլ նաեւ` գործօն մասնակցութիւն բերելով:

Ապա ատենապետը խօսքը փոխանցեց Սիլվա Գարավարդանեանին, որ ներկայացնէ օրուան նիւթը: Շուրջ կէս ժամ տեւողութեամբ Գարավարդանեան խօսեցաւ հայկական բարքերուն, սովորութիւններուն եւ աւանդութիւններուն մասին: Ան թուեց հայկական տօներն ու անոնց առնչակից սովորութիւններն ու աւանդութիւնները` ընդգծելով, որ անոնց մեծ մասը ունին կրօնական ենթահող եւ հայ հաւատամքին ճամբով դարերու ընդմէջէն փոխանցուած են սերունդէ-սերունդ: Սահիկներու օգնութեամբ ան ներկայացուց իւրաքանչիւր տօնի նախօրեակին թէ ընթացքին կազմակերպուող կրօնական, ինչպէս նաեւ ժողովրդային միջոցառումներէն օրինակներ (Պահք, Միջինք, Բարեկենդան, Վարդավառ, Ս. Զատիկ…): Գարավարդանեան յիշեց հայ ընտանիքին վարկն ու դերը բարքերու պահպանման մէջ: Օրինակ` երբեմնի հայ ընտանիքը կ՛ապրէր բազմանդամ, համերաշխ ու միասնաբար մէկ օճախի տակ: Հայ ընտանիքի երէց անդամի ներկայութեան անյարմար էր ծխելը կամ բարձրաձայն խօսիլը: Նմանապէս, երբ տաներէցը տուն կը մտնէր, փոքրերը ոտքի կ՛ելլէին առ ի յարգանք: Երեւոյթներ, որոնք դժբախտաբար հետզհետէ կը կորսնցնեն իրենց հմայքը, եւ ներկայ պայմաններուն մէջ տարբեր պատկեր կը պարզուի: Ան շեշտեց նաեւ եկեղեցիին մէջ պատշաճ հագուածքով ներկայանալը եւ երկիւղածութեամբ մօտենալը մեր ազգային սրբութիւններուն (օրինակ` եկեղեցիին մէջ չծխել…):

Սիլվա Գարավարդանեան բարքերու եւ աւանդութիւններու պահպանման մէջ շեշտեց հիմնական կառոյցներու` ընտանիքին, դպրոցին եւ եկեղեցւոյ դերը միութենական այլ կառոյցներու կողքին: Ան նշեց, որ այս առնչութեամբ կայ հիմնական երկու զարգացում, զորս պէտք է օգտագործել դրական կիրարկումով: Նախ` Հայաստանի եւ Արցախի մէջ հայրենի զոյգ հանրապետութեանց 25-ամեայ անկախութեան փորձառութիւնը, ինչ որ թեւ ու թռիչք տուաւ ստալինեան երկաթեայ դռներու վերաբացումով հայկական բնօրրանի սովորութիւններու վերակենդանացման եւ երկրորդ` հաղորդակցութեան միջոցներու սրընթաց յառաջդիմութեամբ տեղեկատուութեանց արագ եւ դիւրամատչելի ըլլալը: Արհեստագիտական զարգացում մը, զոր պէտք է օգտագործել ի նպաստ հայկական բարքերու, սովորութիւններու եւ աւանդութիւններու հայացման, տարածման ու ամրագրման` հետզհետէ տեղայնացող տարասփիւռ հայօճախներուն մէջ: Այլ խօսքով` վերահաստատել ու ընդհանրացնել այդ բարքերու եւ աւանդութեանց ազգային հպարտութեան ու պատկանելիութեան խորհրդանիշ ըլլալու հանգամանքը:

Այս գծով Գարավարդանեան թուեց այս մարզին մէջ լուրջ ու անխոնջ աշխատանք տարած հայուհիներու անուններ, ինչպէս` Լուսիկ Ագուլեցի, Հրանուշ Խառատեան, Սոնա Զէյթլեան: Ան նաեւ իբրեւ օրինակ նշեց` ԼՕԽ-ի դաստիարակչական յանձնախումբի պատրաստած գրքոյկը այս մասին: «Բոլորդ ալ տեղեակ էք ու կ՛ապրիք այս նշած տեղեկութիւններս, իմ մտահոգութիւնս սակայն ներկայ համաշխարհայնացման մթնոլորտին մէջ հայկական բարքերու եւ աւանդութեանց պահպանման ու անաղարտ ոգիով գալիք սերունդներուն փոխանցման հրամայականի գործադրութեան միջոցներուն մէջ կը կայանայ, եւ այս հարցը ես ձեր նկատողութեան կը յանձնեմ` իբրեւ համալսարանաւարտներ», եզրափակեց Գարավարդանեան:

Այնուհետեւ շահեկան զրոյց տեղի ունեցաւ ներկաներուն միջեւ եւ եղան գործնական քայլերու առաջարկներ:

 

Նախորդը

ՀԲԸՄ-ՀԵԸ «Վահրամ Փափազեան» Թատերախումբ. «Առանց Տաբատի Անձնասպանը» Թատերախաղի Ներկայացում

Յաջորդը

Յունաստանի Արտաքին Գործոց Նախարարը Մերժած Է Կիպրոսի Մէջ Սուրճ Խմելու Չաւուշօղլուի Հրաւէրը

RelatedPosts

Ազգային Եղիշէ Մանուկեան Քոլեճ.  Ամավերջի Հանդէս Եւ Վկայականաց Բաշխում
Գաղութային

Ազգային Եղիշէ Մանուկեան Քոլեճ. Ամավերջի Հանդէս Եւ Վկայականաց Բաշխում

Յուլիս 9, 2025
Համազգայինի Մ. Եւ Հ. Արսլանեան Ճեմարան.  ՀՕՄ-ի Նորսիկեան Մանկապարտէզի Ամավերջի Հանդէս
Գաղութային

Համազգայինի Մ. Եւ Հ. Արսլանեան Ճեմարան. ՀՕՄ-ի Նորսիկեան Մանկապարտէզի Ամավերջի Հանդէս

Յուլիս 8, 2025
Ազգային Միացեալ Վարժարանի Տարեշրջանի «Մանկապարտէզի Օրերը» Խորագիրը Կրող Հանդէսը
Գաղութային

Ազգային Միացեալ Վարժարանի Տարեշրջանի «Մանկապարտէզի Օրերը» Խորագիրը Կրող Հանդէսը

Յուլիս 8, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?