Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

ՀԲԸՄ-ՀԵԸ «Վահրամ Փափազեան» Թատերախումբ. «Առանց Տաբատի Անձնասպանը» Թատերախաղի Ներկայացում

March 5, 2016
| Գաղութային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Tadron1_030516

Երէկ` ուրբաթ, 4 մարտ 2016-ի երեկոյեան ժամը 8:30-ին, «Յակոբ Տէր Մելքոնեան» թատերասրահին մէջ ՀԲԸՄ-ՀԵԸ-ի  «Վահրամ Փափազեան» թատերախումբը  հանրութեան առջեւ ներկայացաւ «Առանց տաբատի անձնասպանը» զաւեշտով, հեղինակ եւ բեմադրիչ` Վարդան Մկրտիչեան:

Վարդան Մկրտիչեան, ինչպէս ինք բացայայտեց, այս թատերախաղը գրած է 1990 թուականին` իբրեւ փորձ, երբ ուսանող էր Հայաստանի թատերական հիմնարկին մէջ: Նկատի ունենալով, որ թատերախաղը յատուկ ժամանակաշրջանի մը չի պատկանիր, ան վերամշակելով զայն ուզած է հանրութեան ներկայացնել` անոր մօտ ուրախ տրամադրութիւն մը ստեղծելու նպատակով:

Նիւթը կը խօսի անձի մը մասին, որ կ՛ուզէ անձնասպան ըլլալ, որովհետեւ յուսահատած է կեանքէն ու մարդոցմէ, եւ վիզէն քար մը կախելով կը փորձէ կամուրջէն վար նետել ինքզինք: Սակայն կը տատամսի, որովհետեւ վերջնական որոշում տուած չէ նետուելու: Երկմտանքի վիճակին մէջ, յանկարծ կը յայտնուի այլ անձ մը, որ դարձեալ կ՛ուզէ անձնասպան ըլլալ, որովհետեւ 10 տարիէ պսակուած է եւ զաւակ չունի: Վիճաբանութիւն մը կը սկսի երկուքին միջեւ, թէ ո՛վ առաջ պիտի նետուի կամուրջէն վար, երբ կը յայտնուի գաղտնի ոստիկան մը, որ կը հալածէ գող մը, նաեւ կին մը, որ կորսնցուցած է իր շունը: Դէպքերը արագ կը զարգանան եւ անշուշտ աւարտին ոչ ոք անձնասպան կ՛ըլլայ: Թատերախաղը վերջ կը գտնէ հետեւեալ փիլիսոփայութեամբ. «Կեանքին մէջ բաներ կան, որոնց մասին չգիտնալն ու չհասկնալը աւելի լաւ է, որպէսզի խղճի խայթ չունենայ մարդ` գիտնալուն եւ չգիտնալուն համար»:

Արդարեւ, մօտաւորապէս երկու ժամ տեւողութեամբ Արփի Բարդիեան-Աւետիքեան (կին), Յարութ Թորոսեան (անձնասպան), Յարութ Մանուկեան (մարդ), Յարութ Սիմոնեան (գաղտնի ոստիկան), Եղիկ Աւետիքեան (գող), Շուշան Քէշիշեան (սպասուհի Լիլի) կրցան մարմնաւորել իրենց վստահուած դերերը` սրահին մէջ ստեղծելով հաճելի եւ զուարթ պահեր:

Նախորդը

Սամուէլ Մկրտչեան` Լիբանանի Մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան Նոր Դեսպան

Յաջորդը

Հայ Համալսարանաւարտներու Համախմբում. Հանդիպում-Զրոյց` «Հայկական Բարքերը, Սովորութիւններն Ու Աւանդութիւնները» Նիւթին Շուրջ

RelatedPosts

Նախագահութեամբ Արամ Ա. Կաթողիկոսին  Եւ Քրիստոնեայ Համայնքներու Հոգեւոր Պետերուն.  Բացումը Կատարուեցաւ Քրիստոնէական  Միութեան Աղօթքի Շաբթուան
Գաղութային

Նախագահութեամբ Արամ Ա. Կաթողիկոսին Եւ Քրիստոնեայ Համայնքներու Հոգեւոր Պետերուն. Բացումը Կատարուեցաւ Քրիստոնէական Միութեան Աղօթքի Շաբթուան

January 20, 2026
Հաղորդագրութիւն.  Համազգայինի Գեղարուեստի Դպրոցներու Աշակերտները Արժանացան Բարձր Մրցանակներու
Գաղութային

Հաղորդագրութիւն. Համազգայինի Գեղարուեստի Դպրոցներու Աշակերտները Արժանացան Բարձր Մրցանակներու

January 19, 2026
Արամ Ա․ Վեհափառ Հայրապետը Ընդունեց ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէի Կազմը
Գաղութային

Արամ Ա․ Վեհափառ Հայրապետը Ընդունեց ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէի Կազմը

January 17, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.