Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Տաւութօղլու Հայերը Վիրաւորող Եւ Քիւրտերուն Սպառնացող Յայտարարութիւն Կատարած Է

March 3, 2016
| Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter
Ահմեթ Տաւութօղլու
Ահմեթ Տաւութօղլու

«Մարմարա» կը հաղորդէ, որ Թուրքիոյ վարչապետ Ահմեթ Տաւութօղլու անգամ մը եւս հայերուն նկատմամբ թշնամանք հրահրող յայտարարութիւն մը ունեցած է:

Արդարեւ, թրքական «T24.com» կայքը կը հաղորդէ, որ Տաւութօղլու, փորձելով քննադատել քրտամէտ Ժողովուրդներու ժողովրդավարական կուսակցութիւնը` յայտարարած է. «Քիւրտերը, հայ աւազակախումբերուն նման, Ռուսիոյ հետ կը համագործակցին եւ կ՛երթան Մոսկուայի մէջ ներկայացուցչութիւն բանալու»:

Քրտամէտ կուսակցութեան համանախագահ Սելահեթթին Տեմիրթաշ, իր կարգին, վարչապետին յայտարարութեան փոխադարձած է` ըսելով. «Վարչապետը ըսել կ՛ուզէ, թէ Ժողովուրդներու ժողովրդավարական կուսակցութիւնը կը նմանի հայերուն, որոնք համագործակցեցան ռուսերուն հետ. «Այն ինչ որ 1915-ին հայերուն ըրինք, նոյնն ալ ձեզի կ՛ընենք», ըսել կ՛ուզէ: Ահաւասիկ ա՛յս է իշխող կուսակցութեան գաղափարախօսութիւնը: Ուրիշ բան չէ, եթէ ոչ` կոտորածի ու մահուան քաղաքականութիւն իրականացնել: Մեր կուսակցութիւնը, բացի ժողովուրդէն, ուրիշ ո՛չ մէկուն հետ համագործակցած է ու պիտի համագործակցի: Մենք կը հաւատանք միասնութեան ու դաշնութեան: Մենք արդէն իսկ ժողովուրդի մը ուժն ենք»:

Համանախագահը ըսած է նաեւ, որ վարչապետը կը կարծէ, թէ քիւրտ ժողովուրդը պատմութենէն դասեր չէ քաղած: «Մենք, վարչապետին կողմէ իբրեւ պատմութիւն մեզի հրամցուած սուտերը մէկդի դնելով` իրական անցեալով կազմաւորուեցանք», յայտարարած է Տեմիրթաշ` դարձեալ պնդելով, որ իշխող կուսակցութիւնը կը շարունակէ օգնել ՏԱՀԵՇ եւ այլ ահաբեկչական խմբաւորումներու:

 

Նախորդը

Հակառակ 72 Երեսփոխանի Ներկայութեան` Նախագահական Ընտրութեան Նիստը Դարձեալ Յետաձգուեցաւ

Յաջորդը

Ազգային Ժողովին Մէջ Արծուիկ Մինասեանին Կը Փոխարինէ Կարէն Շախմուրատեան

RelatedPosts

Ազգային Ժողովը Վաւերացուց ԹՐԻՓՓ-ի Համաձայնագիրը. Ընդդիմադիր Խմբակցութիւնները Դէմ Քուէարկեցին
Գլխաւոր լուրեր

Ազգային Ժողովը Վաւերացուց ԹՐԻՓՓ-ի Համաձայնագիրը. Ընդդիմադիր Խմբակցութիւնները Դէմ Քուէարկեցին

October 29, 2026
Մորաթինոս. «ՄԱԿ-ը Պատրաստ Է Աջակցելու  Հայ-Ազրպէյճանական Հաշտեցման Եւ Կրօնական  Յուշարձաններու Պաշտպանութեան»
Հայկական

Մորաթինոս. «ՄԱԿ-ը Պատրաստ Է Աջակցելու Հայ-Ազրպէյճանական Հաշտեցման Եւ Կրօնական Յուշարձաններու Պաշտպանութեան»

October 29, 2026
Պորտիուժա. «Հայաստանը  Պէտք Է Հեռացնել ՀԱՊԿ»-էն
Գլխաւոր լուրեր

Պորտիուժա. «Հայաստանը Պէտք Է Հեռացնել ՀԱՊԿ»-էն

October 29, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.