«Ասպարէզ» իր դիմատետրեան էջին վրայ կը հաղորդէ, որ Միացեալ Նահանգներու Միչիկըն նահանգին մէջ Հայոց ցեղասպանութիւնը այսուհետեւ պիտի ներառուի դպրոցական դասագիրքերուն մէջ:
23 փետրուարին Միչիկընի ներկայացուցիչներու տունը որդեգրած է օրէնք մը, որով Հայոց ցեղասպանութիւնը ներառուած է պետական դպրոցներու կրթական համակարգին մէջ: