Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Իրանի Ներքին Գործոց Նախարարութիւնը Հաստատած Է Խորհրդարանական Ընտրութիւններու 6223 Թեկնածուներու Ցուցակը

February 17, 2016
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

iran_elections_021616f

ԻՐՆԱ լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ Իրանի ներքին գործոց նախարարութիւնը յայտարարած է խորհրդարանական ընտրութիւններու 6223 թեկնածուներու վերջնական ցուցակի հաստատման մասին: Ընտրութիւնները տեղի պիտի ունենան 26 փետրուարին:

Իրանի ներքին գործոց նախարարութիւնը վերջին ատեանն է, որ կը ստուգէ թեկնածուներուն համապատասխանութիւնը ապագայ ընտրեալներուն ներկայացուող պահանջներուն: Մէկ օր առաջ Հսկողութեան խորհուրդը, որ կատարած է յաւակնորդներու հիմնական վաւերացում, ցուցակը յանձնած է ներքին գործոց նախարարութեան:

Ըստ Ընտրական կեդրոնական յանձնախումբի տուեալներուն, սկիզբը մասնակցութեան դիմում ներկայացուցած էր 12.123 մարդ:

Խորհրդարանական ընտրութիւններու աւարտական հանգրուան հասած թեկնածուները պիտի պայքարին խորհրդարանին մէջ` 290 աթոռներու համար: ԻՐՆԱ կը նշէ, որ աթոռներէն իւրաքանչիւրին կը յաւակնի 20-է աւելի թեկնածու: Խորհրդարանի ընտրութիւնները տեղի կ՛ունենան քաղաքացիներու ուղղակի քուէարկութեան ճամբով: Երեսփոխաններու նստաշրջանը չորս տարի է:

Խորհրդարանական ընտրութիւններուն հետ միաժամանակ տեղի պիտի ունենան նաեւ Փորձագէտներու խորհուրդի ընտրութիւնները: Խորհուրդի 88 աթոռներուն կը յաւակնի 161 թեկնածու: Երկրի ղեկավար մարմիններէն մէկուն մէջ, նոյնպէս ուղղակի քուէարկութեան ճամբով, ազդեցիկ աստուածաբաններ ու իսլամական օրէնքի մասնագէտներ կ՛ընտրուին 8 տարուան ժամկէտով: Խորհուրդի հիմնական խնդիրը անոր կազմէն Իսլամական հանրապետութեան ղեկավարը եւ հոգեւոր գերագոյն պետը ընտրելն է:

Նախորդը

Եւրոպական Խորհրդարանը Կը Բացառէ Բրիտանիոյ Պահանջով Եւրոպական Միութեան Համաձայնագիրի Հիմնական Փոփոխութիւնը

Յաջորդը

Մահացած Է ՄԱԿ-ի Նախկին Ընդհանուր Քարտուղար Պութրոս Պութրոս Ղալին

RelatedPosts

Թրամփ Իրանի Հետ Զինադադարը  «Ժամանակի Վատնում» Կը Նկատէ
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ Իրանի Հետ Զինադադարը «Ժամանակի Վատնում» Կը Նկատէ

October 28, 2026
Իսրայէլի Մէջ Տեղի Ունեցան  Խորհրդարանական Ընտրութիւններ
Գլխաւոր լուրեր

Իսրայէլի Մէջ Տեղի Ունեցան Խորհրդարանական Ընտրութիւններ

October 28, 2026
Հակադարձելով Քարաքի Եկեղեցւոյ  Վրայ Յարձակումին`  Յորդանանեան Բանակը Հարաւային Սուրիոյ Մէջ  Ծայրայեղական Խմբաւորումներու Դիրքեր Հարուածեց
Գլխաւոր լուրեր

Հակադարձելով Քարաքի Եկեղեցւոյ Վրայ Յարձակումին` Յորդանանեան Բանակը Հարաւային Սուրիոյ Մէջ Ծայրայեղական Խմբաւորումներու Դիրքեր Հարուածեց

October 28, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.