
«Արմէնփրես»` վկայակոչելով ազրպէյճանական kontakt.az կայքը, կը հաղորդէ, որ ազրպէյճանական «Թուրան» գործակալութիւնը «Ամերիկայի Ձայն»-ին հետ Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութեան ուղղած է միացեալ հարցում մը, որուն մէջ Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարի օգնական Վիքթորիա Նուլընտին` Եւրոպական խորհուրդի խորհրդարանական վեհաժողովին մէջ հակահայկական բանաձեւերէն մէկուն չորդեգրուելուն հարցին մէջ մասնակցութեան առնչութեամբ մեղադրանքներ տեղ գտած են: Նախարարութիւնը անպատասխան ձգած է այդ հարցումը, սակայն նշած, որ իրենք կը յարգեն Լեռնային Ղարաբաղի մասին շրջանային կամ միջազգային կազմակերպութիւններուն մէջ հարց բարձրացնելու Ազրպէյճանի իրաւունքը:
«Մինսքի խմբակը բանակցութիւններու համար կողմերուն ընդունած միակ ձեւաչափն է: Մենք յոյսով ենք, որ կողմերը ամբողջութեամբ նուիրուած պիտի ըլլան խաղաղ լուծման եւ պիտի շարունակեն համագործակցիլ համանախագահներուն հետ», ըսուած է նախարարութեան պատասխանին մէջ:
Նախապէս քոնկրեսական Էտըմ Շիֆ հարցազրոյցի մը մէջ յայտարարած էր, որ Վիքթորիա Նուլընտի` Եւրոպական խորհուրդի խորհրդարանական վեհաժողովին մէջ հակահայկական զեկուցումի տապալման հարցին մէջ դերը մեծ է:
Այս յայտարարութենէն ետք, Ազրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարութիւնը Պաքուի մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպանատան յանձնարարած էր քննել կատարուածը: