Թրքական «Հիւրրիյէթ» օրաթերթը կը հաղորդէ, որ Թուրքիոյ Մանիսա նահանգի Թուրկութլու շրջանին մէջ գտնուող հայկական պատմական եկեղեցին վերանորոգուելէ ետք պիտի վերածուի կրթական, մշակութային եւ արուեստի կեդրոնի:
Եկեղեցւոյ շէնքը ժամանակին օգտագործուած է իբրեւ Թուրկութլուի քաղաքապետարանի ծառայողական շէնք: Ներկայիս աշխուժօրէն կ՛ընթանան եկեղեցւոյ վերանորոգման աշխատանքները:
Կը նշուի, որ անոնց աւարտին կառոյցը պիտի ունենայ ժամանակակից տեսք եւ պիտի դառնայ բնակիչներու մշակութային հանդիպումներու կեդրոնը:
Այսպիսով, Մանիսայի հայկական եկեղեցին պիտի դառնայ հերթական հայկական պատմական կոթողներէն մէկը, որ տեղական իշխանութիւններուն կողմէ վերանորոգման անուան տակ պիտի փոխէ իր նշանակութիւնը` ջնջելով տեղւոյն երբեմնի հայկական հետքը: