Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

ՔԱՂԱՔԱԿԱՆ ԱՇԽՈՒԺ ԵՌՈՒԶԵՌ` ԵԼԵԿՏՐԱԿԱՆՈՒԹԵԱՆ ԾՐԱԳԻՐԻ ԹՆՃՈՒԿԻՆ ԼՈՒԾՈՒՄ ԳՏՆԵԼՈՒ ԱՌՈՒՄՈՎ

September 6, 2011
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter
Նախարար Պասիլ եւ վարչապետ Միքաթի

Վարչապետ Նեժիպ Միքաթի երէկ երեկոյեան անակնկալ այցելութեամբ մը ուղղուեցաւ նախագահական պալատ, ուր  հանդիպում մը ունեցաւ հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Սլէյմանի հետ:

Պաապտայի մէջ տեղի ունեցած հանդիպումին ընթացքին վարչապետ Միքաթի նախագահ Սլէյմանի հետ քննարկեց ելեկտրականութեան տագնապի լուծման ծրագիրին մասին արձանագրուած նորագոյն զարգացումները:

Միւս կողմէ, վարչապետ Միքաթի կէսօրէ ետք վարչապետարանին մէջ նախագահեց նախարարական խորհրդակցական  նիստին, որուն ընթացքին քննարկուեցաւ ուժանիւթի եւ ջուրի հարցերու նախարար Ժըպրան Պասիլի ներկայացուցած ելեկտրականութեան տագնապի լուծման ծրագիրը:

Նիստին ներկայ գտնուեցան նախարարներ Նիքոլա Նահհաս, Ալի Հասան Խալիլ, Մոհամետ Ֆընէյշ, Ուաէլ Ապու Ֆաուր եւ Մոհամետ Սաֆատի:

Նիստը, որմէ բացակայեցաւ նախարար Պասիլ, քննարկեց ելեկտրականութեան տագնապի լուծման ծրագիրը, որուն շուրջ տակաւին համաձայնութիւն մը կարելի չեղաւ գոյացնել:

Նիստին ընթացքին շեշտուեցաւ, որ այդ ծրագիրին շուրջ քննարկումները պիտի շարունակուին մինչեւ կառավարութեան գումարելիք նիստին վերջին քառորդ ժամը:

Նշենք, որ կառավարութեան նիստը պիտի գումարուի վաղը, կէսօրէ ետք ժամը 4:00-ին, նախագահական պալատին մէջ:

Նիստէն ետք նախարար Ալի Հասան Խալիլ յայտնեց, որ ելեկտրականութեան տագնապի լուծման ծրագիրին շուրջ համաձայնութեան գոյացումը ճակատագիր է եւ ոչ թէ ընտրանք` աւելցնելով, որ լիբանանցիներուն կարիքները հոգալը անհրաժեշտութիւն է:

Իր կարգին, ելեւմուտքի նախարար Մոհամետ Սաֆատի յայտնեց, որ ծրագիրով առաջարկուած 700 մեկաուաթ ելեկտրական հոսանքի արտադրութեան առումով պետական գանձարկղը կրնայ հոգալ 300 մեկաուաթ ելեկտրական հոսանք արտադրելու գումարը` առաջարկելով, որ մնացեալ ելեկտրական հոսանքը արտադրուի արաբական եւ միջազգային ֆոնտերէն տրամադրուելիք գումարներով:

ՄԱՄԼՈՅ ԱՍՈՒԼԻՍ

Մինչ վարչապետարանին մէջ կը գումարուէր նախարարական խորհրդակցական նիստ մը, նախարար Պասիլ խորհրդակցական նիստին ընթացքին նախարարութեան կեդրոնին մէջ տուաւ մամլոյ ասուլիս մը, որուն ընթացքին ըսաւ, որ ինք տակաւին չէ ըմբռնած, որ ճիշդ ո՞ր կէտին շուրջ տարակարծութիւն կայ քաղաքական այլ ուժերուն կողմէ:

Պասիլ յայտնեց, որ այս կառավարութիւնը իր կառավարութիւնն է եւ վարչապետը իր պատասխանատուն է` աւելցնելով, որ որեւէ ձախողութիւն կը նշանակէ ամբողջ կառավարութեան ձախողութիւնը:

Պասիլ դիտել տուաւ, որ կառավարութեան աշխատանքը պէտք է յաջողի եւ պատասխանատուութիւնները ստանձնուին, իսկ եթէ կան այլ կարծիքներ ու տեսակէտներ, ապա անոնց տէրերը պէտք է արտայայտեն իրենց կեցուածքները:

ՎԱՐՉԱՊԵՏԱՐԱՆԻ ԱՅՑԵԼՈՒՆԵՐԸ

Յայտնենք, որ վարչապետ Միքաթի երէկ կէսօրին ընդունեց նախարար Պասիլը, որուն հետ քննարկեց ելեկտրականութեան տագնապի լուծման ծրագիրը:

Հանդիպումէն ետք Պասիլ մեկնեցաւ շեշտելով, որ ինք պիտի չմասնակցի վարչապետարանին մէջ տեղի ունենալիք յետմիջօրէի նիստին, որովհետեւ ինք այդ նիստին հրաւիրուած չէ:

Վարչապետ Միքաթիի անակնկալ այցելութիւն մը տուաւ նաեւ Ընկերվար յառաջդիմական կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Ուալիտ Ժոմպլաթ, որ մեկնեցաւ առանց մեկնաբանութիւններ կատարելու:

Իր կարգին, վարչապետ Միքաթի լրագրողներուն հետ ունեցած իր զրոյցին ընթացքին հաստատեց, որ իրենք կը ջանան յանգիլ ելեկտրականութեան այնպիսի ծրագիրի մը, որ լաւագոյն թեքնիք պայմաններով օժտուած է, որպէսզի կարենան դրական արդիւնքներու յանգիլ` ծրագիրի ֆինանսաւորման առումով:

Ելեկտրականութեան տագնապի լուծման ծրագիրի քննարկման եւ այդ շրջագիծին մէջ տեղի ունեցած հանդիպումներուն առընթեր, վարչապետարան այցելեց նաեւ Աշխատաւորական ընդհանուր համադաշնակցութեան նախագահ Ղասսան Ղոսըն, որ կը գլխաւորէր համադաշնակցութեան մէկ պատուիրակութիւնը:

Հանդիպումէն ետք Ղոսըն հաստատեց, որ վարչապետին հետ քննարկած են Լիբանանի մէջ արձանագրուած սղաճը եւ քաղաքացիներուն տրամադրուելիք աշխատավարձի, ինչպէս նաեւ փոխադրածախսի յաւելումը:

Ղոսըն նկատել տուաւ, որ համադաշնակցութիւնը կառավարութեան մէկ ամսուան ժամկէտ պիտի ճշդէ, նախքան փողոցին մէջ առնուելիք մագլցողական քայլերը:

 

Նախորդը

ՆԱԽԱԳԱՀ ՍԼԷՅՄԱՆ ՓՈԽՎԱՐՉԱՊԵՏԻՆ ՀԵՏ ՔՆՆԱՐԿԵՑ ԸՆԹԱՑԻԿ ՀԱՐՑԵՐ

Յաջորդը

Օդերեւոյթ (7 սեպտեմբեր 2011)

RelatedPosts

Աունին Ուղղած Իր Շնորհաւորական Ուղերձին Մէջ.  Թրամփ. «Լիբանանը Դէպի Յաւելեալ  Գերիշխանութիւն Եւ Իր Դրացիներուն Հետ  Խաղաղութեան Ուղիի Վրայ Է»
Գլխաւոր լուրեր

Աունին Ուղղած Իր Շնորհաւորական Ուղերձին Մէջ. Թրամփ. «Լիբանանը Դէպի Յաւելեալ Գերիշխանութիւն Եւ Իր Դրացիներուն Հետ Խաղաղութեան Ուղիի Վրայ Է»

November 21, 2026
Ապահովութեան Խորհուրդի Անդամ  Պետութիւններու Ներկայացուցիչները Յառաջիկայ  Շաբաթ Լիբանան Եւ Սուրիա Պիտի Այցելեն
Լիբանանեան

ՄԱԿ-ի Ապահովութեան Խորհուրդ. «Բոլորին Կոչ Կ՛ուղղենք` Թիւ 1701 Որոշումը Գործադրելու»

November 21, 2026
Հաժ Հասան. «Իշխանութիւնը Ընդառաջեց  Արտաքին Ցուցմունքներուն»
Լիբանանեան

Հաժ Հասան. «Իշխանութիւնը Ընդառաջեց Արտաքին Ցուցմունքներուն»

November 21, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.