Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Միացեալ Նահանգներու Նախագահական Նախնական Ընտրութիւններ Քրուզ Յաղթական Այոայի Մէջ, Իսկ Քլինթըն` Յառաջատար

February 3, 2016
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter
Թետ Քրուզ եւ իր ընտանիքին անդամները
Թետ Քրուզ եւ իր ընտանիքին անդամները

«Պի.Պի.Սի.» կը հաղորդէ, որ Թեքսաս նահանգէն պահպանողական ծերակուտական Թետ Քրուզ Այոա նահանգին մէջ Հանրապետական կուսակցութեան նախագահական նախնական ընտրութեան մէջ պարտութեան մատնած է իր մրցակիցը` Տանըլտ Թրամփը:

Երրորդ դիրքը գրաւած է Ֆլորիտա նահանգէն ծերակուտական Մարքօ Ռուփիոն: Քրուզ ապահոված է քուէներուն 28 առ հարիւրը, Թրամփ` 24 առ հարիւրը, իսկ Ռուփիօ` 23 առ հարիւրը: Մէկ այլ թեկնածու` Պեն Քարսըն ապահոված է քուէներուն 9,3 առ հարիւրը: Մնացեալ թեկնածուները ապահոված են 5 առ հարիւրէն նուազ ձայներ:

Թրամփ շնորհաւորած է բոլոր թեկնածուները եւ ըսած, որ իրեն համար «մեծ պատիւ է» գրաւել երկրորդ դիրքը: Ան վստահութիւն յայտնած է, որ Հանրապետական կուսակցութեան կողմէ պիտի յառաջադրուի նախագահական թեկնածու եւ նշած, որ կրնար Այոայի մէջ ագարակ գնել:

Արքանսայի նախկին նահանգապետ Մայք Հաքըպի, որ 2008-ի նախագահական նախնական ընտրութիւններու ընթացքին Այոա նահանգին մէջ յաղթանակ արձանագրած էր, յայտարարեց, որ կը դադրեցնէ իր նախընտրական արշաւը:

Ինչ կը վերաբերի Դեմոկրատական կուսակցութեան քուէարկութեան արդիւնքներուն, ապա ըստ քուէներու 99 առ հարիւրի արդիւնքներուն, Հիլըրի Քլինթըն ապահոված է քուէներուն 50 առ հարիւրը, իսկ Վերմոնթէն ծերակուտական Պըռնի Սանտըրս, որ ինքզինք կը ներկայացնէ իբրեւ ընկերվար-ժողովրդավար, ապահոված է քուէներուն 49 առ հարիւրը: Մերիլընտի նահանգի նահանգապետ Մարթին Օ՛Մալի ապահոված է քուէներուն 1 առ հարիւրը: Վերջինս դադրեցուց իր նախընտրական արշաւը:

 

Նախորդը

«Ազդակ»-ի Ֆոնտին

Յաջորդը

Էրտողան Քննադատած Է Սուրիոյ Մէջ Ռուսիոյ Գործողութիւնները

RelatedPosts

Թեհրան Կը Պատրաստուի Հորմուզի Նեղուցէն Դուրս Արգիլեալ Գօտի Ստեղծելու
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ. «Ուիթքոֆ Ներկայիս Իրանի Հետ Համաձայնութեան Գոյացման Վրայ Կ՛աշխատի Եւ Չափազանց Լաւ Յառաջընթաց Կ՛արձանագրէ»

October 9, 2026
Ռիատի Եւ Ապհայի Օդակայաններուն  Վրայ Յարձակումներ
Միջազգային

Ռիատի Եւ Ապհայի Օդակայաններուն Վրայ Յարձակումներ

October 9, 2026
ՔԱԿ. «Թուրքիա Գտնուող  Մեր Բոլոր Ուժերը Հեռացան»
Միջազգային

ՔԱԿ. «Թուրքիա Գտնուող Մեր Բոլոր Ուժերը Հեռացան»

October 9, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.