«Կազեթա»` յղում կատարելով «Տէյլի Նիուզ Իճիփթ»-ին, կը գրէ, որ Եգիպտոսի հարաւային Սինա նահանգի նահանգապետ Խալետ Ֆոտա յայտարարած է, որ երկրի զբօսաշրջութեան մարզին կրած վնասները երկու գլխաւոր վայրերու` Շարմ Շէյխի եւ Հուրկատայի մէջ վերջին երեք ամիսներու ընթացքին կազմած են աւելի քան 766 միլիոն տոլար:
Ըստ պաշտօնատարի, Սինայի թերակղզիին վերեւ 31 հոկտեմբեր 2015-ին ռուսական օդանաւի ականահարումէն ետք, Եգիպտոս նոյեմբերէն սկսեալ իւրաքանչիւր ամիս կորսնցուցած է շուրջ 256-ական միլիոն տոլար:
Յիշեցնենք, որ Ռուսիոյ նախագահի բանբեր Տմիթրի Փեսքով յայտարարած է, որ Ռուսիոյ եւ Եգիպտոսի միջեւ թռիչքներու վերականգնման համար պէտք է լուծել անվտանգութեան հարցերը:
31 հոկտեմբեր 2015-ին Շարմ Շէյխէն Սան Փեթերսպուրկ թռիչք կատարող ռուսական օդանաւի ջախջախման զոհերուն թիւը 224 է: