ԲԺԻՇԿ ԿԱՐՊԻՍ ՀԱՐՊՈՅԵԱՆ
Ինծի համար մեծ պատիւ է գրել Հայոց ցեղասպանութեան իբրեւ հետեւանք ստեղծուած հայ որբաշխարհի որբերէն Գառնիկ Բանեանի «ՅՈՒՇԵՐ ՄԱՆԿՈՒԹԵԱՆ ԵՒ ՈՐԲՈՒԹԵԱՆ» գիրքին մասին:
Ես ճեմարանական չեմ եղած եւ, հետեւաբար, Գառնիկ Բանեանին չեմ աշակերտած: Սակայն ճանչցած եմ զինք Լիբանանի Ազգային իշխանութենէն ներս եւ Համազգայինի մեծ ընտանիքէն ներս իր վարած պաշտօններուն բերումով: Իրմէ շատ բան սորված եմ 1976-80 տարիներուն, երբ գործեցինք միասնաբար Համազգայինի Լիբանանի Շրջանային վարչութեան մէջ: Ճանչցայ տիպար հայ մարդը, մտաւորականը, համբերատար ժողովականը եւ ազնիւ հոգիով «պապա» մարդը: Մտերմացանք, ծրագրեցինք, կազմակերպեցինք եւ գործադրեցինք: Ինծի համար նորութիւն մը եղաւ իր` Անթուրայի որբերէն մէկը ըլլալը, երբ կարդացի իր «Մանկութեան եւ որբութեան յուշերը»:
Բոլորս շատ լաւ գիտենք, որ օսմանեան պետութեան կողմէ ծրագրուած, կազմակերպուած եւ գործադրուած Հայոց ցեղասպանութեան ընթացքին հայ մանուկները ենթարկուեցան զանազան տեսակի ողբերգութիւններու եւ հրէշային բռնարարքներու: Թուրք գազանաբարոյ եւ ազգայնամոլ պետականութիւնն ու ժողովուրդը առանց խղճահարութեան, խողխողելէ ետք 1,5 միլիոն անօգնական եւ անմեղ հայեր, արիւնոտ ձեռքով ստեղծեցին մարդկային անզուգական եւ սրտաճմլիկ ողբերգութիւնը` հայ որբաշխարհը, իր սրտամորմոք տեսարաններով եւ երեւոյթներով: Հայ որբերը կորսնցնելէ ետք իրենց ծնողները եւ հարազատները, մաքառեցան մահուան դիմաց: Անոնց ճակատագիրը եղաւ դաժան եւ անողոք: Անոնք կրեցին տարագրութեան բոլոր դառնութիւնները: Անոնք տեսան տաժանակիր տառապանք, զրկանք եւ մահ: Անոնք եղան հայ պատմութեան ամէնէն դժբախտ սերունդը: Անշնչացած հայ մանուկներու մարմիններուն յաջորդեց որբացած հայ մանուկներու խեղուած եւ ստրկացած հոգիները:
Հայոց ցեղասպանութեան առաջին շրջանին` 1915-1918, թուրքերը կազմակերպեցին հայ որբերու հաւաքը եւ իսլամացումը, որ տեղի ունեցաւ պետական եւ ժողովրդային մակարդակով: Հաւաքուած հայ մանուկներուն մեծամասնութիւնը տեղաւորուեցաւ արդէն իսկ գոյութիւն ունեցող թրքական որբանոցներու եւ նոր հաստատուած որբանոցներու մէջ: Թրքական այս որբանոցներէն մէկն էր Լիբանանի Այնթուրա գիւղաքաղաքի տխրահռչակ Այնթուրա որբանոցը:
Այդ գիւղաքաղաքը կը գտնուի Պէյրութէն մօտաւորապէս 15 քիլոմեթր հեռաւորութեան վրայ: 1656-ին Ժեզուիթ վարդապետները հոն կը հաստատեն Այնթուրա քոլեճը: 1834-ին լազարիսթ վարդապետները կը ստանձնեն քոլեճը: 1915-ին Ճեմալ փաշան կը գրաւէ քոլեճը եւ կը վերածէ որբանոցի:
Ճեմալ փաշան Պոլիսէն կը հրաւիրէ փանթուրքիսթ կին գրող եւ ֆեմինիսթ Հալիտէ Էտիպի Հանըմը, որպէսզի ղեկավարէ որբանոցը եւ իրականացնէ հայ որբերու իսլամացումը: Հալիտէ Հանըմ կը դառնայ հայ որբերը թրքացնող ռահվիրայ անձնաւորութիւնը: Իրեն հետ կը գործէ մօտ 40 անձերէ կազմուած թրքացնող խմբակ մը: 1916-1918 մօտաւորապէս 1000 հայ եւ 200 քիւրտ 3-15 տարեկան որբեր կը պահուին այս որբանոցին մէջ:
Այնթուրայի որբանոցի որբերէն եղած է Գառնիկ Բանեան:
Ան ծնած է Կիւրիւն, 1910-ին: Իր մանկութեան, որբութեան եւ Այնթուրայի որբանոցի յուշերը ան թուղթին յանձնած է իր հասուն տարիքին: Այս բոլորը մեր սեփականութիւնը դարձած են «Յուշեր մանկութեան եւ որբութեան» հատորով:
Գառնիկ Բանեանի սոյն գիրքը լոյս տեսած է 1992-ին, Մեծի տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան տպարանէն, Պէյրութ, մեկենասութեամբ Սալխանեան եղբայրներուն: Գիրքը կազմուած է ութ գլուխներէ, որոնք կը ներկայացնեն հեղինակին մինչեւ 5 տարեկան մանկութիւնը եւ 5-9 տարեկան տառապալից որբութիւնը:
«Յուշեր մանկութեան եւ որբութեան» հատորը իր ամբողջութեանը մէջ յուշագրութիւն մըն է: Տասնեակ մը տարիներու լռութենէ ետք, վերապրած Գառնիկ Բանեան գրած է իր մանկութեան լաւ, ուրախ, զուարճալի օրերուն եւ որբութեան դժոխային ու տառապալից տարիներուն մասին:
Գառնիկ Բանեանի յուշերը դիւրահասկնալի են եւ մեր յիշողութեան պաստառէն բնաւ չեն ջնջուիր:
«Հայրենի տունս» գլխուն տակ Գառնիկ Բանեան մանրամասնութեամբ կը խօսի ուրախ եւ անմեղ մանկութեան մը, աղուոր ընտանեկան մթնոլորտի եւ անսահման ծնողական գուրգուրանքի, մօր սիրոյ եւ խանդաղատանքի, մօր եւ մեծ մօր պատրաստած համեղ ճաշերու եւ թոնիրի լաւաշ հացի, ծննդավայրի եւ հայրենի տան անուշութեան, հայաշունչ դպրոցական կեանքի, տօնական օրերու արարողութիւններու, հաճելի ընտանեկան պտոյտներու, հաւաքոյթներու ինչպէս նաեւ հարիսայի պատրաստութեան եւ կեր ու խումի մասին: Ան կը նկարագրէ հայրենի բնաշխարհի գեղեցկութիւնը, թռչուններու ճռուողումը, ակի ջուրին կարկաչումը, ինչպէս նաեւ` վարդենիներու, շուշաններու եւ ռեհանի թուփերու գեղեցկութիւնն ու բուրումնաւէտ հոտերը:
Գառնիկ Բանեան պարզութեամբ եւ անուշութեամբ կը նկարագրէ իր մայրն ու հայրը, իր մեծ հայրը եւ հայրենական տունը ու կ՛ըսէ.
«Մայրս համակ ժպիտ ու սէր էր: Իր դէմքին վրայ, իր աչքերուն, իր շրթունքին վրայ կարծէք արեւ կար: Մայրս լուսնի կտոր էր եւ անսահման բարութիւն: Գրել կարդալ հազիւ գիտէր, սակայն եկեղեցական երգերը եւ շարականները գոց գիտէր:
«Հայրս իր հօր մէկ կտորն էր: Ան կօշկակար էր, կը կարէր ընտիր եւ սուղ կօշիկներ, կը կարէր նաեւ եմէնիներ թուրքերուն համար: Ան կուշտ մարդ էր, եւ իր գործերը լաւ կ՛երթային: Ան աշխատասէր էր, առտուները կանուխ կ՛երթար շուկայ եւ իրիկունները մութին հետ տուն կը մտնէր:
«Մեծ հայրս արդար, խոնարհ, մարդասէր, ճառախօս, եկեղեցասէր, աստուածավախ, բարերար եւ եկեղեցի շինող մարդ էր: Քանի՜ քանի՛ անգամներ մերժած էր մզկիթ շինել: Ան հայ եկեղեցւոյ մոլեռանդ հաւատացող էր:
«Մեր հայրենի տան մէջ կը տիրէր առատութիւն, խաղաղ կեանք, համերաշխութիւն, յարգանք, հոն ատելութիւն եւ նախատինք չկար: Մեր տունը աղօթքի տաճար էր, երջանկութեան աղբիւր, հոն կը տիրէր նահապետական եւ պապենական հայկական կեանք: Հոն կը պատրաստուէր թոնիրի լաւաշ հացը եւ թել պանիրը»:
Գառնիկ Բանեանի որբութեան յուշերը դառնաղէտ օրերու վերյիշումներ են: Անոնք ցաւ ու տառապանք արտացոլացնող գրութիւններ են, որոնք կը ներկայացնեն հայ անմեղ որբերուն տառապանքը եւ ոճրագործ թուրքին ահաւորութիւնը: Անոնք ոչ միայն ականատեսի մը, այլ նաեւ հայ որբերուն խղճահարելի կեանքը ապրած որբի մը վկայութիւններն են: Անոնք կը ցոլացնեն հայ որբերու ամէնօրեայ սրտաճմլիկ ապրումները եւ կը բացայայտեն մանկութիւն չունեցող հայ որբերու մանկական եւ պատանեկան հոգեխառնութիւնն ու հոգեբանութիւնը: Անոնք արցունքոտ աչքերով կարդացուելիք հայ որբերու տառապանքին վաւերական փաստաթուղթերն են:
Մանուկ Գառնիկի խաչելութեան գողգոթան կը մեկնի Կիւրիւնէն, կ՛անցնի Մարաշէն, Քիլիսէն, Հալէպէն, Համայէն, Հոմսէն եւ իր գագաթնակէտին կը հասնի Այնթուրայի մէջ:
1915-ի սկիզբը կը սկսի հինգ տարեկան մանուկ Գառնիկի տառապալից կեանքը: Տեղի կ՛ունենայ օսմանեան պետութեան կողմէ ընդհանուր զօրակոչը: Հետեւաբար Գառնիկին հայրը իր խանութը կը յանձնէ իր թուրք գործաւորին եւ ապրանքները կը ծախէ դրացի թուրք խանութպաններուն: Ան կը հնազանդի պետական զօրակոչին: «Հայրս գնաց, այդ երթալն էր եւ անգամ մըն ալ չտեսանք», կ՛ըսէ Գառնիկ Բանեան:
Կիւրիւնի հայկական թաղերուն մէջ թուրք մունետիկները շրջելով կը յայտարարեն` «Երեք օրէն հայերու փոխադրութիւնը տեղի պիտի ունենայ աւելի ապահով վայր, վստահեցէք, դուռերնիդ բաց ձգեցէք եւ գացէք, 2-3 ամիսէն երբ վերադառնաք, ամէն բան իր տեղը պիտի գտնէք, պետութիւնը խիստ կերպով կը հսկէ ինչպէս ձեր կեանքին, այնպէս ալ ձեր տան եւ ինչքերուն վրայ»:
Թուրք պատասխանատուներ կ՛առաջարկեն Գառնիկին մեծ հօր, որ ինք եւ ընտանիքը մնան Կիւրիւն եւ մաս չկազմեն կարաւանին. սակայն ան կը մերժէ` ըսելով. «Կ՛ուզեն, որ հոս մնամ իմ ամբողջ գերդաստանով, որ իրենց համար կառավարական շէնք շինեմ, թուրք մեծ աղաներուն ղոնախներ շինեմ, ետքն ալ ճամի եւ թեքքէ շինեմ, միւս օրն ալ աստուածս ուրանամ եւ տաճիկ ըլլամ: Գիտեմ այս բոլորը: Աւելի լաւ է գաղթականութեան ճամբուն վրայ մեռնիմ, իմ ժողովուրդիս հետ մեռնիմ, քան թէ թրքանամ»:
Գառնիկին մայրը եւ մեծ մայրը շուտով կը պատրաստեն սննդամթերքի բաւարար պահեստ մը, մի քանի հագուստներ, վերմակ եւ ծածկոց: Վերջին ընթրիքի պահուն Գառնիկին մայրը կ՛ըսէ. «Լա՛ւ կերէք, որովհետեւ երկար պիտի քալենք»:
Մանուկ Գառնիկ իր մօր, մեծ մօր եւ հօր, եղբօր եւ քրոջ հետ տան դուռը բաց ձգելով` դուրս կ՛ելլեն եւ կը միանան Կիւրիւնի հայութեան կարաւանին, որ կը քալէ փոշոտ եւ քարքարուտ ճամբաներէ ու արեւի կիզիչ ճառագայթներուն տակ: Կարաւանը կը քալէ օրական 8-10 ժամ, մէկ ժամ դադարով, կը քալէ հանդարտ եւ մռայլ` երեք ժանտարմաներու հսկողութեամբ: Ծարաւն ու անօթութիւնը կը դառնան համատարած: Առաջին անգամ ըլլալով Գառնիկին մայրը հացերը կտորներու կը վերածէ ու ամէն մէկուն կտոր մը կու տայ. Գառնիկ խաչ կը հանէ եւ պատառ-պատառ կ՛ուտէ ցամաք հացը: Յոգնած մամիկներ եւ երեխաներ կը ճչան, մամիկ մը կը բացագանչէ. «Դուք գացէ՛ք, զիս հոս ձգեցէք, ա՛լ ուժ չմնաց» ու կ՛իյնայ գետին:
Ֆիզիքական տկարութեան կողքին, հոգեկան անկումի նշաններ կը տեսնուին բոլորին մօտ: «Կը քալէինք գլխահակ ոչխարներու հօտի մը հնազանդութեամբ, գլուխնիս կախ, շփոթած. մեռած էր երեխաներուն մանկութիւնը, հոգեվարքի մէջ էր անոնց տղայութիւնը», կ՛ըսէ Բանեան:
Կարաւանը, անցնելով Ալպուստանէն, Մարաշէն, Այնթապէն Քիլիսէն` կը հասնի Ռագգայի կայարանը: Հոն ժանտարմաներու հրահանգով բոլոր գաղթականները կը բարձրանան շոգեկառք, որ շուտով կ՛ուղղուի դէպի Համա քաղաքը: Մանուկ Գառնիկ կը տեսնէ անապատի իրականութիւնը ու կ՛ըսէ. «Կայարանի քովերէն սկսած մինչեւ հեռուները անապատ էր եւ այդ անապատի ամբողջ երկայնքին, մինչեւ հորիզոնը` մարդկային բազմութիւն, իրարու վրայ թափուած մարդկային խլեակներ, մեզմէ առաջ եկած գաղթականներ: Հողի ու աւազի վրայ, առանց ծառի շուքին, բաց օդի տակ, արեւու ճառագայթներուն տակ կուտակուած կիներու եւ մանուկներու անծայրածիր ծով մը: Անապատը հո՛ս էր. ո՛չ մէկ շինութիւն, ո՛չ մէկ վրան, լաթի կտորներով եւ սաւաններով շինուած արդիական տուներ` առանց երդիքի»:
Կարաւանը երկար թափառելէ ետք կը տեղաւորուի անծայրածիր գաղթակայանին մէջ, որ լեցուն էր Կիլիկիոյ զանազան շրջաններէն եկած հազարաւոր հայ գաղթականներով: Հեղինակը կը նկարագրէ գաղթակայանի իրավիճակը այսպէս. «Հոն կը տիրէր հացի, ջուրի, դեղի եւ բժիշկի պակասը. գաղթակայանը վերածուած էր համաճարակ հիւանդութիւններու ոստայնի մը: Անհամար մանուկներ եւ հիւանդներ կը մահանային ամէն օր եւ մեռելակիր սայլը կ՛երթար-կու գար շարունակ. բոլորը կը թաղուէին եւ կուտակուած բլուրի մը տեսք կ՛ունենային: Գարշահոտութիւնը ամբողջ գաղթակայանին մէջ կը բուրէր»:
23 յուլիս 1989-ին, Պէյրութ
Մոնրէալ
30 նոյեմբեր, 2015
(Շար. 1)