Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Տեսակէտ. Վարուելակերպի Սրբագրութիւն

January 30, 2016
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՏՕՆԻԿ Տ

aram_012916

«1918-ի ամրան վերջին ու խռովայոյզ օրերն էին: […] Բոլորի հայեացքը դէպի այն տունն էր ուղղուած, ուր օր ու գիշեր տքնում էր Արամը, փրկութեան ելք փնտռելով հայկական ահաւոր դժոխքից»: («Արամի Կեանքից», Վ. Նաւասարդեան)

29 յունուարին ամբողջացաւ Հայաստանի Ա. անկախ հանրապետութեան հիմնադիր Արամ Մանուկեանի մահուան 97-ամեակը: 28 յունուարին Հայաստանի մէջ նշուեցաւ «Հայոց բանակի օր»-ը: Երկու տարբեր առիթներ, որոնք բնաւ չառնչուեցան, մանաւանդ Հայաստանի մէջ: Առիթները իրար կապելու եւ այդ մասին երկար գրելու մտադրութիւն չունինք: Անտեսելով բնութիւնն ու տրամաբանութիւնը, ունինք մէկ ըսելիք` 28 յունուարը պիտի չըլլար, եթէ չըլլար 29 յունուարի յիշատակութեան պատճառը յառաջացնող մարդը:

Նախապէս զանազան յօդուածներով անդրադարձ կատարուած է Արամ Մանուկեանի տան անխնամ եւ լքուած վիճակին: Զանազան յօդուածներու անդրադարձով հանդերձ, ո՛չ մէկ հակազդեցութիւն նկատուեցաւ, բացի «ֆէյսպուք»-ի էջերով կարգ մը անհատներու դժգոհութիւններէն, որոնք կը դատապարտէին Հայաստանի Ա. անկախ Հանրապետութեան հիմնադիրի տան հանդէպ ցուցաբերուած կեցուածքը` յատկապէս Հայաստանի ներկայ իշխանութիւններուն կողմէ:

Եթէ ժամանակի եւ պայմաններու բերումով երկրին իշխանութիւնները իրենց գոյութեան պատճառը անտեսած են, նոյն արդարացումները պէտք չէ ունենայ այդ ժամանակահատուածի եւ բոլոր ժամանակներու կազմակերպութիւնը` իր աւանդով, սովորութիւններով, կազմակերպական եւ պատմական արժէքներով` լքելու համար մշակութային եւ պատմական արժէք ներկայացնող Արամ Մանուկեանի տունն ու գերեզմանը:

Բոլոր ամեակներէն, սահմանադրութիւններէն, քաղաքական գործընթացներէն,  կառավարութիւններէն, ընտրութիւններէն, պատգամաւորներէն եւ քննադատութիւններէն կարեւոր արժէք փրկելու խնդիր գոյութիւն ունի այստեղ: Եթէ պատմութեան, մօտիկ պատմութեան արժէքը փրկելու փորձ չենք կատարեր, եթէ շարունակենք շուքի մէջ պահել, «արժեզրկել», լքել ներկայ հանրապետութեան հիմքը` մնացեալը անիմաստ կը դառնայ: Ներքաղաքական իրադարձութիւններ, տօնախմբութիւններ, ամեակներ, նշումներ… բոլորը անիմաստ պիտի դառնան, եթէ անցեալը անարժէք է ու լքուած: Եթէ միամիտ եւ մակերեսային բաղդատութիւն մը ընենք Թուրքիոյ Աթաթուրքին եւ Մանուկեանին միջեւ, կը գտնէք երկու պետութիւններուն, իւրաքանչիւրի` իր արժէքի յիշատակին հանդէպ ցուցաբերած վարմունքին տարբերութիւնները:

Որպէսզի գալիք «խռովայոյզ  օրերուն» մեր հայեացքը դէպի «տուն մը», կամ գերեզման մը ուղղելու հասցէ ունենանք, նոր հասցէի լաւագոյն հիմքը Արամ Մանուկեանի յիշատակին հանդէպ վարուելակերպի սրբագրութիւնն է:

 

 

Նախորդը

Սուրիոյ Հոգեւոր Առաջնորդներու Հանդիպում` Անթիլիասի Մայրավանքին Մէջ

Յաջորդը

Սեւ Ծովուն Վերեւ Միջադէպ` Ռուսական Եւ Ամերիկեան Ռազմական Օդանաւերու Միջեւ

RelatedPosts

Եապանճօ Հարսին Օտար Առաջարկը
Անդրադարձ

Աշունը Գլուխը Երկարեց

October 28, 2026
Պարտութենէն Անդին` Պատմութիւնը Ուրանալու Վտանգը
Անդրադարձ

Թրքական Աշխարհի Ռազմական Համախմբումը. Ո՞ւր Է Հայաստանի Տեղը Նոր Աշխարհաքաղաքական Քարտէսին Վրայ

October 28, 2026
Հայաստանի Քաղաքական Փակուղին Եւ Անոր Յաղթահարման Նախադրեալները
Անդրադարձ

Ընտրութիւններու Եւ Պատերազմի Միջեւ

October 27, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.