Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

ԵԽԽՎ-ի Մէջ Հակահայ Բանաձեւերը Մտան Օրակարգ. ԵԽԽՎ-ի Վեհաժողովի Նախագահի Պաշտօնին Ընտրուած Է Փետրօ Ակրամունթ, Փոխնախագահներէն Մէկը Հերմինէ Նաղդալեան

January 26, 2016
| Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

06Assembly

Երէկ Սթրազպուրկի մէջ  սկսաւ Եւրոպական խորհուրդի Խորհրդարանական վեհաժողովի (ԵԽԽՎ) ձմեռնային նստաշրջանը, եւ օրակարգի հաստատման ժամանակ երկու նախագիծերը դուրս չմնացին շրջանառութենէ` թէեւ եղած էին նման առաջարկներ: Մինչեւ նստաշրջանը սկսի, Խորհրդարանական վեհաժողովի նախկին նախագահ Անն Պրասյորն իր մամլոյ ասուլիսին ընթացքին անդրադարձած էր բանաձեւերու նիւթերուն: Անոր համաձայն, բազմաթիւ առաջարկներ եղած են` այդ բանաձեւերու նախագիծերուն քննարկումները չկատարելու վերաբերեալ: «Հայաստանն ու Ազրպէյճանը Եւրոպական խորհուրդի անդամ երկիրներ են, եւ մենք պէտք է լուծում գտնենք, որպէսզի մարդիկ խաղաղութեան մէջ ապրին: Այդ պատճառով պէտք է քրտնաջան աշխատինք, որովհետեւ մարդիկ կը տառապին այդ շրջանին մէջ: Անոնք Եւրոպական խորհուրդի քաղաքացիներն են, անոնց իրաւունքները պէտք է պաշտպանուին, կը մնայ միայն գտնել միջոցը: Տագնապին լուծում մը պէտք է գտնուի: Իմ անձնական կարծիքն է, որ մենք պէտք չէ կացութիւնը ձգենք այնպէս, ինչպէս որ է», ըսած է Անն Պրասէօրը:

Երէկ ԵԽԽՎ-ի վեհաժողովի նախագահի պաշտօնին ընտրուած է Փետրօ Ակրամունթ, որուն թեկնածութիւնը առաջարկուած է Եւրոպական ժողովրդական կուսակցութեան կուսակցական բաժինէն: Ակրամունթ  Սպանիոյ ծերակոյտի անդամ է` Վալենսիայէն: Քաղաքական գործիչը ծանօթ է Ուքրանիոյ օգտին իր յայտարարութիւններով, ան նաեւ Խրիմի կցումի խիստ քննադատ է: Շատեր անոր ընտրութիւնը վիճելի կը նկատեն, որովհետեւ անոր անունը շրջանառութեան մէջ դրուած է Ազրպէյճանի կողմէ ԵԽԽՎ-ի անդամները կաշառելու վերաբերեալ լրագրական հետաքննութիւններուն մէջ:

 

Միւս կողմէ, վեհաժողովի պաշտօնական կայքը կը տեղեկացնէ, որ տեղի ունեցած է նաեւ ԵԽԽՎ-ի փոխնախագահներու ընտրութիւնը: 20 փոխնախագահներէն մէկը ընտրուած է Հայաստանի Հանրապետութեան Ազգային ժողովի փոխնախագահ Հերմինէ Նաղդալեան:

Նախորդը

Երեւանի Մէջ ՀՅԴ Երիտասարդական Եւ Ուսանողական Միութիւններու Բողոքի Ցոյց

Յաջորդը

Բագրատունի Լազարինիի Հետ Քննարկեց Սուրիահայ Գաղթականներու Պարագան

RelatedPosts

Ազգային Ժողովին Մէջ Բուռն Ծեծկռտուք`  Իշխանական Եւ Ընդդիմադիր  Պատգամաւորներու Միջեւ
Գլխաւոր լուրեր

Ազգային Ժողովին Մէջ Բուռն Ծեծկռտուք` Իշխանական Եւ Ընդդիմադիր Պատգամաւորներու Միջեւ

October 30, 2026
Լեւոն Մնացականեան Պաքուի Դատարանին Մէջ Հերքած Է Ազրպէյճանցիի Մեղադրանքը
Հայկական

Ըստ Հայաստանի Իշխանութիւններուն Գերիներու Հարցի Լուծման Ուղին Կ՛անցնի Ազրպէյճանի Հետ Երկխօսութեան Ընդմէջէն

October 30, 2026
Ազգային Ժողովը Վաւերացուց ԹՐԻՓՓ-ի Համաձայնագիրը. Ընդդիմադիր Խմբակցութիւնները Դէմ Քուէարկեցին
Գլխաւոր լուրեր

Ազգային Ժողովը Վաւերացուց ԹՐԻՓՓ-ի Համաձայնագիրը. Ընդդիմադիր Խմբակցութիւնները Դէմ Քուէարկեցին

October 29, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.