Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Քրիստոնեայ Համայնքի Գժտութեան Ժամանակաշրջանը Վերջ Գտած Է, Իսկ Մեր Համաձայնութիւնը Լիբանանեան Ծրագիր Մըն Է, Որ Կրնայ Մարտ 8-Ի Եւ Մարտ 14-ի Ուժերը Համախմբել» Շեշտեց Քանաան

January 26, 2016
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter
Իպրահիմ Քանաան
Իպրահիմ Քանաան

Փոփոխութիւն եւ բարեկարգում համախմբումի ընդհանուր քարտուղար, երեսփոխան Իպրահիմ Քանաան յայտնեց, որ Ազգային ազատ հոսանք եւ Լիբանանեան ուժեր կուսակցութիւններուն միջեւ գոյացած համաձայնութիւնը կը ծառայէ բոլոր քրիստոնեաներուն համաձայնութեան` աւելցնելով, որ այսուհետեւ միջքրիստոնէական գժտութիւնը մերժելի է, նոյնիսկ եթէ տեսակէտները փոփոխութեան ենթարկուին:

Քանաան յայտնեց, որ փոխադարձ նպատակներու յայտարարութեան կարեւորագոյն կէտը այն էր, որ տարակարծութիւնը պէտք է ընդունիլ առանց գժտութեան` մաղթելով, որ այդ սկզբունքը կը վերածուի օրէնքի լիբանանեան քաղաքական ուժերուն համար: «Լիբանանեան ուժեր եւ Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութիւններուն միջեւ համաձայնութիւնը միայն իրենց չի վերաբերիր: Իսկ եթէ լիբանանեան իշխանութիւնը ստանձնելու առումով գործակցութիւնը տարիներ շարունակ տուժած է քրիստոնեաներուն երկփեղկումին պատճառով, ապա այդ գործակցութիւնը պէտք է վերահաստատուի` անոնց հաշտութեան իբրեւ արդիւնք», շեշտեց ան:

Քանաան յայտնեց, որ Մեհրապի մէջ գոյացած համաձայնութեան մանրամասնութիւնները իրենք պիտի ներկայացնեն լիբանանեան քաղաքական բոլոր ուժերուն: «Այս համաձայնութիւնը պարզապէս ընտրական դաշինք մը չէ եւ ոչ ոքի հաշուոյն պիտի ըլլայ», ընդգծեց ան:

Քանաան շեշտեց, որ իրենք կը վստահին Փոփոխութիւն եւ բարեկարգում համախմբումի նախագահ, երեսփոխան զօր. Միշել Աունի թեկնածութեան նկատմամբ Հըզպալլայի զօրակցութեան:

«Իսկ մեր դաշնակիցին` Մարատա հոսանքի ղեկավար, երեսփոխան Սլէյման Ֆրենժիէի հետ յարաբերութիւնը կը շարունակուի եւ հանդիպումը որեւէ ատեն կրնայ պատահիլ», ըսաւ Քանաան:

Նախորդը

Ուահապ. «Սէյիտ Նասրալլա Զօր. Աունին Չի Դաւաճաներ, Իսկ Ժահժահ Քաղաքական Հակառակորդ Է Եւ Ոչ Թէ Թշնամի»

Յաջորդը

Մուսթաքպալ Հոսանքը Եւ Հըզպալլան Կոչ Կ՛ուղղեն Կառավարութեան Գործունէութիւնը Աշխուժացնելու Շուրջ Համաձայնելու

RelatedPosts

Ընդունելով Գերմանիոյ Տնտեսական  Գործակցութեան Նախարարը`  Նախագահ Աուն. «Հակամարտութիւններու  Լուծման Համար Դիւանագիտական  Լուծումներուն Կը Կառչինք»
Լիբանանեան

Ընդունելով Գերմանիոյ Տնտեսական Գործակցութեան Նախարարը` Նախագահ Աուն. «Հակամարտութիւններու Լուծման Համար Դիւանագիտական Լուծումներուն Կը Կառչինք»

October 30, 2026
Թրիփոլիի Լիբանանեան Համալսարանին Մէջ  Նոր Խորհրդակցական Հանդիպում
Լիբանանեան

Թրիփոլիի Լիբանանեան Համալսարանին Մէջ Նոր Խորհրդակցական Հանդիպում

October 30, 2026
Ֆրանսական Խորհրդարանական  Պատուիրակութիւն Մը Այցելեց  Պէյրութի Նաւահանգիստ
Լիբանանեան

Ֆրանսական Խորհրդարանական Պատուիրակութիւն Մը Այցելեց Պէյրութի Նաւահանգիստ

October 30, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.