
«Պի.Պի.Սի.» կը հաղորդէ, որ Ֆրանսայի նախագահ Ֆրանսուա Հոլլանտ յայտարարած է, որ ՏԱՀԵՇ-ի կողմէ հրապարակուած տեսանիւթը Ֆրանսայի պիտի չստիպէ` հրաժարելու ահաբեկչութեան դէմ պայքարէն:
Ֆրանսայի նախագահը Հնդկաստան տուած պաշտօնական այցելութեան ընթացքին լրագրողներուն ըսած է. «Ոչինչ պիտի վախցնէ մեզ, ոչ մէկ սպառնալիք պիտի կարենայ սասանել Ֆրանսան ահաբեկչութեան դէմ մղուող պայքարին մէջ»:
Տեսահոլովակը, որուն մէջ ցուցադրուած են Փարիզի մէջ նոյեմբերեան յարձակումներու մասնակից զինեալները, զետեղուած է խմբաւորման կայքերէն մէկուն վրայ:
Տեսահոլովակը նկարահանուած է անցեալ տարուան նոյեմբերին տեղի ունեցած յարձակումէն առաջ, սակայն հրապարակուած է 24 յունուարի երեկոյեան: Ատոր մէջ «անհաւատներու» հասցէին սպառնալիքներ կը հնչեն Լոնտոնի Աշտարակի կամուրջի եւ Ս. Պետրոս տաճարի լուսանկարներու ցուցադրութեամբ: Ահաբեկիչներուն պնդումով` իրենք պատրաստ են հարուածներ հասցնել «որեւէ ժամանակ որեւէ վայրի մէջ»:
Կ՛ենթադրուի, որ ատիկա զինեալներու վերջին տեսագրութիւնն է` Ֆրանսա երթալով ահաբեկչութիւնը գործելէ առաջ:
Յիշեցնենք, որ 13 նոյեմբերի երեկոյեան Փարիզի մէջ կատարուած էին շարք մը ահաբեկչական գործողութիւններ, որոնց պատճառով զոհուած էր 130 մարդ եւ 350 ուրիշներ վիրաւորուած էին: Գործողութիւններու պատասխանատուութիւնը ստանձնած էր ՏԱՀԵՇ-ը: