«Արմէնփրես» կը հաղորդէ, որ քարիւղի համաշխարհային գիներու` անցեալ տարուան կէսերէն սկսած շարունակական անկումը Ազրպէյճանը կանգնեցուցած է տնտեսական խոր ճգնաժամի շեմին: Քարիւղի գինի անկումը սեղմած է Ազրպէյճանի քաղաքական իշխանութեան դէմ «կոճակը»:
Ազրպէյճանի ազգային դրամանիշի` մանաթի լողացող փոխարժէքի անցնելուն պատճառով ամերիկեան տոլարի դիմաց անոր արժէքին գրեթէ երկու անգամ արժեզրկուելուն պատճառով բոլոր ապրանքներուն, ներառեալ սննդամթերքի, գիներու 50 առ հարիւրէն աւելի աճէն ետք, երկրի ամբողջ տարածքին գիներու բարձրացման դէմ սկսած բողոքի զանգուածային բողոքները ցնցած են քարիւղի տոլարներու առատութենէն շփացած Ազրպէյճանի քաղաքական իշխանութիւնը:
Երկրին մէջ աշխատատեղիներու զանգուածային կրճատումներ տեղի կ՛ունենան, կ՛աճի գործազրկութիւնը, փակուած են մեծ թիւով հաստատութիւններ եւ դրամատուներ:
Ըստ «Ազատլիք»-ի, անցեալ տարուընէ սկսած քարիւղի գինի անկումէն ի վեր Ազրպէյճան շուրջ 10 միլիառ տոլար կորսնցուցած է: «Maraj.az.» կը նշէ, որ Ազրպէյճանի պետական քարիւղի ընկերութիւնը` ՍՈՔԱՐ-ը 21 հազար աշխատատեղի կրճատած է: Ազրպէյճանի մէջ գործող 10 դրամատուներ փակուած են եւ դրամատան մարզի 5 հազար աշխատակիցներ գործէ արձակուած են:
«Report.az» կը նշէ, որ 2015-ին Ազրպէյճանի օտար դրամանիշերու պահեստը կրճատուած է շուրջ 60 առ հարիւրով: