
Փաղանգաւոր կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Սամի Ժեմայէլ երէկ երեկոյեան ժամը 6:00-ին Պիքֆայայի մէջ մամլոյ ասուլիսի մը ընթացքին յայտնեց, որ երկիրը դժուար հանգրուան մը եւ ծանր պայմաններ կը դիմագրաւէ, իսկ իշխող քաղաքական ղեկավարութիւնը իր ստանձնած պատասխանատուութեան տէրը չէ` լուծել կարենալու համար երկրին հարցերը:
Ժեմայէլ դրուատեց Լիբանանեան ուժեր կուսակցութեան եւ Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութիւններուն միջեւ գոյացած համաձայնութիւնը: Ան նշեց, որ այդ հաշտութիւնը կարեւոր առիթ մըն է, «եւ որովհետեւ մենք յանձնառու ենք այդ հաշտութեան, ապա կը փափաքինք, որ անիկա հաստատուն հիմքեր ունենայ, որպէսզի կարելի ըլլայ զայն լաւագոյնս պաշտպանել: Իսկ իշխանութեան հասնելու համար անհրաժեշտ է հաշտութիւնը շրջանցել եւ քաղաքական դաշինք կազմել», ըսաւ ան:
Սամի Ժեմայէլ շեշտեց, որ Փաղանգաւոր կուսակցութեան համար նախագահական թեկնածուին ինքնութիւնը չէ կարեւորը, այլ` անոր որդեգրած քաղաքական ծրագիրը:
«Այս սկզբունքէն մեկնելով Մարտ 8-ի քաղաքական ուժերու ծրագիր ներկայացնող թեկնածուն պիտի չընտրենք, ըլլայ ան իսկական թէ «թայուանական արտադրութիւն»», յայտնեց Ժեմայէլ:
Ժեմայէլ նշեց, որ ինչպէս որ պահանջած են Մարատա հոսանքի ղեկավար, երեսփոխան Սլէյման Ֆրենժիէէն, նոյնպէս ալ կը պահանջեն Փոփոխութիւն եւ բարեկարգում համախմբումի նախագահ, երեսփոխան զօր. Միշել Աունէն երկրին արտաքին քաղաքականութեան մասին իրենց պատկերացումն ու կեցուածքը ներկայացնել, ինչպէս նաեւ իրենց ծրագիրներով համոզել Փաղանգաւոր կուսակցութիւնը, «որ համոզուած չէ զոյգ թեկնածուներուն ծրագիրներով»:
Ժեմայէլ յոյս յայտնեց, որ անոնք կարենան իրենց հարցումներուն պատասխանել մինչեւ 8 փետրուար` աւելցնելով, որ պէտք է ուղղուիլ խորհրդարան` գործադրելու համար երկրին սահմանադրութիւնը: