Լիբանանի պասքեթպոլի տղոց Ա. դասակարգի ախոյեանութեան 5-րդ հանգրուանին ծիրին մէջ, երէկ գիշեր ՀՄԸՄ-ի տղոց խումբը «Աղբալեան-ՀՄԸՄ» մարզամշակութային համալիրի «Ատոմ եւ Սելլա Թնճուկեան» մարզադաշտին վրայ հիւրընկալեց Թրիփոլիի Մութթահետը:
Դաշտը ամբողջութեամբ լեցուցած իր համակիրներուն եւ անշուշտ շեփորախումբին ներկայութեան ՀՄԸՄ-ի կազմը բացառիկ եւ տպաւորիչ մրցում մը ներկայացնելով, 96-88 արդիւնքով յաղթեց իր մրցակիցին (27-13, 51-39, 69-57 եւ 96-88):
Ինչպէս նկատելի է, չորս քորթըրներուն ալ տիրապետողը եղաւ ՀՄԸՄ-ի կազմը` աւելի քան տասը կէտի տարբերութեամբ:
Մրցումին ընթացքին ՀՄԸՄ կէտերու տարբերութիւնը բարձրացուց աւելի քան 16 կէտի: Սակայն հիւսիսային խումբը մրցումին տեւողութեան (մանաւանդ վերջին քորթըրին) բաւական նուազեցուց տարբերութիւնը, բայց եւ այնպէս, ՀՄԸՄ-ի հնգեակը պարտադրելով ինքզինք, արձանագրեց տարեշրջանի իր չորրորդ յաղթանակը, մինչ Մութթահետ, որ արձանագրած էր երեք յաղթանակ, կրեց իր երկրորդ պարտութիւնը:
Երէկուան այս մրցումին ՀՄԸՄ-ի կազմը դաշտ ներկայացաւ հետեւեալ կազմով. Նորվել Փելէ (37′ 43″, 3 կէտ, 23 ռիպաունտ), Նատիմ Սուէյտ (31′ 32″, 18 կէտ, 5 ռիպաունտ, 2 թրի փոյնթ), Ճասթին Թապզ (31′ 46″, 18 կէտ, 2 ռիպաունտ, 1 թրի փոյնթ), Ահմետ Իպրահիմ (34′ 08″, 22 կէտ, 2 ռիպաունտ, 5 թրի փոյնթ), Սեւակ Քեթենճեան (17′ 37″, 5 կէտ, 1 թրի փոյնթ), Պիլալ Թապպարա (06′ 19″, 2 կէտ), Պատիհ Սուէյտ (09′ 48″, 4 կէտ, 5 ռիպաունտ) եւ Տուայն Ճեքսըն (31′ 07″, 24 կէտ, 5 ռիպաունտ, 2 թրի փոյնթ):
Մութթահետէն Ռամել Քարի նշանակեց 27 կէտ, Մայք Թէյլըր` 22 կէտ, իսկ Ռէյշաուն Թերի` 21 կէտ:
Օրուան իրաւարարներն էին Ռապահ Նըժէյմ, Փոլ Սքայեմ եւ Ժորժ Սաատ:
Նշենք, որ այս հանգրուանը կ՛աւարտի այսօր, երբ երեկոյեան ժամը 20:30-ին, Սանթրալի դաշտին վրայ (Ժունիէ) Լուէյզի կը հիւրընկալէ Սաժեսը: