Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

ԹՐՔԱԿԱՆ ՀԻՆՑԱԾ ՆՈՅՆ ԽԱՂԸ` ԽՈՍՏՈՒՄՆԵՐ ՏԱԼ, ԳՈՎԵՍՏԻ ԱՐԺԱՆԱՆԱԼ, ՍԱԿԱՅՆ ՈՉԻՆՉ ԸՆԵԼ

September 5, 2011
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

Անցեալ շաբաթ թուրք ղեկավարները դիմեցին նոր խորամանկութեան մը` փորձելով իրենց երկրին բազմիցս ճնշուած փոքրամասնութիւններուն նկատմամբ կեղծ վեհանձնութեամբ դրական տպաւորութիւն ձգել միջազգային հանրային կարծիքին վրայ:

Անցեալ շաբաթ վարչապետ Էրտողան ստորագրեց հրամանագիր մը, որուն համաձայն, իբր թէ պէտք է վերադարձուէին քրիստոնեայ ու հրէական համայնքներու հիմնարկներուն կամ բարեսիրական կազմակերպութիւններուն պատկանող հարիւրաւոր կալուածներ: Ներկայիս Թուրքիոյ Հանրապետութեան մէջ գոյութիւն ունին 162 նման հիմնարկներ (վագըֆ):

Տակաւին 1936 թուականին Թուրքիոյ կառավարութիւնը պահանջեց, որ ոչ մահմետական բոլոր հիմնարկները յայտարարագրեն իրենց սեփական կալուածները: 1974-ին Թուրքիոյ դատարանները ապօրինաբար այս հիմնարկներէն խլեցին 1936-էն ետք ձեռք բերուած կալուածները եւ նոյնիսկ մինչ այդ անոնց պատկանող գոյքին որոշ մասը: Անցեալ շաբթուան որոշումը հիմնարկներէն պահանջեց 12 ամսուան ընթացքին կառավարութեան ներկայացնել անոնցմէ գրաւուած գոյքը (այժմ` միլիառաւոր տոլարի արժողութեամբ), ներառեալ` դպրոցներ, հիւանդանոցներ, մանկատուներ եւ գերեզմանատուներ: Եթէ խորհրդարանը ընդունի որոշումը, Թուրքիոյ կառավարութիւնը կը պարտաւորուի կա՛մ վերադարձնելու գրաւուած գոյքը, կա՛մ ալ փոխհատուցում կատարել այն գոյքին դիմաց, որ վաճառուած է երրորդ անձերու: Յատկանշական է, որ այս որոշումը չի տարածուիր Ա. Համաշխարհային պատերազմին ընթացքին եւ անկէ ետք Թուրքիոյ իշխանութիւններուն կողմէ հայերէն եւ այլ փոքրամասնութիւններէն գրաւուած հարիւր հազարաւոր սեփական կալուածներուն վրայ:

Նախքան իր փոքրամասնութիւններուն հանդէպ «բարի» կամ «արդար» վերաբերմունքին համար Թուրքիոյ ղեկավարութեան շնորհակալութիւն յայտնելը` անհրաժեշտ է պրպտել Անգարայի դրդապատճառները եւ հնարաւոր հետագայ քայլերը:

Թէեւ Էրտողանի իշխող կուսակցութիւնը առաջարկուած որոշումը խորհրդարանին կողմէ վաւերացնելու համար անհրաժեշտ ձայները ունի, այնուամենայնիւ, պէտք չէ զարմանալ, եթէ այս «առատաձեռն» առաջարկը զգալիօրէն թուլանայ` անով ընդգրկուած գոյքի քանակին եւ տեսակին, ինչպէս նաեւ ընթացիկ արժէքին առումով, այդ սահմանափակումներուն համար ընդդիմադիր կուսակցութիւնները մեղադրելով: Փոքրամասնութիւններու հիմնարկներուն գրաւուած գոյքը վերադարձնելու մասին Էրտողանի նախկին խոստումները, մխուելով «դիւանակալական շինծու դժուարութիւններուն մէջ», երկարատեւ ձգձգումներէ ետք, չեն իրականացած:

Ամենայն հաւանականութեամբ, թուրք պաշտօնատարները որոշեցին արձակել այս որոշումը, միայն երբ Մարդու իրաւունքներու եւրոպական դատարանը բաւարարեց հայկական եւ յունական հիմնարկներու կողմէ ներկայացուած գոյքային քանի մը մեծ հայցեր: Ակնյայտօրէն Թուրքիա չի կրնար կորսնցնել նմանատիպ հարիւրաւոր հայցեր: Թուրքիոյ բարեգործական կազմակերպութիւններու վարչակազմի ղեկավար Ատնան Էրթեմ «Սապահ» թերթին յայտնած է, որ ոչ մահմետական հիմնարկներու հետ հարցերը ներքին ձեւով լուծելով` կառավարութիւնը կը խուսափի վճարելէ աւելի մեծ գումարներ, ներառեալ` վնասի հատուցում եւ դատական ծախսեր, եթէ Եւրոպական դատարանին մէջ գործերը վնասեն: Էրթեմ նշած է, որ կան թիւով 370 գրաւուած գոյքեր, որոնք պէտք է վերադարձուին փոքրամասնութիւններու հիմնարկներուն:

Գումար խնայելէն աւելի, կարեւորը այն է, որ Թուրքիա կրնայ խուսափիլ դատական հարիւրաւոր գործեր կորսնցնելու  խայտառակութենէն, որ պիտի վարկաբեկէ իր համբաւը աշխարհի աչքին, մանաւանդ այն ժամանակ, երբ անիկա կը փորձէ անդամակցիլ Եւրոպական Միութեան: Աւելի՛ն. Թուրքիա արդէն իսկ քարոզչական մեծ յաջողութեան հասած է` կալուածներ վերադարձնելու լոկ խոստում տալով: Միջազգային լրատուամիջոցները Թուրքիոյ այս «վեհանձն» արարքին լուրը փայլքով ներկայացուցին` նախքան փոքրամասնութիւններուն գոյքի որեւէ կտորի վերադարձուիլը: Պէտք չէ զարմանալ, եթէ Թուրքիա այս նոր որոշումը դարձնէ քարոզչութեան գործիք` ընդդէմ Միացեալ Նահանգներու քոնկրեսականներու կողմէ վերջերս ներկայացուած եկեղեցական գոյքերը իրենց օրինական տէրերուն վերադարձնելու պահանջին:

Նմանապէս, պէտք չէ զարմանալ, եթէ թուրք ղեկավարները անամօթաբար պահանջեն, որ Հայաստանի, Յունաստանի եւ Իսրայէլի կառավարութիւնները փոխադարձ բարի կամեցողութիւն ցուցաբերեն Թուրքիոյ նկատմամբ: Պէտք է յիշեցնել թուրք պաշտօնեաներուն, որ գրաւուած գոյքը վերադարձնելով` անոնք բարեգործութիւն չէ, որ կ՛ընեն կրօնական փոքրամասնութիւններուն համար: Այսպիսի անտեղի երախտագիտութիւն կը նմանի այն բանին, որ կողոպտուած անձը շնորհակալութիւն յայտնէ այն գողին, որ անձնասիրական պատճառներով որոշած է վերադարձնել անկէ գողցած գոյքին մէկ փոքր մասը:

Թէեւ թրքական մամուլը շտապեց Էրտողանի որոշումը բնութագրել իբրեւ «պատմական» եւ «յեղափոխական», այնուամենայնիւ, գործնականապէս այդ որոշումը նուազ կիրարկելի է, քան` Լոզանի համաձայնագիրով Թուրքիոյ կառավարութեան ստանձնած պարտաւորութիւնները, որոնք աւելի մեծ պաշտպանութիւն կ՛ապահովեն երկրի հայ, յոյն եւ հրեայ փոքրամասնութիւններուն` միջազգային օրէնքի հովանիին ներքոյ: Մինչ ներքին օրէնքները որեւէ ժամանակ կրնան փոխուիլ, Թուրքիոյ միջազգային պայմանագիրի պարտաւորութիւնները չեն կրնար սահմանափակուիլ կառավարութեան որոշումով: Վախնալով իրենց կեանքը վտանգելէ` ոչ մահմետական համայնքներէն ոչ մէկը համարձակած է բողոք ներկայացնել Միացեալ Ազգերու Կազմակերպութեան (ՄԱԿ) կամ միջազգային ատեաններ, հակառակ անոր որ Թուրքիոյ յաջորդական բոլոր կառավարութիւնները խախտած են Լոզանի պայմանագիրին դրոյթները` 1923-ին անոր վաւերացումէն ի վեր:

Իմ խորհուրդը Թուրքիոյ փոքրամասնութիւններուն` ետ չվերցնել Մարդու իրաւունքներու եւրոպական դատարան ներկայացուցած իրենց դատական պահանջները, մինչեւ չստանան իրենցմէ գրաւուած գոյքերը կամ անոնց համապատասխան նիւթական հատուցումներ:

ՅԱՐՈՒԹ ՍԱՍՈՒՆԵԱՆ
«Քալիֆորնիա Քուրիըր» թերթի
հրատարակիչ եւ խմբագիր

Թարգմանեց`
ԿԱՐԻՆԷ ԳԷՈՐԳԵԱՆ

Նախորդը

ԱՆՏԱՐԲԵՐ ԲԱՐԵԿԱՄՆԵՐ ԵՒ ԱՆՅՈՒՍԱԼԻ ԴԱՇՆԱԿԻՑՆԵՐ. ՄԻՆՉԵՒ Ե՞ՐԲ ԵՆՔ ՀԵՏԵՒԵԼՈՒ «ԲԱՐԵԿԱՄՆԵՐԻ ԽՈՐՀՈՒՐԴՆԵՐԻՆ»

Յաջորդը

ԿԻՐԱԿՆՕՐԵԱՅ ԽՕՍՔԸ. ՄԻՈՒԹԵՆԱԿԱՆԸ` ՄՏԱԾՈ՛Ղ, ՓԱՓԿԱՆԿԱ՛Տ ԵՒ ԸՆԿԵՐԱՍԷ՛Ր…

RelatedPosts

Բարոյական Ուժը
Անդրադարձ

Բարոյական Ուժը

November 21, 2026
Արցախը Մեր Տեսակն Է (Անկախութեան Տօնի 28-ամեակ)
Անդրադարձ

Իմ Սիւնակը-Ձեր Աշխարհը. Հնաբոյր Եւ Փոշոտած Քաղաքական Համակարգի Մը Դէմ Յանդիման (Լիբանանի Անկախութեան 83-Ամեակ)

November 21, 2026
Պարտութենէն Անդին` Պատմութիւնը Ուրանալու Վտանգը
Անդրադարձ

Լիբանանի Անկախութիւնը. Տօնակատարութիւններ Եւ Իրականութիւն

November 21, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.