Պատրաստեց՝ ՄԱՐԻՆԱ ՀՄԱՄՃԵԱՆ
Երկու Ընտանիք Նոր Տարին
Դիմաւորեցին Նոր Տան Մէջ
2016 թուականը ուրախութեամբ, նոր յոյսերով, նոր կամ նորոգուած պատերու մէջ ընդունած է Հայաստանի տարբեր մարզերուն մէջ բնակող 40 ընտանիք:
«Վիվասել-Էմ. Թի. Էս.»-ի եւ «Ֆուլեր տնաշինական կենտրոն»-ի համագործակցութեան շնորհիւ` Արմաւիրի մարզի Երուանդաշատ շրջանին մէջ 2015-ի տարեվերջին աւարտած է մէկ կիսակառոյց տան շինարարութիւնը եւ վերանորոգուած է մէկ տանիք: «Վիվասել-Էմ. Թի. Էս.»-ի գլխաւոր տնօրէն Ռալֆ Եիրիկեանն ու Հայաստանի «Ֆուլեր տնաշինական կենտրոն»-ի նախագահ Աշոտ Եղիազարեանը մասնակցած են երջանիկ ընտանիքիներու բնակարանամուտի արարողութեան: 2014-ին Արմաւիրի մարզի 9 յաւելեալ ընտանիք աջակցութիւն ստացած է բնակարանաշինութեան ծրագիրին շնորհիւ: 2014-2015-ին Արմաւիրի մարզին մէջ աջակցութիւն ստացած ընտանիքներուն ընդհանուր թիւը 11 է:
Կարապետեաններու ընտանիքը տան շինարարութիւնը սկսած էր 25 տարի առաջ, սակայն տարբեր պատճառներով չէր կրցած աւարտին հասցնել զայն: Անոնք մինչ այդ ապրած են վակոն-տնակի մը մէջ, ուր մեծցած ու հասակ նետած են ընտանիքին երկու որդիները: «Ամանորի տօները աւարտած են, սակայն տօնական տրամադրութիւնը դեռ կը շարունակուի: Իմ ընտանիքիս համար ասիկա ամէնէն իմաստալից եւ ուրախ Ամանորն էր: Տարիներու սպասումէ ետք նոր ու լուսաւոր տան մէջ դիմաւորեցինք Նոր տարին: Անչափ շնորհակալ եմ մեր կեանքին մէջ այս բեկումնային փոփոխութեան համար», յայտնած է Կարապետեաններուն ընտանիքին մայրը` Անուշը:
«Հաճելի է 2016-ի միջոցառումներու մեկնարկը սկսիլ բնակարանամուտով: Մենք այսօր կը տեսնենք նախորդ տարի սկսած ծրագիրի արդիւնքը: Շինարարութեան ամբողջ ընթացքը պատասխանատու եւ մնայուն համագործակցութեան արդիւնք է կողմերուն համար: Իսկ տանիք ձեռք բերած ընտանիքներու համար, թերեւս նախորդ տարին բաւական լաւ էր երկար սպասումներէ ետք: Ծրագիրի յաջողութեան բարձրագոյն գնահատականը մեծ հոգէ ազատած մարդոց ժպիտն է: Իրականացուող աշխատանքները կարեւոր են ոչ միայն բարեկեցութիւն ձեռք բերելու իմաստով, այլ անոնք բարոյական աջակցութեան դրսեւորում են` հարցեր դիմագրաւող ընտանիքը առանձին չձգելու հրաշալի օրինակ: Նկատի ունենալով ծրագիրին կարեւորութիւնը` կը յայտնենք, որ անիկա այս տարի եւս պիտի շարունակուի», ըսած է Ռալֆ Եիրիկեանը:
«Այս ընտանիքին ուրախութիւնը նաեւ մեր ուրախութիւնն է, մեր յաջողութեան գրաւականը: Յոյսով եմ` այս տարին եւս արգասաբեր կ՛ըլլայ: Միացեալ ուժերով շատ բան կարելի է փոխել: Համոզուած եմ, որ պիտի գայ այն օրը, երբ իւրաքանչիւր հայ ընտանիք ապահով կացարան կ՛ունենայ», ըսած է Աշոտ Եղիազարեանը:
2015-ին «Վիվասել-Էմ. Թի. Էս.»-ը 100 միլիոն դրամի ներդրում կատարած է բնակարանաշինութեան ծրագիրի իրականացման համար, իսկ Հայաստանի «Ֆուլեր տնաշինական կենտրոն»-ը գործադրած է զայն: Համագործակցութեան շնորհիւ 2007-էն մինչեւ օրս այս ծրագիրէն օգտուած է 93 ընտանիք:
Հայրենիքին Մատուցած Ծառայութիւններուն
Համար Պարգեւատրումներ
Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակին նուիրուած ձեռնարկներու նախապատրաստութեան եւ կազմակերպման աշխատանքներուն մէջ ունեցած իրենց ներդրումին համար Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեան կատարած է շարք մը պարգեւատրումներ, որոնց կարգին` արտաքին գործոց նախարար Էդուարդ Նալբանդեանը պարգեւատրած է «Հայրենիքին մատուցած ծառայութիւններուն համար» առաջին աստիճանի մետալով, սփիւռքի նախարար Հրանուշ Յակոբեան, գիտութեան եւ կրթութեան նախարար Արմէն Աշոտեանը, մշակոյթի նախարար Յասմիկ Պօղոսեանը եւ Հայոց ցեղասպանութեան թանգարան-հիմնարկի տնօրէն Հայկ Դեմոյեանը` «Հայրենիքին մատուցած ծառայութիւններուն համար» 2-րդ աստիճանի մետալներով:
Ազգային Արխիւը Պիտի Հրապարակէ
Փաստաթուղթեր` Թուրքիոյ Հայկական
Վանքերու Կալուածներուն Մասին
Ազգային արխիւի տնօրէն Ամատունի Վիրաբեան 13 յունուարին «Արմէնփրես» մամլոյ սրահին մէջ տուած ասուլիսին ընթացքին յայտնած է, որ Հայաստանի Ազգային արխիւը կը նախատեսէ հրապարակել Թուրքիոյ հայկական վանքերու կալուածներուն վերաբերող փաստաթուղթեր:
«Այսօր շատ կը խօսուի Թուրքիոյ հայկական եկեղեցիներու կալուածներուն մասին: Գիտենք, որ Սիսի կաթողիկոսարանի կալուածները վերադարձնելու նպատակով դատական գործընթաց սկսած է: 2016 թուականին պիտի հրապարակուի գիրք մը, ուր պիտի ներկայացուին Թուրքիոյ մէջ առկայ բոլոր վանքերուն կալուածներուն մասին տեղեկատուութիւններ: Ասիկա բաւական արժէքաւոր տեղեկատուութիւն է: Մենք կը ներկայացնենք թրքական իշխանութիւններուն կողմէ տրուած փաստաթուղթերը` օսմաներէնով գրուած», ըսած է Ամատունի Վիրաբեան: Ան նշած է, որ գիրքը պիտի ըլլայ հայերէն եւ օսմաներէն` տեղեկացնելով, որ աշխուժօրէն կ՛աշխատին եւ կը համագործակցին այլ երկիրներու ազգային արխիւներու հետ:
«Կ’աշխատինք Իտալիոյ, Ֆրանսայի, Իրանի, Վրաստանի, Ռուսիոյ, Սերպիոյ, Լեհաստանի եւ այլ երկիրներու ազգային արխիւներուն հետ: Ռուսիոյ հետ համագործակցութեան իբրեւ արդիւնք` այս տարի պիտի հրատարակուի «Կովկասեան ռազմաճակատ.1914-1918» ժողովածուն, որ պիտի ներառէ տարածաշրջանի բնակչութեան, Հայոց ցեղասպանութեան մասին նիւթեր: Գիրքին մէջ տեղ պիտի գտնեն ռազմական հետազախուզութեան նիւթերը, որոնք պիտի պատմեն թրքական իշխանութիւններու գործողութիւններուն մասին, թէ ինչպէ՛ս հայերը արտաքսած, ոչնչացուցած, ճամբուն վրայ հայերուն վրայ յարձակումներ կազմակերպած են», ըսած է Վիրաբեան:
Ան նաեւ տեղեկացուցած է, որ տարուան ընթացքին ամբողջութեամբ պիտի աւարտի Ազգային արխիւի ժապաւէններու թուայնացման գործընթացը: «Այս տարի շարժապատկերի նկարներու թուայնացումը պիտի աւարտենք, մնացած է մօտ 500 նկար: Այդ ալ պիտի աւարտենք ու արդէն կրնանք ըսել, որ ամբողջ շարժապատկերի հաւաքածոն ունինք ելեկտրոնային տարբերակով», ըսած է ան:
Ազգային արխիւին մէջ պահուող հնագոյն ժապաւէնը 1911 թուականին նկարահանուած Իզմիրլեան կաթողիկոսի թաղման տեսանիւթն է: Անկէ բացի, կը պահուի նաեւ առաջին գեղարուեստական ժապաւէնը` 1925 թուականին պատրաստուած «Նամուս»-ը, ինչպէս նաեւ` անկէ ետք պատրաստուած ժապաւէնները: Ամատունի Վիրաբեանի համաձայն, ամէն պարագայի ժապաւէնները պիտի մնան: «Արդէն քանի մը տարի է կը շարունակուի արխիւային փաստաթուղթերու թուայնացման գործընթացը: Ատոր շնորհիւ տեղեկութիւնը առաւել հասանելի կը դառնայ: Կը թուայնացուին ոչ միայն փաստաթուղթերը, այլ նաեւ` փաստավաւերագրական շարժապատկերի նկարները, ձայնագրութիւնները, լուսանկարները», ըսած է ան:
«Հայ Կոմպոզիտորական Արուեստի
7-րդ Փառատօն»-ին Սերգէյ Խաչատրեան Ստացած Է
Վաստակաւոր Արուեստագէտի Կոչում
Հայաստանի պետական երիտասարդական նուագախումբն ու աշխարհահռչակ ջութակահար Սերգէյ Խաչատրեանը 15 յունուարին բացումը կատարեցին «Հայ կոմպոզիտորական արուեստի 7-րդ փառատօն»-ին: Մեկնարկի համերգը յատկանշական էր անով, որ աւարտին Հայաստանի մշակոյթի նախարար Յասմիկ Պօղոսեան աշխարհահռչակ ջութակահար Սերգէյ Խաչատրեանին յանձնեց Հայաստանի վաստակաւոր արուեստագէտի կոչումը: 2012-ին շնորհուած կոչումը այս տարի յանձնելուն պատճառը, ըստ մշակոյթի նախարարութեան հասարակութեան հետ կապերու բաժինին, Խաչատրեանի` աշխատանքային յագեցած ծրագիրներուն պատճառով Հայաստան ոչ յաճախ գտնուիլն է: Աշխարհահռչակ ջութակահարը կը բնակի Գերմանիա:
Յօրինող Խաչատուր Մարտիրոսեան յուզումով հետեւած էր փորձերուն, որովհետեւ 15 յունուարին առաջին անգամն ըլլալով հնչեց իր «Կոնցերտ-ֆանտազիա»-ն, որ գրուած է յատուկ Սերգէյ Խաչատրեանին համար: «Իմ երազանքն էր, որ Սերգէյ Խաչատրեանը կատարէ ջութակի եւ նուագախումբի համար գրուած իմ ստեղծագործութիւններէս որեւէ մէկը: Երկու տարի առաջ հանդիպեցայ անոր, ըսի, որ քոնչերթօ եմ գրել յատուկ իրեն համար եւ իրեն նուիրուած», ըսած է Խաչատուր Մարտիրոսեան:
Երիտասարդ ջութակահարը, համերգային ծանրաբեռնուածութեան պատճառով, երկու տարի ետք միայն առիթ ունեցած է անդրադառնալու այս յօրինումին: Ան կ՛ըսէ, թէ քանի որ ստեղծագործութիւնը նոր է, մեծ աշխատանք պէտք էր, որպէսզի ծանօթանար գործին, իւրացնէր զայն: Պատասխանելով այն հարցումին, որ ապագային եւս պիտի կատարէ՞ «Կոնցերտ-ֆանտազիա»-ն, ջութակահարը ըսած է, որ տակաւին յստակ չէ` աւելցնելով. «տեսնենք, թէ լեզու կը գտնե՞նք իրարու հետ»:
«Հետաքրքրական աշխատանք է, որովհետեւ դուն անձնապէս քեզի համար կը յայտնաբերես բան մը եւ կը փորձես փոքրիկ բալիկի նման մեծցնել: Պէտք է նաեւ գործը յղկուի քանի մը բեմերու վրայ: Ժամանակ` է պէտք ե՛ւ կատարողին, ե՛ւ ունկնդրին, որ չափով մը մեծնայ այդ գործը»:
Հայ յօրինողական դպրոցին աւանդութիւններուն եւ ձեռքբերումներուն նուիրուած փառատօնը այս տարի կը կրէր «Միրզոյեան-ֆեստ» խորագիրը` ի պատիւ անուանի յօրինող Էդուարդ Միրզոյեանի ծննդեան 95-ամեակին: Համերգային ծրագիրին ընթացքին հնչեցին անոր սենեկային եւ սիմֆոնիք ստեղծագործութիւնները, նաեւ` երկար տարիներ չհնչած ռոմանսները:
Երիտասարդական նուագախումբի գեղարուեստական ղեկավար Սերգէյ Սմբատեան հաստատած է, որ Հայաստան յօրինողական լաւ եւ ներկայանալի դպրոց ունի: Փառատօնի 4 համերգներուն պիտի հնչեն հայ դասական եւ ժամանակակից յօրինողներու ստեղծագործութիւններ:
Մահացած Է Հայաստանի Վաստակաւոր
Արուեստագէտ Գէորգ Չեփչեանը
Իր մահկանացուն կնքած է Հայաստանի վաստակաւոր արուետսագէտ Գէորգ Չեփչեան, որ ծնած է 1927 թուականին, Տոնի Ռոսթով: 1948 թուականին աւարտած է Երեւանի գեղարուեստաթատերական հիմնարկը: 1948 թուականին աշխատած է Երեւանի Յակոբ Պարոնեանի անուան երաժշտական կատակերգական թատրոնին մէջ, այնուհետեւ` Պատանի հանդիսատեսի թատրոնին մէջ: 1954 թուականէն մինչեւ օրս աշխատած է Գ. Սունդուկեանի անուան ազգային ակադեմական թատրոնին մէջ:
1971 թուականին արժանացածէ Հայաստանի վաստակաւոր արուեստագէտի կոչման: Հեղինակ է Վարդան Աճեմեանին նուիրուած երկու գիրքի: Դասաւանդած է Խ. Աբովեանի անուան մանկավարժական հիմնարկին մէջ: Հանդէս եկած է բազմաթիւ դերերով` հայ թատրոնի տարբեր բեմերու վրայ, դերեր ստանձնած է բազմաթիւ ժապաւէններու մէջ:
Վերջին հրաժեշտը տրուեցաւ Գ. Սունդուկեանի անուան ազգային ակադեմական թատրոնին մէջ, իսկ յուղարկաւորութիւնը տեղի ունեցաւ նոյն օրը Երեւանի կեդրոնական գերեզմանատան մէջ (Թոխմախ):
«Մենք Քո Կողքին Ենք, Զինուո՛ր»-ին Նպատակն Է
Բանակ-Հասարակութիւն Կապի Ամրապնդումը
Զինուորի կողքին ըլլալու տրամաբանութեամբ հասարակական տարբեր կառոյցներ այցելութիւններ կու տան արցախեան զօրամասեր: «Մենք քո կողքին ենք, զինուո՛ր» խորագիրը կրող հանդիպման նպատակը բանակ-հասարակութիւն կապի ամրապնդումն է:
Այս նախաձեռնութեան հեղինակները ներկայացած են զինուորականութեան` անգամ մը եւս քաջալերելու եւ հաստատելու, որ ուժեղ ենք միասին, իսկ հայրենիքի մերօրեայ պաշտպաններուն ուղղուած անոնց մաղթանքն է, որ 2016 թուականը խաղաղութեան եւ փոխըմբռնման տարի ըլլայ:
Հասարակական կազմակերպութիւններու պատասխանատուները նման ձեւաչափով հանդիպումներ նախատեսած են պաշտպանութեան բանակի բոլոր զօրամասերուն մէջ` հաստատելով, որ` «Այս կերպ փորձում ենք մեր հոգու պարտքն ու երախտագիտութիւնը յայտնել խաղաղութեան պահապաններին»:
Հայ Առաքելական Եկեղեցին Սաղմոսաւանի Մէջ
Մշակոյթի Կեդրոն Պիտի Կառուցէ
Արագածոտնի մարզի Սաղմոսաւան համայնքին մէջ գտնուող 0,508 հեկտար պետական սեփականութիւն հանդիսացող բնակավայրերու յատուկ հողամասէն 0,4 հեկտար տարածք սեփականութեան իրաւունքով անհատոյց պիտի տրամադրուի Հայաստանեայց առաքելական Ս. եկեղեցւոյ (Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնին)` Սաղմոսաւանի մէջ մշակոյթի կեդրոն կառուցելու նպատակով:
Այս մասին որոշման նախագիծ ներառուած է կառավարութեան 14 յունուարի նիստի օրակարգին վրայ: «Հայաստանի կառավարութեան որոշման նախագծի անհրաժեշտութիւնը պայմանաւորուած է այն հանգամանքով, որ նշուած տարածքը չի օգտագործւում, համայնքը մշակոյթի կենտրոն չունի եւ Հայաստանեայց առաքելական սուրբ եկեղեցին պատրաստակամութիւն է յայտնել Հայաստանի Արագածոտնի մարզի Սաղմոսաւան համայնքի վարչական սահմաններում գտնուող պետական սեփականութիւն հանդիսացող բնակավայրերի հասարակական կառուցապատման 0,508 հա (ծածկագիր` 0007-0146) հողամասից 0,4 հա տարածքը եկեղեցուն յանձնելու դէպքում կառուցել մշակոյթի կենտրոն», նշուած է հիմնաւորման մէջ:
Լոյս Տեսած «Մատեան Ողբերգութեան»-ի
Գրաբար-Աշխարհաբար Հանդիպադիրը
Լոյս տեսած է «Մատեան ողբերգութեան» աղօթամատեանի գրաբար-աշխարհաբար հանդիպադիրը:
Պատմաբան, հասարակական գործիչ, հրապարակագիր Ռաֆայէլ Համբարձումեան «Արմէնփրես»-ին յայտնած է, որ ասիկա եզակի եւ աննախընթաց հրատարակութիւն մըն է, որ «Նարեկ»-ով բուժուիլ փափաքողներուն մեծապէս պիտի օգնէ բուժուելու ոչ թէ երկի աշխարհաբար, այլ բնագիր տարբերակը կարդալով:
Աղօթամատեանի գրաբար լաւագոյն հրատարակութիւնը կը նկատուի 1774 թուականին Պոլսոյ մէջ լոյս տեսածը, զոր տպագրուած է Գրիգոր Նարեկացիի գրչագիրէն: Հայագէտ Աշոտ Պետրոսեան այդ հրատարակութիւնը վերածած է աշխարհաբարի` թարգմանութիւնը զետեղելով բնագիրին դիմաց: «Նարեկ»-ի այս փոխադրութիւնը աննախընթաց է, քանի որ Աշոտ Պետրոսեան բնագիրի այն հատուածները, յատկապէս` բառերն ու հասկացողութիւնները, որոնք այսօրուան ընթերցողին հասկնալի են, պահած է գրաբար: Հրատարակութիւնը պիտի ըլլայ դպրոցներուն մէջ գրաբար դասաւանդելու օժանդակող հիմնական աղբիւր:
Լեռնային Ղարաբաղի Մէջ Ցանքը
Աւելցած Է 36 Տոկոսով
Լեռնային Ղարաբաղի գիւղատնտեսութեան նախարարութեան բուսաբուծութեան եւ բոյսերու պաշտպանութեան բաժինի պետ Վիլեն Աւետիսեան «Արցախփրես»-ի հետ ունեցած զրոյցին ընթացքին դիտել տուած է, որ նախորդ տարուան հետ բաղդատելով` Արցախի մէջ 2015-ի ցանքն ու բերքը 36 տոկոսով աւելի էին:
Դեկտեմբեր 31-ի տուեալներով, Արցախի մէջ հերկուած է 55 հազար 859 հեկտար հող, 53 հազար 845,4 հեկտարին վրայ կատարուած է աշնանացան հացահատիկի ցանք` նախորդ տարուան 43 հազար 221 հեկտար հերկի եւ 39 հազար 450,6 հեկտար ցանքի փոխարէն:
«Ցանքատարածութիւնների աւելացումը եւ հողագործութեամբ զբաղուողների աւելացումը պայմանաւորուած է նախորդ տարում ստացուած առատ բերքով», հաստատած է ան:
Ոլորտի մասնագէտին համաձայն, երկրագործներուն համար ձիւնի նման տեղումները առաւել քան սպասուած էին: «Վերջին երկու ամիսներին տեղացած ձիւնը միանշանակ դրական ազդեցութիւն կ՛ունենայ բերքատուութեան վրայ: Եթէ տեղումները եւ բարենպաստ եղանակը նման կերպ շարունակուեն, ապա այս տարի բարձր բերք է սպասւում», դիտել տուած է Վ. Աւետիսեան` աւելցնելով, որ յառաջիկային հողագործական աշխատանքները պիտի շարունակուին կրծողներու եւ մոլախոտերու դէմ պայքարի ծիրին մէջ:
Ծովատեղը Դպրոցի Նոր Շէնք Ունի
Լեռնային Ղարաբաղի Ծովատեղ շրջանի աշակերտներուն համար 2016-ի սկիզբը իւրայատուկ եղած է, որովհետեւ անոնք ունեցած են դպրոցի նոր շէնք:
Լեռնային Ղարաբաղի քաղաքաշինութեան նախարարութեան պաշտօնական կայքին համաձայն, Մարտունի շրջանի Ծովատեղ համայնքի նորակառոյց կրթական օճախին մէջ եղած շինարարութիւնը կը համապատասխանէ արդի չափանիշներուն: Շէնքը եռայարկ է եւ ունի դասաւանդութեան բոլոր յարմարութիւնները, իսկ աշակերտներուն ժամանցը ապահովելու համար կառուցուած է մարզական դաշտ: Բարեկարգուած է բակը, տեղադրուած է ջեռուցման կեդրոնացեալ համակարգ:
«Շէնքային բարեկարգ պայմաններու լոյսին տակ, ամենայն հաւանականութեամբ, 2015-2016 ուսումնական տարեշրջանին Ծովատեղի դպրոցը 9-ամեայ համակարգէն պիտի անցնի 12-ամեայ կրթութեան: Բացի ատկէ, կը նախատեսուի ստեղծել նաեւ նախադպրոցական խումբ», յայտնած է համայնքի ղեկավար Արտակ Դանիէլեան:
Շինարարութիւնը կատարուած է Լեռնային Ղարաբաղի պետական պիւտճէով, քաղաքաշինութեան նախարարութեան պատասխանատուութեամբ: