«Հրաժարականի պատճառը բազմաշերտ է եւ շատ բարդ է անիկա մէկ կամ քանի մը բառով ներկայացնելու, բայց ամէնէն կարճն ու հիմնականը հետեւեալն է` եթէ 2016-ին ալ ես մնայի մարդու իրաւունքներու պաշտպան, ապա այս կարեւորագոյն հիմնարկը այլեւս պիտի չըլլար այնքան արդիւնաւէտ, որքան դարձած էր երկար տարիներու չարչարանքի շնորհիւ», դիմատետրի իր էջին վրայ երէկ գրած է Կարէն Անդրէասեան:
12 յունուարին հրաժարական ներկայացուցած մարդու իրաւունքներու երրորդ պաշտպանը իր գրառումին մէջ մասնաւորապէս նշած է. «Կը պատկերացնեմ չարախօսները, որ այս տողերէն ետք աւելի մեծ կատաղութեամբ պիտի սկսին պախարակել մեր կատարած նախկին աշխատանքը, բայց յուսամ` անոնք կը փորձեն նաեւ այլ եղանակներով վաստկիլ իրենց օրուան հացը»:
Անդրէասեան գրած է, որ իբրեւ իրաւաբան` կ՛ակնկալէ, որ բոլոր այն օրէնքները, որոնք պիտի ընդունուին այս տարի` իբրեւ նոր սահմանադրութեան արդիւնք, կ՛ըլլան իրապէս մարդակեդրոն եւ յօգուտ մարդու իրաւունքներու կը լուծեն այն հարցերը, որոնց կարգաւորումը ներկայիս սահմանադրութիւնը չ՛արդարացներ:
«Իբրեւ լաւատես, յոյսով եմ, որ իմ զաւակներս պիտի մեծնան այնպիսի Հայաստանի մը մէջ, ուր անքննելի իրականութիւն կը դառնայ օրէնքի առջեւ բոլորին հաւասարութիւնը, իսկ իմ որդիներուս զինուորական ծառայութիւնը անցնի առանց թշնամական գէթ մէկ կրակոցի», գրած է Անդրէասեան:
Ան ներողութիւն խնդրած է բոլոր անոնցմէ, որոնց սպասումները չարդարացուց «առարկայական կամ ենթակայական պատճառներով»:
Աւարտին Անդրէասեան յայտնած է. «Քիչ անց պիտի ներկայացնեմ իմ երկրորդ հրաժարականս»:
Նշենք, որ ըստ օրէնքի, մարդու իրաւունքներու պաշտպանի լիազօրութիւնները կը դադրին, եթէ ան Ազգային ժողովին հրաժարական ներկայացնելէ մինչեւ ոչ ուշ քան 10 օր ետք կրկնէ իր հրաժարականը: