Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Հայոց Ցեղասպանութեան Մասին Վէճ` Թուրքիոյ Խորհրդարանին Մէջ

Յունուար 19, 2016
| Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter
Dogan-Paylan_011816
Տողան եւ Փայլան

«Մարմարա» կը հաղորդէ, որ  Թուրքիոյ խորհրդարանին մէջ 14 յունուարին խօսուեցաւ Հայոց ցեղասպանութեան նիւթին մասին: Գլխաւոր ընդդիմադիր` Հանրապետական ժողովուրդի կուսակցութենէն հայազգի երեսփոխան Սելինա Տողան յայտնեց, որ այս նիւթը ո՛չ միայն հայերուն, այլեւ Թուրքիո՛յ հարցն է:

Տողան հետեւեալը ըսաւ. «Քանի որ այս հարցը ո՛չ միայն հայերուն, այլեւ Թուրքիոյ եւս կը վերաբերի, ուրեմն այս հարցը պէտք է քննուի Թուրքիոյ խորհրդարանին եւ ո՛չ թէ այլ խորհրդարաններու մէջ: Ապա թէ ոչ, մենք ամէն ապրիլ 24-ին, այլեւս սովորական դարձած արտայայտութիւններով պիտի շարունակենք այս նիւթը աճապարանօք մեր գլուխէն անդին շպրտել: Այն համոզումը ունիմ, որ մեզմէ ո՛չ մէկը կը փափաքի ընել ատիկա: Յիշեցնել կ՛ուզեմ, թէ 2015-ին, Էրզրումի հանրահաւաքին ընթացքին, վարչապետը բացորոշ կերպով յայտնած էր, որ տեղահանութիւնը մարդկային յանցանք մըն է»:

Միւս կողմէ, խօսք առաւ նաեւ քրտամէտ Ժողովուրդներու ժողովրդավարական կուսակցութենէն հայազգի երեսփոխան Կարօ Փայլան եւ նմանապէս գործածեց «ցեղասպանութիւն» բառը, որ վիճաբանութիւններու տեղի տուաւ: Փայլան ըսաւ. «Հարիւր տարի առաջ, հայ ժողովուրդը պետութեան որոշումով այս հողերէն արմատախիլ եղաւ եւ բնաջնջուեցաւ: Իմ ընտանիքն ալ տուժեց այդ դէպքերէն. մեծ հայրս եւ իր ընտանիքը… Մեծ հայրս որբ մըն է ե՛ւ մօր կողմէ, ե՛ւ հօր կողմէ: Որբերու եւ սուրի աւելցուքներու սերունդէն եմ ես, որ այս հողերուն վրայ կ՛ապրիմ: Իմ ցեղս ջարդուած է»:

Փայլանի խօսակցութեան ընթացքին կարգ մը երեսփոխաններ տեւաբար անհանգստութիւն արտայայտեցին: Անոնցմէ մէկն էր Ազգայնական շարժում կուսակցութենէն երեսփոխան Պաքի Շիմշեք, որ պոռաց. «Թուրքիոյ ազգային խորհրդարանին մէ՛ջ ենք: Ո՛չ մէկը կրնայ ըսել, թէ ցեղասպանութիւն կատարուած է: Այդպիսի անկրթութիւն կարելի չէ»: Այս արտայայտութեան դիմաց դարձեալ խօսք առաւ Սելինա Տողան եւ ըսաւ. «Եթէ նիւթը աւելի մարդկային չափանիշով քննարկենք, այն ատեն կրնանք աւելի ապահովութեամբ նայիլ ապագային»:

Յայտնենք, թէ Տողան իր խօսակցութեան ընթացքին քննադատութիւն ուղղեց նաեւ թրքական մաֆիայի պետ Սետաթ Փեքերին, որ խաղաղութեան համար շարժման անցած ակադեմականներուն սպառնալիք ուղղած է: Տողան յիշեցուց Փեքերի` «ակադեմականները պիտի սպաննենք եւ իրենց հեղուած արիւնով պիտի լուացուինք» խօսքը, եւ մեղադրեց իշխող կուսակցութիւնը, որ չի քննադատեր այս խօսքերը: Տողան խիզախօրէն ըսաւ. «Հարց կու տամ ձեզի. ո՞վ է այս Սետաթ Փեքերը: Ի՞նչ իրաւասութեամբ կ՛արտասանէ այդ խօսքերը: Իր այդ խօսքերը ՏԱՀԵՇ-ի մտայնութենէն ինչպիսո՞վ տարբեր են: Այս կառավարութիւնը, որ կը պնդէ, թէ ՏԱՀԵՇ-ի դէմ կը պայքարի, այս խօսքերուն դիմաց պախարակումի խօսք մը պիտի չարտասանէ՞»:

 

Նախորդը

Պըրրի. «Զինուորական Նշանակումները Արգելակող Հարցերը Լուծուած Կը Նկատեմ»

Յաջորդը

Կարէն Անդրէասեան Կը Կրկնէ Իր Հրաժարականը

RelatedPosts

Ազրպէյճանի Մէջ Կայացած Է Հայաստանի  Եւ Ազրպէյճանի Սահմանազատման  Յանձնախումբերու Հանդիպումը
Գլխաւոր լուրեր

Ազրպէյճանի Մէջ Կայացած Է Հայաստանի Եւ Ազրպէյճանի Սահմանազատման Յանձնախումբերու Հանդիպումը

Նոյեմբեր 29, 2025
Հայաստան Եւ Թուրքիա Կը Կայացնեն Գիւմրի-Կարս  Երկաթուղիի Շահագործման Թեքնիք Քննարկումներու Փուլը
Գլխաւոր լուրեր

Հայաստան Եւ Թուրքիա Կը Կայացնեն Գիւմրի-Կարս Երկաթուղիի Շահագործման Թեքնիք Քննարկումներու Փուլը

Նոյեմբեր 29, 2025
Կրոնօ. «Հայաստանն Ու Ազրպէյճանը Կրնան  Մարդասիրական Ու Քաղաքական Հարցերու Մէջ  Յառաջընթացի Հասնիլ»
Հայկական

Կրոնօ. «Հայաստանն Ու Ազրպէյճանը Կրնան Մարդասիրական Ու Քաղաքական Հարցերու Մէջ Յառաջընթացի Հասնիլ»

Նոյեմբեր 29, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?