2015-ին, Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակին, հայ ժողովուրդը յաջողեցաւ որպէս պահանջատէր ազգ միասնակամ էութեամբ ներկայանալ աշխարհին` ձախողութեան մատնելով հայութեան մասնատման միտող ու հայկական պահանջատիրութիւնը լուսարձակներէ հեռացնելու համար ոգի ի բռին պայքարող թրքական կողմին մշտական ջանքերը:
2016-ին Հայաստանի եւ Արցախի պետականութիւնները կը թեւակոխեն անկախութեան 25-ամեակը:
Ամեակները առիթներ են` լուսարձակի տակ առնելու ձեռքբերումները, ուրուագծելու մեր հայրենիքին յառաջընթացը դանդաղեցնող իրավիճակներն ու մանաւանդ կեդրոնանալու հայրենիքի վերելքին մեր բոլորին ներդրումը ապահովելու հրամայականին վրայ:
Հայաստան
Հայաստանի անկախ պետականութեան ժամանակաշրջանը կը բնութագրուի շարք մը նուաճումներով. հանրապետութեան զարգացող ընթացք, հայկական անսասան բանակ, ազգային շահերու պահպանումը գերադաս համարող արտաքին քաղաքականութիւն, երկրէն ներս քաղաքական հանդուրժողականութեան եւ հասարակութեան քաղաքացիական հասունացման գործընթացի յառաջացում, սահմանադրական փոփոխութիւններու ճամբով երկրին մէջ նոր իրավիճակներու ձեւաւորման հնարաւորութիւններու ստեղծում եւ այլն:
Այսուհանդերձ, աշխարհաքաղաքական փոփոխական իրադարձութիւններով պայմանաւորուած սպառնալիքները դիմագրաւելու Հայաստանի կարողականութիւնը կը ջլատեն հանրապետութեան ներքին կեանքը բնութագրող կարգ մը իրողութիւններ, ինչպէս` թոյլ տնտեսութիւն, ընկերային բեւեռացում, աշխատավայրերու նուազում, արտագաղթ:
Հայաստանի աշխարհագրական եւ քաղաքական շրջափակումը իր բացասական հետեւանքներով թէեւ որոշակիօրէն կը սահմանափակէ երկրի զարգացումը, այնուամենայնիւ ռազմավարական նոր ուղիներու որոնումը, սփիւռքի կարելիութիւնները Հայաստանի հզօրացման ծառայեցնելու ճիգերը, երկրի անվտանգութեան եւ զարգացման համար անհրաժեշտ պայմաններու ապահովումը դրական ազդեցութիւն պիտի ունենան մեր հայրենիքին ու պետականութեան զարգացման գործընթացին վրայ:
Երկրին ամբողջականութեան եւ քաղաքական անկախութեան ապահովման համար կենսական պայմաններ են Հայաստանի պետականութեան ամրապնդումը, երկրի տնտեսական վերելքը եւ ժողովուրդի հաւաքական կամքի շեշտադրումը:
Կառավարման դրութեան բարեկարգումը, տնտեսական քաղաքականութեան վերանայումը, երկրէն ներս ստեղծագործական ներուժին արդիւնաւէտ կազմակերպումը ու ժողովուրդի դիմադրական կամքին ամրապնդումը մեր երկիրը կրնան դարձնել տարածաշրջանի ամէնէն յառաջադէմ ու մրցունակ երկիրներէն մէկը, եթէ ջանքերը մէկտեղուին, իշխանութիւններուն կողքին ընդդիմութիւնը ունենայ դրական ներգործութիւն ու մանաւանդ Հայաստանի եւ արտերկրի միջեւ գործակցութեան դաշտերը ընդլայնին համապատասխան օրէնսդրութեամբ:
Կը հաւատանք մեր երկրի փայլուն ապագային, որուն կերտման համար, սակայն, իւրաքանչիւր կողմ` իշխանութիւն, ընդդիմութիւն, հայրենի ժողովուրդ, սփիւռքահայութիւն, իր առաւելագոյնը ի գործ պիտի դնէ: Հաւաքական մեր ճիգերով ոչ միայն կարելի կ՛ըլլայ կասեցնել արտագաղթը, այլեւ` ձեւաւորել ներգաղթի մշակոյթ ու հայրենիք ուղղել մասնագիտացած ու նորագոյն արհեստագիտութեան մէջ հմտացած աշխարհացրիւ հայ երիտասարդութիւնը:
Հզօր հայրենիքն է մեր ազգի գոյութեան երաշխիքը:
Ուրեմն` յառա՛ջ, տարին սկսինք մեր հայրենիքի հզօրացման սատարող տարաբնոյթ ծրագիրներով:
Զ. Պ.