Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Էտկար Շահին (1874-1947). Աշխարհահռչակ Գծանկարիչն Ու Փորագրական Գեղանկարչութեան Հայ Վարպետը

Յունուար 14, 2016
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

Ն. ՊԷՐՊԷՐԵԱՆ

edgar_chahine-30-10-2015Աշխարհահռչակ գծանկարիչ եւ փորագրական գեղանկարչութեան հայ վարպետ Էտկար Շահին մեծ համբաւի տէր է:

Էտկար Շահին կը հանդիսանայ 19-րդ դարավերջի եւ 20-րդ դարասկիզբի հայ երիտասարդ գեղանկարիչներու փարիզեան սերունդին (Տիգրան Փօլատ, Վարդան Մախոխեան, Յակոբ Կիւրճեան, Երուանդ Քոչար) ճառագայթող դէմքերէն մէկը, որ ոչ միայն հայկական գեղանկարչութիւնը բացաւ նոր հորիզոններու, այլեւ հայ անունը եւ հայկական հանճարը պանծացնող բարձունք մը նուաճեց ֆրանսական գեղարուեստի աշխարհին մէջ:

Էտկար Շահինի արուեստին եւ հզօր տաղանդին մասին ֆրանսացի արուեստաբան Մաքս Ռոժէ գրած է. «Այն հարստութիւնը, որ մեզի պարգեւեց Շահին, կը պարտաւորեցնէ աւելիով գնահատելու անոր տաղանդին հզօրութիւնն ու հմայքը»:

Նոյնպէս ֆրանսացի` արուեստաբան Շարլ Շենէոլ իր կարգին կը վկայէ. «Էտկար Շահին. ահա՛ մեր կերպարուեստին նորայայտ փառքերէն մէկը: Դիտեցէք իր օֆորթները (մետաղի վրայ փորագրութիւնները). օր մը պիտի նախընտրէք անոր «Պառաւ»-ը, յաջորդ օրը` «Շաթօ ռուժ»-ը եւ այսպէս` շարունակ: Այս ամէնուն համար միայն մէկ բառ կայ` «ապշեցուցիչ»:

Իսկ իտալացի արուեստաբան Փ. Օքքինի գնահատականներու շարքը կ՛ամբողջացնէ հետեւեալ վկայութեամբ. «Շահին ոչ միայն նրբաճաշակ արուեստագէտ է, այլեւ` նրբազգաց հոգեբան, պատմագէտ»:

Ահա այսպիսի՛ տաղանդի եւ հռչակի տէր է ֆրանսահայ նկարիչ Էտկար Շահինը, որ հանդիսացաւ 20-րդ դարու փորագրական գեղանկարչութեան նշանաւոր վարպետ մը, որուն ազգային ինքնատիպ արուեստը կը նկատուի հայ եւ եւրոպական կերպարուեստի նշանակալի երեւոյթներէն մէկը:

Ահա՛ ամփոփ եւ դիպուկ բնութագրումը հայկական գեղանկարչութեան մեծատաղանդ այս ներկայացուցիչին:

Ծնած Վիեննա` 31 հոկտեմբեր 1874-ին, Էտկար Շահին մանկութեան եւ պատանեկութեան տարիները անցուց Կոստանդնուպոլսոյ մէջ, ուր յաճախեց Գատըգիւղի Մխիթարեան վարժարանը եւ կանուխ տարիքէն աշակերտեց յայտնի նկարիչ Մելքոն Տիրացուեանին: 1890-92 ուսումը շարունակեց Վենետիկի Մուրատ-Ռափայէլեան վարժարանին մէջ, իսկ 1893-ին հաստատուեցաւ Փարիզ, ուր գեղանկարչական իր տաղանդը կատարելագործեց ատենի մեծահռչակ Ժիւլիէն ակադեմիային մէջ:

1896-էն սկսեալ «Մարդկային թշուառութիւն» ընդհանուր խորագիրը կրող գեղանկարչական աշխատանքներով («Մուրացկանը»` 1896, «Փողոցի անկիւն մը»` 1897, «Շնչահեղձը»` 1898, «Անապաստանը»` 1899 եւ «Փողոց Մոնմարթրի մէջ») մասնակցեցաւ տարբեր ցուցահանդէսներու: Իսկ 1899-ին ձեռնամուխ եղաւ փորագրական գեղանկարչութեան, որ անմիջապէս լայն ճանաչում ապահովեց երիտասարդ արուեստագէտին:

1901-ին մասնակցեցաւ Վենետիկի պիենալէին: Սկզբնական շրջանի իր փորագրութիւնները («Աղբահաններ», «Պետրոս Շահին», «Անաթոլ Ֆրանս», «Լաթահաւաք կինը», «Զբօսանք», «Հայկական երեկոյի ծրագիր», «Ճեմմա», «Լիլի», «Լուիզ Ֆրանս», «Բեռնակառք», «Գործազուրկը», «Թխահերն ու շիկահերը», «Ինկած ձին») կը յատկանշեն մէկ կողմէ մարդոց գոյութեան պայքարն ու թշուառութիւնը, իսկ միւս կողմէ` պերճանքն ու շռայլանքը խորութեամբ պատկերող ինքնուրոյն  արուեստով:

Շահին իր գործերուն մէջ կիրարկեց փորագրութեան գրեթէ բոլոր եղանակները (օֆորթ, փափուկ լաք, աքուաթինթա), սակայն իր նախընտրութիւնը միշտ ալ եղաւ չոր ասեղով փորագրութիւնը, որ հասցուց կատարելութեան:

1905-էն սկսեալ Շահին պարբերաբար ապրեցաւ ու ստեղծագործեց նաեւ Իտալիոյ մէջ: Հռչակաւոր են իր «Իտալական տպաւորութիւններ» շարքի գործերը («Կուլոնի աբբայարանը»` 1915, «Սուրբ Պետրոսի ջրանցքը», «Ոգիներու տունը», «Սուրբ Մարկոսի հրապարակը», «Ի՜նչ գեղեցիկ հայկական քիթ»` 1921, «Հմայիչ կինը», «Հրաշալի երեխան», «Ֆրանչեսկոնի», երեքն ալ` 1922-25 տարիներուն եւ այլն): Այդպէ՛ս, ան արժանացաւ Վենետիկի  մեծ նկարիչի եւ պատուաւոր քաղաքացիի տիտղոսին:

1930-ականներուն Շահին ստեղծագործական  աշխատանքով ապրեցաւ Պրեթանիը եւ Լա Մանշի ափերը, ստեղծեց բացառիկ գեղեցկութեամբ բնանկարներու շարք («Քրաուզիկ», «Ձկնորսական նաւակներ», «Փոքրիկ լողափ» եւ այլն):

Շահին ստեղծեց նաեւ հայ իրականութենէն  վերցուած մեծարժէք գործեր, որոնց շարքին են` «Ալեւոր հայը», Պօղոս Նուպարի, տիկին Զարմիկեանի, օրիորդ Երամի եւ ուրիշներու դիմանկարները: Գրիգոր Զօհրապի առաջարկով ստեղծեց մետաղի վրայ փորագրութիւն մը, ուր պատկերուած են ջարդէ փրկուած հայ որբեր, իսկ խորքին` Անիի հանրածանօթ Հովիւի եկեղեցին է:

Շահինի ժառանգութեան մաս կը կազմեն նաեւ գիրքերու նկարազարդման մեծարժէք գործեր: Ձեւաւորած ու նկարազարդած է Անաթոլ Ֆրանսի «Կատակերգական պատմութիւն»-ը, Կիւստաւ Ֆլոպերի «Նոյեմբեր»-ը, Կապրիէլ Մուրէի «Փարիզի տօնավաճառի մարդիկ» (140 օֆորթ), Մորիս Պարեսի «Վենետիկի մահը», Վերգիլիոսի «Մշակականք»-ը (Տիգրան Փօլատի ու 15 այլ նկարիչներու հետ) եւ այլ գիրքեր:

Շահին ընտրուեցաւ բազմաթիւ ընկերութիւններու (Հռոմի Իտալական գեղարուեստի ազգային, Լոնտոնի Գեղարուեստի թագաւորական եւ այլն) եւ միութիւններու (փորագրողներու եւ այլն) անդամ:

1928-ին հեռակայ կարգով ընտրուեցաւ Հայաստանի Կերպարուեստագէտներու միութեան պատուոյ անդամ:

1936-ին Երեւանի ու Թիֆլիսի, իսկ 1940-ին Լենինկրատի Էրմիթաժ թանգարաններուն մէջ կազմակերպուեցան Շահինի փորագրութեանց ցուցահանդէսները:

Շահին իր գործերէն շուրջ 160-ը նուիրեց Հայաստանին եւ Երեւանի Ազգային պատկերասրահին մէջ ունեցաւ իր յատուկ բաժինը: 1974-ին, 1994-ին եւ 2004-ին Երեւանի մէջ կազմակերպուեցան Էտկար Շահինի ծննդեան 100, 120 եւ 130-ամեակներուն նուիրուած ցուցահանդէսներ:

Է. Շահինի գործերը կը պահուին Փարիզի Ազգային գրադարանին, Վենետիկի Քաղաքային թանգարանին, Հայաստանի Ազգային պատկերասրահին (300-է աւելի), Էրմիթաժի, Մոսկուայի Պուշկինի անուան կերպարուեստի կեդրոնին ու եւրոպական բազում երկիրներու թանգարաններուն մէջ:

Իր կենդանութեան Էտկար Շահին արժանացաւ ոսկէ մետալի (1900-ին, Փարիզ) եւ ոսկէ մեծ մրցանակի (1903-ին, Վենետիկ), Ֆրանսայի Պատուոյ լեգէոնի ասպետի աստիճանին եւ շքանշանին:

Աշխարհահռչակ հայ գեղանկարիչը իրաւամբ կը հանդիսանայ հայկական արուեստի պարծանքը:

 

 

Նախորդը

Փորձ-Հարցարան. Արդեօք Ճիշդ Ձեւով Կը Սնանի՞ք

Յաջորդը

Խմբագրական «Գանձասար»-ի` Յունուար Ա. Հայրենիքի Վերանկախացման 25-Ամեակը Դիմաւորենք Նորանոր Ծրագիրներով

RelatedPosts

Կեանքէն Հեռացաւ Վաստակաւոր Բժիշկ, Մամուլի Ժրաջան Աշխատակից Եւ Ազգային Գործիչ Տոքթ. Կարպիս Հարպոյեանը
Անդրադարձ

Միացեալ Նահանգներու Առաջին Հայ Բժշկուհին` Էլիզա Մելքոն

Մայիս 12, 2025
Քանատայէն Երկու Ապտակ Թրամփի
Անդրադարձ

Քանատայէն Երկու Ապտակ Թրամփի

Մայիս 12, 2025
«Արաբական Գարուն»-ը` Իբրեւ Նոր Մարտահրաւէր Եւ Նոր Հնարաւորութիւն Չինաստանի Մերձաւորարեւելեան Քաղաքականութեան Համար
Անդրադարձ

«Արաբական Գարուն»-ը` Իբրեւ Նոր Մարտահրաւէր Եւ Նոր Հնարաւորութիւն Չինաստանի Մերձաւորարեւելեան Քաղաքականութեան Համար

Մայիս 12, 2025

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?