Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Հոգեճաշ Եւ… Ճաշկերոյթ

Յունուար 14, 2016
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՊՕՂՈՍ ՇԱՀՄԵԼԻՔԵԱՆ

Ցեղասպանութեան հարիւրամեակի տարին էր: Կարծես չէին բաւեր մեր տուած մէկուկէս միլիոն նահատակները, 2015-ի վերջին երկու ամիսներուն, մեր ընտանեկան եւ ընկերային անմիջական շրջանակին մէջ ունեցանք տասնեակ մը կորուստներ:

Շաբաթը քանի մը անգամ եկեղեցի ու գերեզմանատուն կը յաճախէինք, որմէ ետք` աւանդութիւն դարձած հոգեճաշը:

Մեր հայկական աւանդութիւններուն համաձայն, յուղարկաւորութենէ կամ քառասունքի հոգեհանգիստէն ետք մատաղ կը հրամցուի ներկայ սգակիրներուն` որպէս հոգեճաշ, սակայն այս օրերուն հոգեճաշերը վերածուած են ճաշկերոյթներու: Շքեղ ճաշարաններու մէջ` աղանդերներ, խորովածներու տեսակներ, ալքոլ չպարունակող խմիչքներ, անուշեղէն եւ` մասամբ նորին: Ներկայ գտնուած եմ նաեւ հոգեճաշի մը, ուր նոյնիսկ ոգելից ըմպելիներու տեսակներով լեցուն էին սեղանները, եւ հոգեճաշը վերածուած էր իսկական ճաշկերոյթի մը:

«Այս ամառ Հաուայեան կղզիներ գացած էինք», բարձրաձայն կը խօսի կին մը, որպէսզի ամէն մարդ լսէ, եւ անմիջապէս բջիջային հեռաձայնին վրայ ցոյց կու տայ նկարներ: Ուրիշ մը թոռներուն նկարները ցոյց կու տայ: Քովի սեղանէն կին մը նոր գնած տան գովքը կը հիւսէ: «Շատ գեղեցիկ «վիու» (տեսարան) ունի: Լողաւազան ալ ունի: Սեղաններու շուրջ զանազան նիւթերու մասին կը խօսուի: Միակ չխօսուող նիւթը հանգուցեալն է: Ոգելից ըմպելիներու ներկայութիւնը  բարձրացուցած է ներկաներէն մէկ քանիին տրամադրութիւնները, եւ մոռցած կը թուին ըլլալ այդ օր իրենց հոն ներկայ գտնուելու իսկական պատճառը: Հոգեճաշը կորսնցուցած է իր իմաստը: Մեր սեղանակիցներէն մէկը կը համարձակի զուարճալի ճոքեր պատմել: Շատեր նոյնիսկ բարձրաձայն կը խնդան, իսկ անոնցմէ մէկը երբ կը նկատէ չխնդալս, զարմացած կը հարցնէ, թէ` «չէի՞ հասկցած իր պատմութեան իմաստը»: «Մտիկ չըրի, որ հասկնամ». պատասխանս հաճելի չի թուիր իրեն նման քանի մը սեղանակիցներու, որոնք կուշտ ու կուռ խնդացած էին:

Վերջին երկու ամիսներուն իրարու յաջորդող յուղարկաւորութիւններու եւ քառասունքի հոգեհանգիստներու պատճառով սովորականէն շատ աւելի եկեղեցի այցելեցի: Յաճախակի «Ի վերին Երուսաղէմ» եւ «Տէ՛ր, ողորմեա՛» շարականները  ուղեղիս մէջ դրոշմուած մնացին, եւ ինքնաշարժ վարած ժամանակս կամ գործատեղիս, աշխատանքի պահուն, մտովի այդ շարականները  կ’երգեմ անդադար:

* * *

Դեկտեմբերի կէսերուն շաբաթ օր մը, երեկոյեան,  դարձեալ եկեղեցին ենք: Բարեբախտաբար` այս անգամ ուրախ առիթով մը: Հարսանիք (վերջապէ՜ս):

Ուրախ եմ, որ խորանին շուրջը, ծաղկեպսակներու փոխարէն, նստարաններուն երկու կողմերը զետեղուած ծաղիկներու ճոխ հաւաքածոյի մը պիտի հանդիպիմ, սակայն զարմանքով կը նկատեմ` ոչ իսկ մէկ ծաղիկ: Ընդհանրապէս հարսնեւորները մրցումի ելած կ’ըլլան, ո՞վ աւելի գեղեցիկ պիտի զարդարէ եկեղեցին, մոռնալով, որ այդ ծաղիկները, իրականութեան մէջ պարզ ցուցամոլութիւններ են:

Եկեղեցին կէսով դատարկ է, իսկ ներկաներուն մեծ մասը, ձեռքերնին բջիջային հեռաձայնը բարձր բռնած` անդադար կը նկարեն աջ ու ձախ: Այդ տպաւորիչ արարողութեան հետեւողներուն թիւը քիչ է: Զբաղած են նկարելով եւ եկեղեցիին մէջ իսկ, առանց ժամանակ կորսնցնելու նկարները զետեղելու Դիմատետրին իրենց էջերուն մէջ: Կը կասկածիմ, քանի՞ հոգի պսակադրող քահանային այնքա՜ն իմաստալից սրտի խօսքը մտիկ կ՛ընէ:

Կը հասնինք ընդունելութեան սրահ: Հսկայ սրահը բերնէ բերան լեցուն է: Հարսնեւորներուն մեծամասնութիւնը սրահ ժամանած է առանց եկեղեցական արարողութեան ներկայ գտնուելու:

Ինչպէ՞ս չվայելել այնքան յուզիչ եւ տպաւորիչ տեսարանը, երբ հարսին հայրը իր սիրասուն դուստրը «կը յանձնէ» անոր փեսային, որ քիչ ետք իր աղջկան ամուսինը պիտի դառնայ. երբ նորապսակ զոյգը, Աստուծոյ տան մէջ, կը խոստանան իրարու հնազանդ եւ տէր դառնալ:

Ըստ երեւոյթին, կերուխումը շատ աւելի կարեւոր է, քան` եկեղեցական արարողութիւնը:

Սեղաններուն վրայ փաթթուած շաքարներու չեմ հանդիպիր, փոխարէնը` փոքր գրութիւն մը: «Փոխան շաքարի եւ ծաղիկներու` նուիրատւութիւնը կ’ուղարկուի սուրիահայերու»:

Ի՜նչ սքանչելի գաղափար:

Քանի մը ժամ ետք այդ ծաղիկները, որոնց համար անկասկած բաւական  սուղ գին կը վճարուին, պիտի թոշմին, թառամին ու աղբաման տարուին:

Կարիքը կա՞յ այդ մսխումին, երբ արցախցին ու սուրիահայը մեր նիւթական օժանդակութեան կարիքը ունին: Երբ տարբեր միջոցներով օգտակար հանդիսանալու կարողութիւնը չունինք մեր տառապեալ հայրենակիցներուն, գէթ նիւթապէս օգնենք այդ մսխուած գումարները խնայելով եւ ուղարկելով մեր հայ աղէտեալներուն:

Յուղարկաւորութիւններու ժամանակ, բարեբախտաբար, ընդհանրացած սովորութիւն դարձած է «փոխան ծաղկեպսակի» նուիրատուութիւնները կատարել բարենպատակ հաստատութեան մը»: Նոյնը կարելի չէ՞ գործադրել հոգեճաշի պարագային: Այս օրերու հոգեճաշերը բաւական ծախսալից են: Պայման չէ մեր հոգեճաշի աւանդութիւնը մոռնալ, ընդհակառա՛կը, շարունակել մեր աւանդութիւնները, սակայն փոխանակ ճոխ սեղաններով «շլացնելու» ներկայ սգակիրները, կարելի է շատ աւելի նուազ ծախսալից մատաղ մը հրամցնել եւ գումարին մնացածը ուղարկել բարեսիրական միութիւններու: Մեր ազգային վարժարաններն ու բոլոր հաստատութիւնները, Արցախը, սուրիահայը, լիբանանահայը, այլ խօսքով` մեծաթիւ կառոյցներ կան մեր նիւթական կարիքին եւ օժանդակութեան պէտք ունեցող:

Դարձեալ կը գտնուիմ հոգեճաշի ճոխ սեղանի մը շուրջ: Բարեբախտաբար այս անգամ ո՛չ ոգելից ըմպելի կը տեսնեմ սեղանին վրայ, ո՛չ ալ զուարճալի ճոքեր պատմող: Սեղանները առատ են: Ուտելիքներուն կէսէն աւելի քիչ ետք աղբաման պիտի ղրկուին: Կողքիս նստող բարեկամի մը կամացուկ կը յուշեմ.

– Պայմա՞ն է այսքան ճոխ հոգեճաշ:

– Եթէ հոգեճաշ չըլլայ, մարդ ներկայ չի գտնուիր, – կ’ըլլայ պատասխանը:

Ներկաները եկած են հանգուցեա՞լը յարգելու, թէ՞ հոգեճաշը «վայելելու»:

Լոս Անճելըս, 2016

Նախորդը

Խմբագրական «Գանձասար»-ի` Յունուար Ա. Հայրենիքի Վերանկախացման 25-Ամեակը Դիմաւորենք Նորանոր Ծրագիրներով

Յաջորդը

Գաղութէ Գաղութ

RelatedPosts

«Խաղաղութեան Օրէնք»-ը` Խորհրդանշական Քայլ, Ոչ Իրական Պատասխանատուութիւն
Անդրադարձ

«Խաղաղութեան Օրէնք»-ը` Խորհրդանշական Քայլ, Ոչ Իրական Պատասխանատուութիւն

Հոկտեմբեր 20, 2025
Միասնականութեան Ազգապահպան Ուժը
Անդրադարձ

Փաշինեան Կը Սխալի. Ո՛չ 4-րդ, Ո՛չ Ալ 3-րդ Հանրապետութիւն Կայ. Կան Միայն 1918 Եւ 1991 Թուականներու Երկու Հայկական Հանրապետութիւնները

Հոկտեմբեր 20, 2025
Դոկտ. Աբէլ Մանուկեանի «Մարդասիրութեան Վկանե՞րը», Թէ՞ «Մարդասիրութեան Վկայագիր» Գրքի Մասին
Անդրադարձ

Թիֆլիսի Սուրբ Ստեփանոս Կուսանաց Վանքը – Հայոց Հոգեւոր Ժառանգութիւնը, Խորհրդային Վայրագութիւններն Ու Հետագայ Վրացականացումը

Հոկտեմբեր 20, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?