Միացեալ Նահանգները կը փորձեն նուազեցնել լարուածութիւնը ղարաբաղեան տագնապին մէջ:
Այս մասին` ըստ «Ամերիկայի ձայն»-ին` յայտարարած է Քոնկրեսի Ներկայացուցիչներու տան արտաքին յարաբերութիւններու յանձնախումբի նախագահ Էտ Ռոյս` ելոյթ ունենալով Ամերիկեան ձեռնարկատիրութեան հաստատութեան կողմէ կազմակերպուած քննարկման ընթացքին: Անցեալ շաբաթ քոնկրեսական Ռոյսի նախաձեռնութեամբ արտաքին յարաբերութիւններու յանձնախումբը Լեռնային Ղարաբաղի խնդիրի լուծման նուիրուած դռնփակ քննարկում կազմակերպած էր` ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի ամերիկացի համանախագահ Ճէյմս Ուորլիքի մասնակցութեամբ:
Յիշեցնենք, որ նախապէս Էտ Ռոյս եւ յանձնախումբի դեմոկրատական փոխնախագահ Էլիոթ Էնկել արտաքին գործոց նախարարութեան ղարաբաղեան խնդիրի լուծման վերաբերեալ յղած էին նամակ մը, որուն միացած էր 85 քոնկրեսական:
«Էլիըթ Էնկելն ու ես կը փորձենք «իջեցնել ջերմաստիճանը» այս շրջանին մէջ», նշած է Ռոյս:
Քոնկրեսականին խօսքով, խաղաղութեան ապահովման եւ բռնութիւններուն վերջ տալու համար անհրաժեշտ է հայ-ազրպէյճանական սահմանին եւ ղարաբաղեան շփման գիծին վրայ տեղադրել կրակոցներու ուղղութիւնը որսացող սարքեր, միջազգային դէտեր կցել եւ պահանջել բոլոր կողմերէն արձակազէնները ետ քաշել սահմանէն եւ շփման գիծէն:
«Եթէ այդ երեք պահանջները իրագործուին, ապա անկախ փորձագէտներու եւ Փենթակոնի կարծիքով, ատիկա կը բերէ շատ աւելի ապահով իրավիճակի: Այնպէս որ, մենք առաջ կը քաշենք այս երեք պահանջները», նշած է Էտ Ռոյս: