Երէկ սկսաւ ռուսական Ամքար ֆութպոլի խումբին ուսումնամարզական հաւաքը, որ պիտի տեւէ մինչեւ 31 յունուար:
Խումբին մամլոյ քարտուղարութիւնը հաղորդեց, որ կազմին հետ Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններ մեկնեցաւ նաեւ Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականի միջնապահ Ռոպերթ Արզումանեան:
ArmSport.am աւելցուց, որ նախապէս ակումբին գործադիր տնօրէնը` ԻԿոր Ռեզվուխին յայտարարած էր, որ շատ հաւանաբար այս ձմրան ընթացքին հայ ֆութպոլիստը լքէ խումբը:
Նշենք, որ այդ հաւաքին ընթացքին Ամքար պիտի կատարէ բարեկամական շարք մը մրցումներ: