Պորուսիա Տորթմունտ եւ Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականի միջնապահ Հենրիխ Մխիթարեան «Քիքըր»-ի հետ իր ունեցած հարցազրոյցին ընթացքին ըսաւ, որ եթէ իր ակումբը, կ՛ուզէ իր պայմանագրութիւնը երկարաձգել իրեն հետ, ինք պատրաստ է քննարկելու այդ առաջարկը:
«Կ՛ուզեմ լաւ արդիւնքներու հասնիլ Տորթմունտի հետ: Ֆութպոլիստի ասպարէզը կարճ է, հետեւաբար կ՛ուզեմ առաւելագոյնս տալ իմ ակումբիս: Ունինք լաւ խումբ մը եւ կրնանք տիտղոսներու տիրանալ: Ինչ կը վերաբերի Եուվենթուս տեղափոխուելուս, այդ գծով ցարդ ոչինչ կայ, որովհետեւ այժմ Տորթմունտի հետ եմ», ըսաւ Մխիթարեան, որուն այժմու պայմանագրութիւնը իր ակումբին հետ կ՛աւարտի 2017-ին: