Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Վարչապետ Աբրահամեան. «Արցախը Ինք Պէտք Է Իր Ճակատագիրը Որոշէ»

Դեկտեմբեր 31, 2015
| Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Hovig-Aprahamian2_123015

Հայաստան-Նախիջեւան սահման այցելած Հայաստանի Հանրապետութեան վարչապետ Յովիկ Աբրահամեան երէկ յայտարարեց, թէ կողմ է դիւանագիտական քննարկումներու եւ յարաբերութիւններու  շարունակման, բայց «ատիկա չի նշանակեր, որ մենք պէտք է զիջող ըլլանք»:

Հայաստանի զինուորական-քաղաքական ղեկավարութիւնը համոզուած է, որ Ղարաբաղը պէտք է անկախ եւ ինքնուրոյն ըլլայ եւ հանրաքուէի միջոցով իր ապագան որոշէ: Երէկ Հայաստան-Նախիջեւան սահմանի առաջնագիծին վրայ լրագրողներուն հետ զրոյցի մը ընթացքին ըսաւ  վարչապետ Յովիկ Աբրահամեան:

Մօտաւորապէս 10 օր առաջ Զուեցերիոյ մէջ Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի նախագահներու բանակցութիւններէն ետք կողմերը յայտարարեցին, որ յառաջընթաց արձանագրուած չէ: Ղարաբաղեան տագնապին առնչութեամբ վարչապետ Աբրահամեան ըսաւ. «Մեզի համար կարեւոր է, որ Արցախը ըլլայ անկախ, Արցախի ժողովուրդը հանրաքուէ կազմակերպելու կարողութիւնը ունենայ… Կը կարծեմ` գլխաւոր պայմանը ատիկա է, այդ բանակցութիւններուն առանցքը ատիկա է, որ պէտք է Արցախի ժողովուրդին հանրաքուէ կազմակերպելու կարելիութիւն տալ եւ ինք  որոշէ իր ճակատագիրը: Կը կարծեմ` պէտք է շարունակել դիւանագիտական այս քննարկումները, յարաբերութիւնները, փորձել համոզել, փորձել քննարկումներու միջոցով ունենալ խաղաղ իրավիճակ», ըսաւ վարչապետ Աբրահամեան:

Վարչապետը ընդգծեց, որ ղարաբաղեան տագնապին լուծում պէտք է գտնել փոխզիջումներու միջոցով, պատերազմը կորուստներ պիտի բերէ բոլոր կողմերուն: «Մենք մեր յոյսը չենք կորսնցուցած, որ պիտի կարենանք խաղաղ բանակցութիւններու միջոցով այդ տագնապին լուծում տալ: Բայց ատիկա չի նշանակեր, որ պէտք է զիջող ըլլանք, մենք իւրաքանչիւր ոտնձգութեան պատասխան պիտի տանք եւ նոյնիսկ քանի մը անգամ աւելի: Մենք ունինք մարտունակ բանակ, մեր զինուորները շատ քաջ են եւ պատրաստ` իւրաքանչիւր ոտնձգութեան հակահարուած տալու»,  շարունակեց Աբրահամեան:

«Նոր Յաջողութիւններու Հաստատակամութեամբ
Մուտք Կը Գործենք 2016»

Hovig-Aprahamian_123015

2015-ը աշխարհաքաղաքական եւ տնտեսական բարդ իրավիճակներով ու զարգացումներով լեցուն տարի էր, Հայաստանը եւս անմասն չմնաց արտաքին մարտահրաւէրներու բացասական ազդեցութենէն: Այդ մասին իր ամանորեան շնորհաւորական ուղերձին մէջ գրած է վարչապետ Յովիկ Աբրահամեան` շարունակելով. «Ի հեճուկս ոչ լաւատեսական կանխատեսումներու` կարելիութիւններու եւ ջանքերու կեդրոնացման, կառավարութեան վստահ քայլերու արդիւնքով մենք կրցանք դիմակայել դժուարութիւնները եւ ապահովել տնտեսական աճ»:

Նշելով, որ 2016 թուականը յոբելենական տարի է հայ ժողովուրդին համար` հանդիսաւորութեամբ պիտի նշուի Հայաստանի Հանրապետութեան անկախութեան հռչակման 25-րդ տարեդարձը, վարչապետը վստահեցուց, որ եկող տարի «կառավարութիւնը պիտի շարունակէ հետեւողական ջանքեր գործադրել Հայաստանի Հանրապետութեան իւրաքանչիւր քաղաքացիի կեանքի որակի եւ պայմաններու բարելաւման ուղղութեամբ»:

«Համոզուած եմ, որ մեր երկիրը` կառավարութեան նպատակային եւ յստակ գործողութիւններուն շնորհիւ մրցունակ տնտեսութեամբ պիտի շարունակէ հաստատուն կերպով յառաջ ընթանալ` դէպի աւելի հզօր եւ ժողովրդավարական Հայաստան», ըսուած է Յովիկ Աբրահամեանի ուղերձին մէջ:

«Մենք նոր յաջողութիւններ արձանագրելու հաստատակամութեամբ մուտք կը գործենք 2016», կառավարութեան տեղեկատուութեան եւ հասարակութեան հետ կապերու վարչութեան փոխանցումով` իր ուղերձին մէջ գրած է վարչապետը:

 

 

Նախորդը

Խորհրդարանի Նախագահը Հնչեցուց Լիբանանցիներուն Սրտին Խօսող Մաղթանք Մը. «2015-ը Թող Յիշուի, Սակայն Չկրկնուի»

Յաջորդը

Հայաստանի Ղեկավարութիւնը Եւ Ամենայն Հայոց Վեհափառը Այցելեցին Եռաբլուր

RelatedPosts

Միրզոյեան. «Հայաստան-Թուրքիա Երկխօսութիւնը Յառաջիկային Շատ Շօշափելի Արդիւնքներ Պիտի Ունենայ»
Գլխաւոր լուրեր

Միրզոյեան. «Հայաստան-Թուրքիա Երկխօսութիւնը Յառաջիկային Շատ Շօշափելի Արդիւնքներ Պիտի Ունենայ»

Հոկտեմբեր 28, 2025
Ալիեւն Ու Էրտողանը Հրաւիրուած Են` Երեւանի Մէջ Գումարուելիք Վեհաժողովին
Հայկական

Ալիեւն Ու Էրտողանը Հրաւիրուած Են` Երեւանի Մէջ Գումարուելիք Վեհաժողովին

Հոկտեմբեր 28, 2025
Ազրպէյճան Եւ Վրաստան Պիտի Չմասնակցին Երեւանի Մէջ «Եւրոնեսթ» Խորհրդարանական Վեհաժողովի Լիագումար Նիստին
Հայկական

Ազրպէյճան Եւ Վրաստան Պիտի Չմասնակցին Երեւանի Մէջ «Եւրոնեսթ» Խորհրդարանական Վեհաժողովի Լիագումար Նիստին

Հոկտեմբեր 28, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?