Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Հերոսներուն Կանչը. «Սեֆերպերլիք»…

December 30, 2015
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ԴՈԿՏ. ՀՐԱՅՐ ՃԷՊԷՃԵԱՆ

Պէյրութ քաղաքը քաղաքացիական պատերազմէն առաջ` 1975-ին, ունէր իւրայատուկ ջերմութիւն մը, որ անոր կու տար  իւրայատուկ դրոշմ ու կենցաղ, որ կու գար համալրելու անոր մշակութային դիմագիծը: Այս առանցքին Պէյրութի Պուրճի հրապարակը մէկ կարեւոր փայլքն էր այս ապրող ջերմութեան: Հոն տարբեր մարդիկ ու երեւոյթներ քով-քովի կու գային: Թէեւ իրարանցում է, սակայն` եռուն կեանք, որ յաւելեալ փայլք կու տայ Պէյրութին մշակութային իւրայատուկ դիմագիծին:

Hrayr2_123015Hrayr_123015Պուրճի հրապարակի ու անոր կեդրոնի շարժապատկերի սրահները կը կազմէին մէկ անբաժան մասնիկը Պէյրութի այս ապրող մշակոյթին: Ոչ մէկ ձեւով կարելի է բաղդատել շարժապատկերի սրահներ` «Ամփիր»-ը, «Ռոքսի»-ն, «Տիւնեա»-ն, «Ռատիօ Սիթի»-ն ներկայ օրերու գերարդիական եւ հանգստաւէտ սրահներուն հետ: Աթոռներէն սկսած մինչեւ լուսաւորումը ու ժապաւէնի ցուցադրութեան ատեն զովացուցիչ ծախողները… «Կազոզ, եա՛ շապապ»: Եւ քիչ ետք խմուած ու պարապ շիշերուն գլորումը սրահին մէկ ծայրէն մինչեւ միւսը` դիտուած ժապաւէններուն կու տային յաւելեալ փայլք մը:

1960-ական թուականներուն վերջաւորութեան էր: «Սինեմա Ռոքսի»-ին մէջ սկսաւ սփռուիլ լիբանանեան պատրաստութեամբ «Սեֆերպերլիք» ժապաւէնը: Այդ օրերուն համար իւրայատուկ եւ գրեթէ եզակի իրականութիւն էր: Եթէ մէկ կողմէ կար Ֆէյրուզի նման համբաւ վաստակած երգչուհին, բայց նաեւ անոր կ՛ընկերակցէին Լիբանանի շարժապատկերի եւ պատկերասփիւռի ծանօթ գրեթէ բոլոր դերասան-դերասանուհիները: Եւ այդ փաղանգին վրայ պիտի գար աւելնալու լիբանանահայ ծանօթ բեմադրիչ եւ դերասան Պերճ Ֆազլեանը:

Hrayr1_123015

«Սեֆերպերլիք» ժապաւէնի ցուցադրութիւնը ստացաւ գերազանց ժողովրդականութիւն: Երկար շաբաթներու վրայ ցուցադրուեցաւ եւ դարձաւ այդ օրերու ժողովուրդին հետաքրքրութիւնը շարժող շարժապատկեր: Եթէ մէկ կողմէ լիբանանեան շարժապատկերի արուեստի եզակի եւ քաջարի նախաձեռնութիւն էր այդ օրերու տարողութեամբ, բայց կային նաեւ անոր նիւթը եւ պատմութիւնը: Օսմանեան տիրապետութեան ժամանակ Լիբանանի ապրած դժուար եւ ծանր ու ճգնաժամային օրերը, անոնց ընդմէջէն լիբանանցիին քաջարի դիմադրողականութիւնը: «Սեֆերպերլիք» ժապաւէնը մեր հայ պատանիներուն սրտին ու հոգիին մէջ նաեւ դրաւ զօրաւոր «կայծ» մը: Վերջապէս կար թրքական բռնատիրական գործօնը եւ այդ հայկական մեր պատանեկան տաքարիւն հոգիներուն համար եղաւ նոյնքան «գրգռող» կացութիւն: Տակաւին կար աւելին, որովհետեւ մեր պատանեկան  տրամաբանութեամբ չէինք կրնար հասկնալ, թէ ինչպէ՛ս Պերճ Ֆազլեան հայը կրնայ ստանձնել թուրք սպայ Ռաֆաթ պէյի կերպարը: Եւ այդ ալ` լաւ խաղարկութեամբ: Բայց պիտի սորվէինք, թէ շարժապատկերի արուեստը տարբեր բան է իրական կեանքէն:

Բայց նախ` «Սեֆերպերլիք»-ի բնութագրումը:

«Սեֆերպերլիք»-ը օսմանեան կառավարութեան ստեղծած-հրահանգած «պարտադիր» զօրակոչն էր` տղամարդոց համար, երբ կայսրութիւնը քսաներորդ դարուն սկիզբը ներգրաւուած էր Պալքանեան` 1912-1913 եւ Համաշխարհային Ա. պատերազմին մէջ` 1914-1918 տարիներուն: Եւ Օսմանեան կայսրութեան համար «Սեֆերպերլիք»-ը դարձաւ պատերազմի տարիներուն համար գործածուած նշանաբան. իսկ ան, որ կը համարձակէր դրժել «Սեֆերպերլիք»-ի նշանաբանը եւ անոր հրահանգը, կ՛ենթարկուէր հետապնդումի եւ կալանքի, նոյնիսկ` աքսորի: Այս իմաստով «Սեֆերպերլիք»-ը ստացաւ եւ գործածուեցաւ նաեւ տարբեր բնութագրումներով:

Սալեհ Մուրշետ` արաբ պատմաբան-օսմանագէտ, «Սեֆերպերլիք»-ի բացատրութիւնը կը ներկայացնէ ոչ թէ իր բառացի իմաստով, այլ` անոր քաղաքականացուած միտք բանին ու կիրարկումով: Ան «Սեֆերպերլիք»-ը որակած է որպէս հաւաքական տեղահանում, աքսոր, յատկապէս` արաբական աշխարհին մէջ: Եւ այս իմաստով նաեւ պէտք է հասկնալ եւ բացատրել ապրուած փորձառութիւններու մէջէն վկայութիւնները, թէ ինչպէ՛ս հաւաքականութիւններ բռնի տեղահանուած են ու անհետ կորած:

Հօրեղբօրս` տոքթ. Ռոպեր Ճէպէճեանի յուշագրութիւններու մէջ ալ կան «Սեֆերպերլիք»-ի ապրուած փորձառութիւնները: «2 օգոստոս 1914: Հասան պէյլի համազգեստով մարդիկ կը տողանցէին մայրուղիի վրայ, լերան լանջին: Տնեցիները կը փսփսան խորհրդաւոր բառ մը, որ երբեք չկրցայ մոռնալ ողջ կեանքիս ընթացքին` Սեֆերպերլիք»:

Եւ դարձեալ` պատանեկան հոգիիս մէջ դրոշմուած այդ օրերու դիտած ժապաւէնիս պատկերներէն: Լիբանանցի ժողովուրդին ապրած ողբերգութիւնը: Օսմանեան բանակին պարտադրած շրջափակումը` արգիլելով ցորենի մատակարարումը: Ժողովուրդին անօթութիւնն ու տեղահանութիւնը: Աշխատանքային ճամբարները: Ու փախչող լիբանանցի երիտասարդներու սպանութիւնը: «Սեֆերպերլիք»-ը կը ներկայացուէր իր իսկական ապրուած բնութագրումով: Բայց կար նաեւ այդ վիճակին մէջ ժողովուրդին ապրելու վճռակամութիւնը: Երիտասարդ-երիտասարդուհիին սէրը, զիրար գօտեպնդելու եւ իրարու աջակցիլն ու, տակաւին, հողին կապուածութիւնը: Եւ այս բոլոր զգացումներուն մէջէն դուրս կը ժայթքէին դիմադրութիւնը, թուրքին դէմ կռիւն ու պայքարը: Ժապաւէնը մէկ իրադարձութիւնը միւսին շաղկապելով, շատ պարզ ու սահուն ընթացքով կը տանէր մեզ դէպի պատմութեան տարբեր հոլովոյթները: Մենք` հանդիսատեսներս, կը դիտէինք ո՛չ միայն ժապաւէնը, այլ` ապրուած իրական պատմութիւնը եւ կեանքը, որոնց ընդմէջէն աւելի կը սիրէինք Լիբանանը ու ամուր կը կառչէինք  իրաւունքին եւ ազատութեան:

Ու դարձեալ` հօրեղբօրս յուշերուն մէջէն:

«1918: Զօրավար Ալենպիի բանակը գրաւած էր Հալէպը: Թուրքն ու գերմանացին վտարուած էին: Յանկարծ կայծակնային լուրը տարածուեցաւ քաղաքին մէջ: Իրենց լեռներէն իջած եւ Հալէպ հասած էին Արամ պէյ Չոլագեանը եւ Թոփալ Յակոբին գլխաւորած քաջարի մարտիկներու խումբը` մօտ երեսուն հոգի: Գացի դիտելու հայ զինուորները: Չորս տարուան նուաստացուցիչ երեւոյթներէ ետք, հոգեպարար անզուգական տեսարան մըն էր: Իւրաքանչիւր քաջարի զինեալը: Կ՛ուռեցնէին ընկճուած հայու կուրծքը: Տեղացիներ, որոնք հայը տեսած էին որպէս տարագիր, կու գային ապշահար դիտելու դիւցազնական այս երեւոյթը: Հայ լուսանկարիչներ շտապեցին զանոնք նկարել: Այդ նկարներէն շատեր կորած են այժմ: Բայց անկորնչելի միակ այս պատկերը պիտի մնար արձանագրուած մանկունակ հոգւոյս մէջ»:

Եւ «Սեֆերպերլիք» ժապաւէնին մէջ կար նաեւ հիմնական պատկեր մը, որ պիտի մնար նաեւ արձանագրուած պատանեկան հոգւոյս մէջ: Լիբանանցի քաջ մարտիկները, հերոսական պայքարէ ետք, ստիպուած էին ծովու ճամբով լքել երկիրը որոշ ժամանակի մը համար: Ապտոն նաւուն մէջէն բարձրաձայն կը կանչէ զինք հեռուէն դիտող նշանածը: «Մատանին ամուր պահէ քու մատիդ վրայ: Դուն մնա՛ հոս: Ես կ՛երթամ հիմա, բայց շուտով պիտի վերադառնամ: Այս մեր հողն է, եւ մենք հոս պիտի ապրինք մեր ազատութեան մէջ»:

2015 տարին եղաւ «լեցուն»: Ցեղասպանութեան հարիւրամեակի ոգեկոչումները մեր հոգիներուն մէջ արձանագրեցին անկորնչելի «պատկերներ»: Պատկերներ, որոնք եթէ երէկ ապրուած իրական կեանքեր էին, բայց այսօր դարձեալ վերապրեցան: Կեանքեր, որոնք կերտուած էին (ու տակաւին շարունակուող) մէկ կողմէ նահատակութեամբ, բայց նաեւ` հերոսներու քաջարի դիմադրողականութեամբ: Եւ այդ բոլոր հերոսները, նահատակ թէ քաջամարտիկ, տեսանելի թէ ոչ` պատկերով եւ կամ այլ, այսօր տակաւին հեռուէն բարձրաձայն կը կանչեն մեզ, կը բաժնեն իրենց սէրը մեզի հետ եւ` հողին. «Այս մեր հողն է, եւ մենք հոս պիտի ապրինք»:

Եթէ այս տարի մեր նահատակները եւ հերոսները կը յիշենք, նաեւ յառաջիկային պիտի շարունակենք յիշել, եթէ պահանջեցինք, պիտի շարունակենք պահանջել, որովհետեւ «Յիշել ու պահանջել»-ը ժամկէտի սահմանափակում չունի, որովհետեւ «Յիշել ու պահանջել»-ը հայուն «Սեֆերպերլիք»-ն է, ոչ թէ բռնի տեղահանութեան, այլ` ինքնութեան զօրակոչի, հայուն կեանքին, իրաւունքին եւ հողին:

Հերոսներուն կանչը, հայուն «Սեֆերպերլիք»-ը, հարիւրամեակ ու տակաւին, նոր եւ նորոգուող մարտահրաւէր:

 

 

Նախորդը

«Մօտէն Ճանչնանք Եկեղեցին Եւ Աստուածաշունչը» Խորագիրով Կիներու Հոգեւոր Լսարանի Աւարտ Ժիպէյլի Մէջ

Յաջորդը

Հայրենի Կեանք

RelatedPosts

Աշունը Գլուխը Երկարեց
Անդրադարձ

Աշունը Գլուխը Երկարեց

October 28, 2026
Պարտութենէն Անդին` Պատմութիւնը Ուրանալու Վտանգը
Անդրադարձ

Թրքական Աշխարհի Ռազմական Համախմբումը. Ո՞ւր Է Հայաստանի Տեղը Նոր Աշխարհաքաղաքական Քարտէսին Վրայ

October 28, 2026
Հայաստանի Քաղաքական Փակուղին Եւ Անոր Յաղթահարման Նախադրեալները
Անդրադարձ

Ընտրութիւններու Եւ Պատերազմի Միջեւ

October 27, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.