


ArmSport.am հայկական լրատուական կայքը կը հաղորդէ, որ Հայաստանի պասքեթպոլի ֆետերասիոնը իր գումարած վերջին նիստին ընթացքին պասքեթպոլի տարբեր ազգային խումբերուն համար նշանակեց 3 նոր գլխաւոր մարզիչներ:
Ֆետերասիոնի նախագահ Հրաչեայ Ռոստոմեան յայտարարեց, որ տղոց ազգային խումբին համար գլխաւոր մարզիչ նշանակուեցաւ փորձառու մասնագէտ Տիգրան Կէօքճեան:
50 տարեկան փորձառու մարզիչը ներկայիս լիբանանեան Սաժես ակումբին տղոց մարզիչն է:
Նշենք, որ հայրենի տղոց խումբին վերջին տարիներու մարզիչն էր Քարլ Բարտակեան:
Յուլիս 2016-ին Հայաստանի տղոց հաւաքականը Մոլտովայի մէջ կը մասնակցի Եւրոպայի փոքր երկիրներու ախոյեանութեան: Մասնակցողներուն վերջնական ցանկը կը յստականայ 22 յունուար 2016-ին:
Ինչ կը վերաբերի տղոց 16 տարեկանէն վար հաւաքականին, որ 2016-ին պիտի մասնակցի Եւրոպայի Գ. դասակարգի ախոյեանութեան, իբրեւ նոր գլխաւոր մարզիչ ունեցաւ Վարդան Խաչատրեանը:
Վերջապէս, աղջկանց 18 տարեկանէն վար հաւաքականի գլխաւոր մարզիչ նշանակուեցաւ Վահագն Յարութիւնեան, որ իրեն օգնական պիտի ունենայ Լիանա Բաղտասարեանը:
Նշենք, որ Յարութիւնեան Հայաստանի պասքեթպոլի ֆետերասիոնին փոխնախագահներէն մէկն է: