26-27 դեկտեմբերին Մոսկուայի մէջ տեղի ունեցաւ Սերկէյ Թարասքինի ըմբշամարտի 23-րդ միջազգային յուշամրցաշարքը, որուն իրենց մասնակցութիւնը բերին բազմաթիւ ըմբիշներ, կը յայտնէ ArmSport.am:
Յունահռոմէական ոճի ըմբշամարտի Հայաստանի հաւաքականի անդամ, եւրոպական առաջին խաղերուն փոխախոյեան հանդիսացած Միհրան Յարութիւնեան` մասնակցելով 66 քկ դասակարգի մրցումներուն, տիրացաւ ոսկի մետալին:
Իր կատարած 5 մրցումներուն ընթացքին յաղթանակ արձանագրելով` Յարութիւնեան դարձաւ տիտղոսակիր: