Նախագահ Սերժ Սարգսեան Ամանորի եւ Սուրբ Ծննդեան տօներուն առիթով շնորհաւորական ուղերձ յղած է Սուրիոյ պատերազմական պայմաններուն մէջ գործող մէկ տասնեակէ աւելի վարժարաններու տնօրէնութիւններուն կրթական այդ հաստատութիւններու աշխատակիցներուն ու սաներուն` մաղթելով արդիւնաւէտ աշխատանք եւ մշտանորոգ եռանդ անոնց ազգանուէր եւ հայանպաստ գործունէութեան մէջ:
Այս մասին կը տեղեկացնէ Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահի աշխատակազմի տեղեկատուութեան եւ հասարակութեան հետ կապերու վարչութիւնը: