Սպանական Sport.es կայքին համաձայն, Մանչեսթըր Սիթի կը պատրաստուի Պարսելոնայի յառաջապահ Լիոնել Մեսսիին առաջարկել պայմանագիր մը, որ տարեկան պիտի կազմէ 27 միլիոն եւրօ:
Կը նշուի, որ անգլիական ակումբը չի պատրաստուիր այդ փոխանցումին գծով բանակցութիւններու սկսիլ Պարսելոնայի հետ, մինչեւ չստանայ մարզիկին հաւանութիւնը:
Սակայն կ՛ըսուի, որ Պարսելոնա ինքնավստահ է, որ արժանթինցին պիտի մերժէ Սիթիի եւ այլ ակումբներու առաջարկները:
Նշենք, որ Մեսսի այժմ Պարսելոնայէն կը գանձէ 20 միլիոն եւրօ աշխատավարձ: