
Թրքական «Միլլիյէթ» օրաթերթը կը հաղորդէ, որ Թուրքիոյ քեմալական Հանրապետական ժողովուրդի կուսակցութեան փոխնախագահ Սեզկին Թանրըքուլու Թուրքիոյ խորհրդարանին ներկայացուցած է օրէնքի նախագիծ մը, որով կ՛առաջարկուի Հայոց ցեղասպանութեան ժամանակ սեփական հայրենիքէն բռնի կերպով հեռացած հայերուն ու անոնց մինչեւ 4-րդ սերունդներուն տրամադրել Թուրքիոյ քաղաքացիութիւն:
Օրէնքի նախագիծին մէջ մասնաւորաբար կ՛առաջարկուի Թուրքիոյ Հանրապետութեան քաղաքացիութիւն շնորհել Համաշխարհային Ա. պատերազմի սկիզբէն ի վեր Թուրքիոյ Հանրապետութեան ներկայ սահմանները ընդգրկող տարածքին մէջ բնակած բոլոր այն քաղաքացիներուն, որոնք բռնի կերպով աքսորուած են, տեղահանուած կամ զրկուած են Թուրքիոյ քաղաքացիութենէն եւ այժմ ողջ են, կամ անոնց մինչեւ չորրորդ սերունդի ներկայացուցիչներուն: Այսինքն, օրէնքը կը վերաբերի Հայոց ցեղասպանութեան 6-7 սեպտեմբեր 1955-ին վնասուած ազգային փոքրամասնութիւններու ներկայացուցիչներուն, մասնաւորաբար հայերուն, ասորիներուն եւ յոյներուն:
Կ՛առաջարկուի, որ քաղաքացիութենէն դուրս եկածները դիմեն «այն ժամանակուան անձնագիրներով», «եկեղեցւոյ, սինակոկի կամ պաշտամունքային այլ վայրերէն մէկուն պաշտօնական արձանագրութեան», «փոքրամասնութիւններու հիմնադրամներու կամ այլ առնչակից կազմակերպութիւններու պաշտօնական արձանագրութեան» մասին փաստաթուղթերով, ինչպէս նաեւ արձանագրութեամբ կատարուած այն երկրին կողմէ, ուր կը նշուի, թէ տուեալ մարդը գաղթած է Թուրքիայէն:


