Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ցեղասպանութեան Առնչուող Նոր Ժապաւէն Մը Թուրքիոյ Մէջ

December 29, 2015
| Գիտութիւն
0
Share on FacebookShare on Twitter

«ՆՈՐ ՄԱՐՄԱՐԱ»

Alper_122915Այս տարի բաւական խօսուեցաւ թուրք նկարիչ-բեմադրիչ Ֆաթիհ Աքընի «Տը քաթ» ժապաւէնին մասին, որ Հայոց ցեղասպանութեան կ՛առնչուէր: Այս շաբաթ հրապարակ կ՛իջնէ երկրորդ ժապաւէն մը, որ կ՛առնչուի Ցեղասպանութեան, իսկ անոր բեմադրիչն է համշէնահայ Էօզճան Ալփեր:

«Հովուն յուշերը» անունը կրող սոյն ժապաւէնին հերոսն է Արամ անունով ընդդիմադիր հայ լրագրող մտաւորական մը: Արամ 1940 թուականներուն կը տարուի 1915-ի Մեծ եղեռնի ողբերգութեան յիշողութիւններով ու կը տառապի այդ յիշողութիւններուն բացած բարոյական վէրքով:

Էօզճան Ալփեր այսօր Թուրքիոյ մէջ նոր շարժապատկերի շարժումի հետաքրքրական դէմքերէն մէկն է: Անոր առաջին գլխաւոր ժապաւէնը` «Աշուն»-ը, կ՛առնչուէր իր սերունդի խնդիրներուն, իսկ երկրորդը` «Ապագան յաւերժական է»-ն, կը զբաղէր քրտական հարցով:

Ալփեր դիտել կու տայ, որ իր նպատակը անպայմանօրէն Թուրքիոյ զանազան շրջաններով զբաղիլ չէ, այլ անցեալը ետ բերելն է, որովհետեւ անցեալն է, որ կը ձեւաւորէ ներկան ու ապագան: «Անցեալէն կարելի չէ փրկուիլ… եթէ դռնէն վռնտես զայն, ան ծխնելոյզէն ներս կը մտնէ: Կարելի չէ փրկուիլ անցեալէն», կ՛ըսէ ան:

«Ես քառասուն տարեկան եմ եւ նոր հայր եղայ: Կը յուսամ, որ աղջիկս, երբ քառասուն տարեկան ըլլայ, պէտք չ՛ունենար մտածելու այս նոյն հարցերուն մասին. պէտք է այդպիսի աշխարհ մը ձգենք մեր զաւակներուն: Ուրեմն, իմ ժապաւէններս կը զբաղին նոր «այսօր» մը կառուցելու նիւթով», կ՛ըսէ Էօզճան Ալփեր:

Ան նաեւ կը գանգատի Թուրքիոյ մէջ բարոյական արժէքներու անկումէն` ըսելով. «Ի՞նչ եղաւ մեզի: Այս երկրին մէջ դիակները կը քաշքշուին փողոցներուն մէջ, սահմանին վրայ դիակները չեն յանձնուիր իրենց տէրերուն: Եթէ թշնամի է, ան մեռած է այլեւս, եւ ինչո՞ւ մեռեալին նկատմամբ յարգանք ցոյց չի տրուիր, հակառակ անոր որ մեր կրօնը մեզի կը հրահանգէ յարգել մեռեալը: Հաւաքականութեան մէջ ուժի տարօրինակ խենթութիւն մը կայ»:

Վերջին հաշուով, «Հովուն յուշերը» ժապաւէնը Թուրքիան պիտի հրաւիրէ անգամ մը եւս երես առ երես գալու հայկական տեղահանութեան ողբերգութեան հետ: «Անցեալը ուրանալով` ո՛չ մէկ տեղ կրնաս հասնիլ», կ՛ըսէ բեմադրիչը:

Պատասխանելով Ֆաթիհ Աքընի ժապաւէնին մասին հարցումի մը` Ալփեր կ՛ըսէ, թէ գոհ է, որ այդ ժապաւէնը ցուցադրուեցաւ իր ժապաւէնէն առաջ: Թէեւ այս մասին վախ կամ մտահոգութիւն չունէր, բայց Աքընի օրինակը առաւել ուժ տուաւ իրեն:

 

 

Նախորդը

«Թռչնոց Բոյն»-էն Անգլիոյ Թագաւորութեան Ոլորտները. Ամբողջական Երաժիշտը` Վարդան Մելքոնեան

Յաջորդը

ԺԺՀ-ի Կողմէ Կոչ Թուրքիոյ, 1915-ի Հայոց Ցեղասպանութիւնը Ճանչնալու Մասին

RelatedPosts

Կատարումի Ձայնագիտութեան Պատմական Ամփիթատրոններ Եւ Եկեղեցական Կուժեր
Գիտութիւն

Կատարումի Ձայնագիտութեան Պատմական Ամփիթատրոններ Եւ Եկեղեցական Կուժեր

June 30, 2026
Ոտնակոխ Տունը
Գիտութիւն

Սառնամանիքի Սիրողական Բնագիտութիւն

March 11, 2026
Ոտնակոխ Տունը
Գիտութիւն

Հրթիռապատում Բ. Պաղ Պատերազմէն Մինչեւ Արեւի Խուզարկու

December 9, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.