Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Հայոց Ցեղասպանութեան Հարիւրամեակի Ընդմէջէն` Գրիգոր Զօհրապի Եւ Վարդգէս Սէրէնկիւլեանի Վերջին Ընթրիքը Հօրս` Կարապետ Քերոբեանի Անմար Յիշատակին

December 29, 2015
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՎԱՐԴԳԷՍ ՔԵՐՈԲԵԱՆ
Ճեմարանի 1948-ի շրջանաւարտ

Ձախէն աջ առաջին շարք` Կարապետ Քերոբեան, դուստրերը` Արշակուհի եւ Արուսեակ երկրորդ շարք` զաւակները` Գրիգոր Զօհրապ եւ Վարդգէս եւ կինը` Հայկանուշ
Ձախէն աջ առաջին շարք` Կարապետ Քերոբեան, դուստրերը` Արշակուհի եւ Արուսեակ
երկրորդ շարք` զաւակները` Գրիգոր Զօհրապ եւ Վարդգէս եւ կինը` Հայկանուշ

Ինչե՜ր ըսես չէր տեսած հայրս. Տարսոն` Կիլիկիա, ապա` Ցեղասպանութիւն, տարագրութիւն դէպի Աթէնք, Յունաստան եւ ապա` Պէյրութ, Լիբանան: Եղած էր անխոնջ եւ աշխատասէր, ամուսնացած` ատանացի Հայկանուշ Եղիայեանի հետ` անուանի գրող եւ մշակ Բիւզանդ Եղիայեանի զարմուհին, կազմած իր հայկական բոյնը` ունենալով հինգ զաւակներ, յանձնած զիս Հայ ճեմարանին` աշակերտելու Լեւոն Շանթին, Նիկոլ Աղբալեանին, Կարօ Սասունիին, Գառնիկ Գիւզալեանին:

Սակաւախօս էր հայրս, յատկապէս երբ խօսքը կը վերաբերէր Ցեղասպանութեան արհաւիրքի մութ էջերուն: Համաշխարհային Բ. պատերազմի օրերուն, երբ ճրագի լոյսի տակ հաւաքուած` ատանացի եւ տարսոնցի ընտանիքներ կը յիշէին երազային Կիլիկիան, եւ իւրաքանչիւրը կը պատմէր անցեալի յուշերը եւ հայրենիք վերադառնալու երազը, հայրս կը մնար լուռ, մտքով` Տարսոն, հայրենի քաղաքը, փնտռելով անոնք, որոնք կարծես ձգած ըլլար հոն:

Եւ ահա, այդ գիշերներէն մէկուն ընթացքին, երբ խօսակցութեան նիւթը կը շօշափէր մեր մտաւորականութեան տարագրութիւնը, հօրս երեսը յանկարծ լուսաւորուեցաւ եւ ներկաներուն մէջէն դառնալով եղբօրս եւ ինծի` ըսաւ. ձեր հայրը պատիւը ունեցած է անձամբ ծանօթանալու հայ մեծանուն ռահվիրաներուն` Գրիգոր Զօհրապին եւ Վարդգէս Սէրէնկիւլեանին` օսմանեան խորհրդարանի նշանաւոր հայ երկու պետական երեսփոխաններուն: Շշմած ենք բոլորս. քար լռութիւն:

Տարագրութեան ճանապարհին Գրիգոր Զօհրապ եւ Վարդգէս Սէրէնկիւլեան կը հասնին Տարսոն եւ նախապէս տեղեակ ըլլալով քաղաքի անուանի խորովածի մասնագէտին մասին` կը հարցնեն Կարապետ Քերոբեանի մասին: Մեծ կ՛ըլլայ հօրս զարմանքն ու միաժամանակ ուրախութիւնը` տեսնելով հայոց նուիրեալները իր ճաշարանի մուտքին: Ան անմիջապէս կ՛ապսպրէ իր խոհարարներուն` պատրաստելու տեսակաւոր  խորոված՝ բազմատեսակ խորտիկներով: Իսկ ինք անձամբ կը սպասարկէ հիւրերուն` ներքին մեծ հպարտանքով: Ընթրիքը երկար չի տեւեր սակայն: Կը մեկնին այնուհետեւ Զօհրապ եւ Վարդգէս` հօրս ականջին հազիւ կարենալ փսփսալով, թէ ջանան ամէն գնով ողջ մնալ:

Հասկնալի էր ամէն ինչ … ու երկար ժամանակ չանցած` իրենց եղերական մահուան բօթը կը տարածուի ամէրուրեք: Նահատակուած էին երկու մեծերը… անհուն էր ցաւը: Այդ օրէն սկսեալ յատուկ պատասխանատուութիւն մը դրուած էր մեր ուսերուն` վառ պահել հայ հսկաներուն անունները, որոնց յիշատակին անուանած էր հայրս մեզ:

Համաշխարհային Բ. պատերազմի աւարտին դարձած էի արդէն Հայ Ճեմարանի լսարանի ուսանող, եւ ահա օր մը Լեւոն Շանթ մտնելով դասարան` յայտնեց, թէ օրուան նիւթը պիտի ըլլար Ցեղասպանութիւնը: Երբ կարգը հասաւ ինծի, մօտենալով ամպիոնին` փոխանցեցի հօրս պատմածը: Յուզուած էր դասարանը եւ Լեւոն Շանթի աչքերուն ես նկատեցի արցունքի կաթիլներ. կարծէք Շանթ վերագտած ըլլար իր վաղեմի երկու բարեկամները:

Փառք ու պարծանք` Ցեղասպանութեան ականատես սերունդին, որ անկոտրում կամքով վառ պահեց հայ ազգը` հիմնելով սփիւռքեան գաղթօճախները եւ ճամբայ հարթելով «Դէպի Երկիր» տեսլականին:

Դեկտեմբեր 2015,
Մոնրէալ, Քանատա

[email protected]

 

Նախորդը

Նախագահ Օպամա Պէտք Է Ազատ Արձակէ Դեսպան Պերը` ՏԱՀԵՇ-ի Դաշնակից Թուրքիոյ Հաճոյանալուն Համար

Յաջորդը

«Թռչնոց Բոյն»-էն Անգլիոյ Թագաւորութեան Ոլորտները. Ամբողջական Երաժիշտը` Վարդան Մելքոնեան

RelatedPosts

Աշունը Գլուխը Երկարեց
Անդրադարձ

Աշունը Գլուխը Երկարեց

October 28, 2026
Պարտութենէն Անդին` Պատմութիւնը Ուրանալու Վտանգը
Անդրադարձ

Թրքական Աշխարհի Ռազմական Համախմբումը. Ո՞ւր Է Հայաստանի Տեղը Նոր Աշխարհաքաղաքական Քարտէսին Վրայ

October 28, 2026
Հայաստանի Քաղաքական Փակուղին Եւ Անոր Յաղթահարման Նախադրեալները
Անդրադարձ

Ընտրութիւններու Եւ Պատերազմի Միջեւ

October 27, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.