Ազրպէյճանի արտաքին գործոց նախարար Էլմար Մամետեարով ազրպէյճանական «Ազերթագ» լրատու գործակալութեան հետ զրոյցի մը ընթացքին դրական գնահատած է Զուիցերիոյ մայրաքաղաք Պեռնի մէջ Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի նախագահներ Սերժ Սարգսեանի եւ Իլհամ Ալիեւի հանդիպումը:
«Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի նախագահներու` 19 դեկտեմբերին տեղի ունեցած հանդիպումը պէտք է գնահատել դրական: Մենք կ՛ողջունենք ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի համանախագահներու, ինչպէս նաեւ Զուիցերիոյ կառավարութեան ներդրած ջանքերը հանդիպումին կազմակերպման հարցին մէջ», ըսած է Մամետեարով` նշելով, որ կողմերուն կոչ ուղղուած է 2016-ին աշխուժացնելու տագնապի լուծման ուղղուած երկխօսութիւնը եւ շարունակելու Սոչիի, Նիւ Փորթի, Փարիզի քննարկումները: