Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Պաքուի Արհաւիրքը` Պատանիի Մը Տեսանկիւնէն

Դեկտեմբեր 22, 2015
| Գիտութիւն
0
Share on FacebookShare on Twitter

ԳԷՈՐԳ ՄԱՆՈՅԵԱՆ

Աննա Աստուածատուրեան-թըրքոթը
Աննա Աստուածատուրեան-թըրքոթը

Նոյեմբեր 3-ին, Միացեալ Նահանգներու տարածքին տեղի ունեցած տեղական ընտրութիւններուն յաղթանակ արձանագրած հայ թեկնածուներէն մէկն էր Մէյն նահանգի Ուեսթպրուք քաղաքի քաղաքապետական խորհուրդի անդամ ընտրուած Աննա Աստուածատուրեան-թըրքոթը, որուն այս իրագործումը անուղղակիօրէն պատճառ դարձաւ, որ ծանօթանամ անոր հեղինակած` «Ոչ մէկ տեղ. աքսորի պատմութիւն մը» («Nowhere, a Story of Exile») հետաքրքրական հատորին:

1988-ին սկսած Պաքուի հակահայ հալածանքներուն եւ անոնց յաջորդած ջարդերուն, ինչպէս նաեւ հարիւր հազարաւոր գաղթականներուն եւ Հայաստանի ժողովուրդին դիմագրաւած դժուարութիւններուն առնչուող այս հատորը ծնունդ առած է Աննայի օրագրութենէն, զօր Աննա սկսած է պահելու 1988-ին:

Ռուսերէնով գրուած օրագրութիւնը իր զաւակներուն փոխանցելու համար ան սկսած է զայն անգլերէնի թարգմանելու եւ ապա իր շրջապատին քաջալերանքով` ամբողջացուցած է օրագրութեան պակասաւոր բաժինները` զայն հասցնելով հրատարակուած հատորի, որ խմբագրուած է Թաթուլ-Սոնենց Փափազեանի կողմէ:

Հատորը կը սկսի Աննային պատանեկան յուշերով եւ իր սիրելի Պաքու քաղաքին ընդհանուր կացութեան աստիճանական վատթարացումով, յատկապէս` հակահայ եւ հակախորհրդային ցոյցերու եւ արարքներու պատճառով: Հայերուն նկատմամբ վերաբերմունքը, որ արդէն իսկ բարեկամական կարելի չէր կոչել 1988-էն առաջ, կը սկսի արագօրէն վատթարանալու` Արցախի ինքնավարութեան շարժումին հետեւանքով, եւ Ազրպէյճանի հայերը կը սկսին թիրախ դառնալու ազգայնամոլ ազրպէյճանցիներու հալածանքին: Աննային համար յատկապէս ցաւալի էր ականատես դառնալ 1988-ի երկրաշարժին առիթով Ազրպէյճանի մէջ կատարուած տօնակատարութիւններուն:

Աննա նաեւ կը նկարագրէ իր բարեկամներուն եւ «թշնամին»-երուն շրջանակը, որուն մէջ կան հայեր, ռուսեր, ազրպէյճանցիներ եւ խառնածին պատանիներ:

Հատորին մէջ հետաքրքրական ձեւով տրուած են Աննայի ընտանիքին ապրած վերիվայրումները` Պաքուէն հեռանալու կամ մնալու գծով, եւ ապա իբրեւ գաղթական` Միացեալ Նահանգներ մեկնելու դիմումը: Մինչ ընտանիքը կը սպասէր դիմումի պատասխանին, իրավիճակի շարունակական վատթարացումը կը պարտադրէ, որ ընտանիքը Ազրպէյճանէն հեռանայ եւ ապաստանի Երեւան, որ իր կարգին դժուարութիւններու մէջ էր այդ տարիներուն Ազրպէյճանի պարտադրած տնտեսական շրջափակումին պատճառով:

Nowhere_122215Սաստիկ ցուրտին եւ 4 հոգինոց ընտանիքով փոքր սենեակի մը մէջ ապրելու պարտադրանքին կողքին, Աննա կը դիմագրաւէ նաեւ հայերէն չգիտնալու դժուարութիւնը` Հայաստանի վարժարաններուն մէջ: Ան առիթով մը կը պոռթկայ իր ուսուցիչին դէմ, երբ վերջինս կասկածի տակ կ՛առնէ՛ իր հայութիւնը`անոր մականունին վերջաւորութեան պատճառով: Արդարեւ, Պաքուի մէջ ընտանիքը Աստուածատուրեան անունը Աստուածատուրովի փոխած էր` հաւանական հարցերէ խուսափելու յոյսով, հակառակ անոր, որ «ով»-էն բացի` անունը զուտ հայկական մնացած էր:

Աննայի համար ցնցիչ էր տեսնել հակահայ հալածանքին պատճառով` քանի մը ամսուան ընթացքին տասնամեակ մը ծերացող իր ընտանեկան պարագաներն ու բարեկամները:

Աննան սոյն հատորը նուիրած է իր զաւակներուն, ծնողքին եւ Արցախի պատերազմի զոհերուն:

Մեր արդի պատմութեան այս սեւ օրերուն մասին կարեւոր վկայութիւն մը հանդիսացող այս հատորը կրնար աւելի ազդու եւ տպաւորիչ ըլլալ` խմբագրական աւելի «անխիղճ» աշխատանքի շնորհիւ: Մինչ հասկնալի է հատորին օրագրային բաժինը կարելի եղածին չափ հարազատ պահելու մղումը, աւելի ուշ գրուած բաժինին մէջ, առնուազն, տեղ գտած կրկնութիւնները դիւրութեամբ կարելի էր վերցնել: Նաեւ, հեղինակային «վիրաբուժական» միջամտութիւններ եւ կրճատումներ կրնային աւելի կուռ դարձնել հատորը` առանց վնաս հասցնելու գիրքի ոգիին:

Այլապէս, հատորը յանձնարարելի է բոլորին եւ յատկապէս` դպրոցական տարիքի պատանիներուն, որոնց հասակակից էր Աննան, երբ սկսած էր գրի առնելու այս հատորին հունտերը:

 

 

 

 

 

 

 

Նախորդը

Ո՞ւր Է Տանում Չինաստանի, Ռուսաստանի, Հնդկաստանի, Պրազիլիայի Եւ ՀԱՀ Կառուցած Ձեւաչափը

Յաջորդը

Վ. Տուպնով. «Տարօրինակ Կը Լինէր, Եթէ Հիմա Շփման Գծում Իրավիճակի Սրում Չլիներ»

RelatedPosts

Ոտնակոխ Տունը
Գիտութիւն

6-րդ Զգայարանքներու Բնագիտութիւնը

Մարտ 27, 2025
Ոտնակոխ Տունը
Գիտութիւն

6-րդ Զգայարանքներու Բնագիտութիւնը

Մարտ 25, 2025
Գիտական Նորութիւններ
Գիտութիւն

Գիտական Նորութիւններ

Փետրուար 21, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?