Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Նախագահ Սարգսեան Եւ Յունաստանի Պաշտպանութեան Նախարարը Քննարկած Են Լեռնային Ղարաբաղի Տագնապը

December 18, 2015
| Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Sargsian_Greece_121715

Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեան 17 դեկտեմբերին հանդիպում ունեցած է Յունաստանի ազգային պաշտպանութեան նախարար Փանայոթիս Քամմենոսի հետ:

Ողջունելով հիւրը` նախագահ Սարգսեան յոյս յայտնած է, որ նախարարը Երեւանի մէջ կառուցողական եւ արդիւնաւէտ հանդիպումներ ունենայ` նոր խթան հաղորդելով պաշտպանութեան մարզին մէջ երկու բարեկամ երկիրներուն փոխգործակցութեան, մանաւանդ որ ատիկա աւանդաբար կը հանդիսանայ հայ-յունական միջպետական յարաբերութիւններու կարեւորագոյն յենասիւներէն մէկը:

Ընդգծելով, որ Հայաստանի եւ Յունաստանի միջեւ ջերմ յարաբերութիւնները խարսխուած են պատմական ամուր հիմերու վրայ` նախագահ Սերժ Սարգսեան կարեւոր նկատած է միջազգային օրակարգի տարբեր հարցերու շուրջ համանման մօտեցումները, ինչպէս նաեւ Յունաստանի դերակատարութիւնը Հայաստան – Եւրոպական Միութիւն եւ Հայաստան – ՕԹԱՆ յարաբերութիւններու պարունակին մէջ, նաեւ համագործակցութիւնը խաղաղապահութեան մարզին մէջ:

Հանրապետութեան նախագահը բարձր գնահատած է երկու երկիրներու պաշտպանութեան նախարարութիւններուն պարբերական բնոյթ կրող փոխադարձ այցելութիւնները, որոնց ընթացքին քննարկուած են երկկողմանի, ինչպէս նաեւ բազմակողմանի ձեւաչափով համագործակցութեան հեռանկարները: Ան ողջունած է Փանայոթիս Քամմենոսի այցելութեան ծիրին մէջ ձեռք բերուած համաձայնութիւնները` այդ փոխադարձ գործակցութիւնը աւելի աշխուժացնելու եւ խորացնելու ուղղութեամբ:

Յունաստանի ազգային պաշտպանութեան նախարարը շնորհակալութիւն յայտնած է ցուցաբերուած ջերմ ընդունելութեան եւ պաշտպանական մարզին մէջ համագործակցութիւնը զարգացնելու փոխադարձ պատրաստակամութեան համար` վստահեցնելով, որ Հայաստանի պաշտպանութեան նախարարութեան հետ գոյացած է իւրայատուկ համագործակցութիւն, եւ երկկողմանի ջանքերով այսուհետեւ եւս պիտի շարունակուի աւելի ամրապնդել ու խորացնել հայ-յունական զինուորական փոխադարձ գործակցութիւնը` ռազմական ու խաղաղապահութեան վերաբերող:

Հանդիպման ընթացքին անդրադարձ կատարուած է շրջանի, ինչպէս նաեւ միջազգային անվտանգութեան արդի խնդիրներուն ու մարտահրաւէրներուն, Լեռնային Ղարաբաղի տագնապի խաղաղ լուծման բանակցային հոլովոյթի ներկայ հանգրուանին:

 

 

Նախորդը

Թուրքիոյ Եւ Ազրպէյճանի Պաշտպանութեան Նախարարներու Հանդիպում Պոլսոյ Մէջ

Յաջորդը

Միացեալ Նահանգներու Քոնկրեսականները Դռնփակ Նիստի Ընթացքին Ղարաբաղեան Հիմնահարցին Վերաբերեալ Հարցումներ Պիտի Ուղղեն Ուորլիքին

RelatedPosts

Հրապարակուեցան Տեղական Ինքնակառավարման Ընտրութիւններուն Պաշտօնական Արդիւնքները
Հայկական

Հրապարակուեցան Տեղական Ինքնակառավարման Ընտրութիւններուն Պաշտօնական Արդիւնքները

October 27, 2026
Հայ Դատի Կեդրոնական Գրասենեակը  Կը Ներկայացնէ Ռուբէն Վարդանեանի Գործին  Վերաբերեալ Իրաւական Ժողովածու
Գլխաւոր լուրեր

Հայ Դատի Կեդրոնական Գրասենեակը Կը Ներկայացնէ Ռուբէն Վարդանեանի Գործին Վերաբերեալ Իրաւական Ժողովածու

October 27, 2026
Պայրամով. «Հայ Հասարակութիւնը Պէտք Է Ընդունի,  Որ Խաղաղութիւնը Կարեւոր Է Թէ՛ Իր,  Թէ՛ Ալ Ազրպէյճանական Հասարակութեան Համար»
Գլխաւոր լուրեր

Պայրամով. «Հայ Հասարակութիւնը Պէտք Է Ընդունի, Որ Խաղաղութիւնը Կարեւոր Է Թէ՛ Իր, Թէ՛ Ալ Ազրպէյճանական Հասարակութեան Համար»

October 27, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.