Լիբանանի մէջ Թուրքիոյ դեսպան Չաղաթայ Էրճիյես երէկ այցելեց հաղորդակցութեան միջոցներու նախարար Պութրոս Հարպի, որուն հետ քննեց Լիբանանի եւ Թուրքիոյ միջեւ երկկողմանի յարաբերութիւնները, յատկապէս` հաղորդակցութեան մարզին մէջ: Խորհրդակցութիւնները ընդգրկեցին նաեւ շրջանի այժմու իրավիճակը:
Նաեւ` Ալեն Աուն
Շրջանի եւ յատկապէս Լիբանանի ընդհանուր իրավիճակն ու մասնաւորաբար նախագահական ընտրութեան առնչուող ծալքերը առանցքը կազմեցին նաեւ նախարար Հարպի եւ Փոփոխութիւն եւ բարեկարգում համախմբումի անդամ երեսփոխան Ալեն Աունի միջեւ տեղի ունեցած խորհրդակցութեանց` վերջինիս նախարար Հարպին տուած այցելութեան ընթացքին: