Քալամունի մէջ ՏԱՀԵՇ-ի հոգեւոր դատաւոր Ապու Ապտալլա Ամեր սպաննուեցաւ Հըզպալլայի մարտիկներուն կողմէ կատարուած հրթիռարձակման գործողութեան մը ընթացքին` Ռաս Պաալպեքի բարձունքներուն մօտ:
Հըզպալլայի մարտիկները նոյն միջոցին երկրորդ գործողութեամբ մը ծանրօրէն վիրաւորած են դէպքին վայրը հաւաքուած ՏԱՀԵՇ-ի զինեալները, յատկապէս Տրղամ կոչուող անոնց ղեկավարը: