Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Հակառակ Քուլիսային Սերտ Շփումներուն. Սպասողական Վիճակ` Քաղաքական Թէ Ընկերային Հարցերու Վճռումին Գծով

December 15, 2015
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Տօնական օրերու նախօրեակին, երբ քաղաքացիք մանուկներու նման կը սպասեն երկրի առօրեան յուզող հարցերու լուծման միտող  «կաղանդչէքի աւետիս»-ներու, հարցերը կը մնան տեղքայլի մէջ: Փաստօրէն, հակառակ քուլիսներու ետին կայացող սերտ խորհրդակցութիւններուն, կը թուի, թէ երկրի քաղաքական թէ ընկերային հիմնահարցերուն վճռումը տակաւին առկախ վիճակի մէջ է` սպասելով  յայտարարուող ժամկէտներու թէ ցուցաբերուող կեցուածքներու գործադրութեան: Քաղաքական հիմնահարցերուն մէջ առաջնակարգ տեղ գրաւող` նախագահական ընտրութեան գծով «Մարատա» հոսանքի նախագահ, երեսփոխան Սլէյման Ֆրենժիէի թեկնածութեան արծարծումը, հակառակ իր առթած անակնկալին, դարձեալ անորոշ մթնոլորտ ստեղծեց նախագահական ընտրութեան վաղուան նիստին արդիւնքին գծով: Արդարեւ, գաղտնիք չէ, որ այս հարցը տարակարծութիւն ստեղծեց խնդրոյ առարկայ կողմերուն` Մարտ 8-ի եւ Մարտ 14-ի անդամներուն միջեւ: Աւելի՛ն, տարակարծութիւնները ակներեւ են նոյնինքն միեւնոյն խմբակին մէջ: Յայտնապէս, այն միջոցին, երբ Մարտ 14-ի ղեկավար դէմքերէն` նախկին վարչապետ Սաատ  Հարիրիի մօտիկ աղբիւրներ կը հաստատեն Ֆրենժիէի թեկնածութեան արծարծումի լրջութիւնը, անդին նոյնինքն Մարտ 14-ի անդամ մէկէ աւելի աղբիւրներ կ՛ակնարկեն հակառակ քայլերու` որոշ վերապահութիւն ցուցաբերելով զանազան պիտակներու տակ: Այս դիտանկիւնէն պէտք է ըմբռնել օրինակ Լիբանանեան ուժեր կուսակցութեան փոխնախագահ Ժորժ Ատուանի այն յայտարարութիւնը, թէ իր կուսակցութիւնը նախ կ՛ուզէ իմանալ նախագահական թեկնածուի ծրագիրը եւ ապա կեցուածք ճշդել, անկախ թեկնածուի ինքնութենէն: Միւս կողմէ, Փոփոխութիւն եւ բարեկարգում համախմբումի անդամ, երեսփոխան Ֆարիտ Խազեն երէկ «Ախպար Եաում» լրատուական գործակալութեան կատարած իր յայտարարութեամբ հաստատեց Ֆրենժիէի թեկնածութեան լրջութիւնը` միաժամանակ նշելով այս գծով  խնդրոյ առարկայ կողմերուն միջեւ համախոհութեան բացակայութիւնը: Առ այդ, հայեացքները սեւեռած են վաղը` չորեքշաբթի օր տեղի ունենալիք նախագահական ընտրութեան 33-րդ նիստին վրայ, որ ըստ իրազեկ մեկնաբաններու` դարձեալ «ձեռնունայն» դուրս պիտի գայ` սպասելով այս գծով ցուցաբերուող կեցուածքներու  «հասունացման»:

Նաեւ` Ընկերային Եւ Յարակից  Հարցերու Գծով

 

sbas-1_121415
Աքրամ Շեհայէպ

Կացութիւնը նոյնն է նաեւ երկրի ընկերային  թէ առնչակից հարցերու լուծման գծով: Փաստօրէն, վերջին ամիսներուն գլխաւոր մտահոգութիւն դարձած` աղբակոյտերու հարցին վճռումը տակաւին կը սպասէ պատկան կողմերու վճռական որոշումին: Արդարեւ, այն միջոցին, երբ երկրագործութեան նախարար Աքրամ Շեհայէպ երէկ այս գծով կատարած իր յայտարարութեամբ քաղաքացիներուն «աւետեց», թէ վաղը` չորեքշաբթի օրուան նախարարական նիստին պիտի վճռուի աղբերու երկրէն հեռացման հարցը, անդին «Մանար» պատկերասփիւռի կայանը երէկ երեկոյեան իր լրատուութեամբ հերքեց նման հաւանականութիւն մը` նշելով, թէ ցարդ յստակ  բան չկայ այս հարցի մանրամասնութեանց խրթնութեան բերումով եւ թէ խնդրոյ առարկայ նախարարները տակաւին կը սերտեն առնչակից թղթածրարները: Այլ օրինակ մը` «Հոտերնիդ ելաւ» արշաւի յայտարարութիւնը, որ ընդվզելով ընկերային պահանջներու պարզած ցարդ առկախ ու անլոյծ վիճակէն, կոչ ուղղեց յառաջիկայ շաբաթ համախմբուելու Ռիատ Սոլհի հրապարակին վրայ` առ ի բողոք:

Այս եւ նման քաղաքական թէ ընկերային հարցեր կը սպասեն պատկան մարմիններու վճռական  եւ գործնական լուծման քայլերուն, արդարացնելու համար քաղաքացիներու «կաղանդչէք»-ի ակնկալութիւնները:

 

 

Նախորդը

Լիբանանեան Դատական Իշխանութեան Կողմէ Արգելափակուելով` Հանիպաալ Քազզաֆի Խոստովանեցաւ Իր Ընտանիքին Մեղսակցութիւնը Իմամ Մուսա Սատրի Առեւանգման Հարցին Գծով

Յաջորդը

Գիտաժողով ՀՅԴ 125-Ամեակի Առիթով

RelatedPosts

Կառավարութեան Գործունէութեան  Ընդհանուր Քննարկման Խորհրդարանական Նիստը  Այսօր Եւս Կը Շարունակուի
Գլխաւոր լուրեր

Կառավարութեան Գործունէութեան Ընդհանուր Քննարկման Խորհրդարանական Նիստը Այսօր Եւս Կը Շարունակուի

September 16, 2026
Բագրատունի Այցելեց Լիբանանի Մէջ  Ճափոնի Դեսպանին
Գլխաւոր լուրեր

Բագրատունի Այցելեց Լիբանանի Մէջ Ճափոնի Դեսպանին

September 16, 2026
Նախագահ Աուն. «Միջազգային Ընտանիքը  Հրաւիրուած Է Միջամտելու` Արգիլելու  Համար Իսրայէլի Բռնարարքները»
Գլխաւոր լուրեր

Ընդհանուր Դատախազութիւնը Պէյրութի Նաւահանգիստի Պայթումին Հարցով Պահանջեց Ամբաստանել Նախկին Նախագահ Միշէլ Աունը

September 16, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.