Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Լիբանանեան Դատական Իշխանութեան Կողմէ Արգելափակուելով` Հանիպաալ Քազզաֆի Խոստովանեցաւ Իր Ընտանիքին Մեղսակցութիւնը Իմամ Մուսա Սատրի Առեւանգման Հարցին Գծով

December 15, 2015
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

hani_121415

Շիի կրօնապետ եւ «Ամալ» շարժումի հիմնադիր իմամ Մուսա Սատրի անյայտացումէն 37 տարիներ ետք առաջին անգամ ըլլալով ամբաստանեալ պատկան կողմերէն` Հանիպաալ Քազզաֆի երէկ խոստովանեցաւ իր ընտանեկան պարագաներուն, յատկապէս`  Լիպիոյ նախկին ղեկավար Մոամմար Քազզաֆիի եւ անոր զաւկին` Սէյֆուլ Իսլամի դերակատարութիւնը իմամ Մուսա Սատրի առեւանգման ու ցարդ անյայտացման թնճուկին մէջ:

Նշելով նաեւ Լիպիոյ օրուան բարձրաստիճան պաշտօնատարներէն Ապտել Սալամ Ժալլուտի մեղսակցութիւնը` Հանիպաալ Քազզաֆի բացայայտեց նաեւ, թէ այլ անձնաւորութիւն մը իմամ Մուսա Սատրի զգեստները հագուելով անցած է լիպիական սահմանը դէպի Իտալիա ուղղուելով: Ըստ լիբանանեան «Էմ.Թի.Վի.» պատկերասփիւռի կայանին,  ան նշած է նաեւ նշեալ անձնաւորութեան անունը, որ ներկայիս բարձր պաշտօն կը վարէ երկրին մէջ:

Հանիպաալ Քազզաֆի, որ իմամ Մուսա Սատրի առեւանգման թուականին տակաւին երեք տարեկան մանուկ էր, հետագային իր հօր կողմէ բարձր պաշտօնի վրայ նշանակուելով, քաջատեղեակ է այս հարցի ծալքերէն: Առ այդ, լիբանանեան դատական իշխանութիւնը յետ երկարատեւ հարցաքննութեան որոշեց արգելափակել զինք` «տեղեկութիւններ ծածկելու» յանցանքով: Նշենք, որ այս գծով իմամ Մուսա Սատրի ընտանիքը դատական հայց յարուցած էր Հանիպաալ Քազզաֆիի դէմ` պահանջելով անոր ձերբակալումը, իբրեւ իմամ Մուսա Սատրի անյայտացման հարցին մեղսակից:

 

 

Նախորդը

Ընկերային Հարցերը Դարձեալ Փողոց Կը Մղեն Լիբանանցիները

Յաջորդը

Հակառակ Քուլիսային Սերտ Շփումներուն. Սպասողական Վիճակ` Քաղաքական Թէ Ընկերային Հարցերու Վճռումին Գծով

RelatedPosts

Կառավարութեան Գործունէութեան  Ընդհանուր Քննարկման Խորհրդարանական Նիստը  Այսօր Եւս Կը Շարունակուի
Գլխաւոր լուրեր

Կառավարութեան Գործունէութեան Ընդհանուր Քննարկման Խորհրդարանական Նիստը Այսօր Եւս Կը Շարունակուի

September 16, 2026
Բագրատունի Այցելեց Լիբանանի Մէջ  Ճափոնի Դեսպանին
Գլխաւոր լուրեր

Բագրատունի Այցելեց Լիբանանի Մէջ Ճափոնի Դեսպանին

September 16, 2026
Նախագահ Աուն. «Միջազգային Ընտանիքը  Հրաւիրուած Է Միջամտելու` Արգիլելու  Համար Իսրայէլի Բռնարարքները»
Գլխաւոր լուրեր

Ընդհանուր Դատախազութիւնը Պէյրութի Նաւահանգիստի Պայթումին Հարցով Պահանջեց Ամբաստանել Նախկին Նախագահ Միշէլ Աունը

September 16, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.