Փոփոխութիւն եւ բարեկարգում համախմբումի նախագահ, երեսփոխան զօր. Միշել Աուն երէկ Ռապիէի մէջ ընդունեց Մուսթաքպալ հոսանքի երեսփոխան Հատի Հպէյշը, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան իրադարձութիւնները, յատկապէս նախագահական ընտրութեան վերաբերող հարցեր:
Հանդիպումէն ետք Հպէյշ յայտնեց, որ զօր. Աունի հետ հանդիպումը եւ խորհրդակցութիւնը օգտակար են` ընդգծելով, որ հանդիպումին ընթացքին երկու կողմերը շեշտած են երկրին քաղաքական կողմերուն միջեւ երկխօսութիւնը պահպանելու անհրաժեշտութիւնը, որպէսզի կարելի ըլլայ հասնիլ արդիւնքի մը եւ փրկել հանրապետութեան նախագահութիւնը:
«Զօր. Աուն հաստատեց, որ նախագահական ընտրութեան նպատակով ինք քաղաքական բոլոր ուժերուն հետ խորհրդակցելու պատրաստ է», ըսաւ Հպէյշ: